Եգիպտոսի մէջ յայտարարուած է եռօրեայ սուգ:«Ալ Ահլի» ֆութպոլի ակումբի երկրպագուները յայտարարած են, որ 2 փետրուարին Փորթ Սայիտի մէջ տիղի ունեցած անկարգութիւններուն իրենք չեն մասնակցած: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով՝ արաբական ahram.org.eg-ը, անոնց խօսքով երկրպագուները օգնութիւն ցոյց տուած են մահացածները եւ վիրաւորները տեղափոխելու հարցով: Անկարգութիւնները սկսած են «Ալ Միսրի»»-«Ալ Ահլի» հանդիպումի աւարտէն ետք, որուն հետեւանքով զոհուած են տասնեակ մարդիկ: Եգիպտոս յայտարարած է եռօրեայ սուգ:
«Իրականութիւնները ընդունելու փոխարէն, չմեծցող երեխաներու նման կը նախընտրենք զանոնք ժխտել»: ըսած է վերլուծաբանը:Ամերիկացի նշանաւոր գրող Փօլ Օսթեր օրեր առաջ յայտարարած էր, որ Թուրքիա պիտի չ՛այցելէ, որովհերեւ այդ երկրին մէջ չկայ խօսքի ազատութիւն, եւ այս օրերուն, մեծ թիւով լրագրողներ կը գտնուին բանտերու մէջ: Ի պատասխան այս յայտարարութեան, Էրտողան «անգրագէտ» անուանած էր Օսթերին եւ ըսած էր, որ իր այցելութիւնը Թուրքիոյ բնաւ չի հետաքրքրեր: Թուրք վերլուծաբան Ճունէյթ Օզտեմիրի խօսքերով, ամերիկացի գրողի յայտարարութիւնը ճիշդ է: Ան ցաւով նշած է, «Մեր օրերուն, շատ թուրք լրագրողներ կը ձերբակալուին, որմէ ետք անոնք կը մեղադրուին այս կամ այն կազմակերպութեան աջակցելու յանցանքով: Ժխտողականութիւնը դարձած է երկրի պաշտօնական քաղաքականութեան գործերէն մէկը: Իրականութիւնները ընդունելու փոխարէն, չմեծցող երեխաներու նման կը նախընտրենք զանոնք ժխտել»: ըսած է վերլուծաբանը:
Իրան յայտարարած է հետազօտական արբանեակի արձակման մասին:Իրանի մէջ յաջողութեամբ արձակուած է «Նավիտ» հետազօտական արբանեակը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին հաղորդած է Agence France Press-ը, վկայակոչելով՝ Իրանի «Ալ Ալամ» արբանեակային հեռուստաալիքը: Արբանեակի առաքելութեան նպատակը՝ Երկրի մակերեւոյթը ուսումնասիրելն է:
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
Ցոյցի Ժամանակ` Եգիպտոսի Մէջ 
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1  | 1,504.00 |
1  | 0.76 |
1  | 389.26 |
| 1 քլկ. արծաթ | 1,176.53 |
| 1 օնց. ոսկի | 1,778.45 |