- Խմբագրական Դեկտեմբեր 31 2011
ԱՊՐԻԼ ՈՒ ԳՈՐԾԵԼ Ի ԽՆԴԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԻՏԷԱԼՆԵՐՈՒՆ
Մեր թուականութեան 2011-րդ տարին եւս պատմութեան անցաւ, իր անդոհալից ու յուսալից պահերով, իր տխրութիւններով եւ ուրախութիւններով, իր յաղթանակներով ու հիասթափութիւններով:
Արդարեւ ժամանակաշրջանի մը իրատես պատմութիւնը կարելի է գրել, համաշխարհային ու ազգային դէպքերու եւ տարուած աշխատանքներու անկողմնակալ ու արդար գնահատումովը, միայն ժամանակի հեռաւորութենէն դիտուած, երբ դադրած են այլեւս նոյն շրջանի հարցերուն շուրջ ստեղծած ամէնօրեայ մղուած պայքար֊ները, երբ նոյնիսկ անետացած են դերակատարները: Բայց նոր տարուայ մը սեմին կարելի է ընդհանուր պատկերը տալ անցեալ շրջանի կարեւոր իրագործումներուն եւ հիմնական խնդիրներուն, ջանալով վեր առնել անոնց դրական ու բացասական կողմերը:
Տարակոյս չկայ, թէ ազգային մեր ընդհանուր պատմութեան մէջ իր կարեւոր տեղը կը գրաւէ Սփիւռքի հայութեան պատմութիւնը:Շատ հաւանաբար ապագայի պատմաբանը մեր ժողովուրդի այս ժամանակաշրջանի կեանքին մեծագոյն յատկանիշներէն մին պիտի նկատէ այն հսկայական ճիգը, որ տարուեցաւ Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, յատկապէս դիւանագիտականօրէն` իմա Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Էտուար Նալպանտեանի ու վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պէտերու կողմէ ի գործ դրուած այն վիթխարի աշխատանքը, որ կը տարուի ի սփիւռս աշխարհի, յատկապէս հայ գաղութներէն ներս, պահպանելու համար մեր ազգային ինքնու֊թիւնը, նկարագիրը եւ ոգին: Այս բոլոր աշխատանքները կը տարուին հակառակ ազգային գոյատեւման տեսակէտէն մեզ շրջապատող դժուարին պայմաններուն եւ ազգայնականօրէն աննպաստ կացութիւններուն, ինչպէս նաեւ հակառակ բազմաթիւ բացասական երեւոյթներուն, ուժերուն եւ դիրքաւորումներուն:
Վերոյիշեալ տարուան ընթացքին, մեր ազգային կեանքէն ներս կայացան խիստ կարեւոր դէպքեր, որոնցմէ ոմանք արձանագրուե֊ցան որպէս պատմական երեւոյթներ, իսկ ոմանք ալ կը կարօտին առաւել լուրջ եւ ծրագրուած աշխատանքի ու ժամանակի:
Կը հաւատանք, թէ Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան գոյութեան, գոյատեւման ու բարգաւաճման հիմնական պայմանն է համաշխարհային խաղաղութիւնը, ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի անդորրը: Թէեւ անցեալ շրջանին եւս գաղութներու մէջ խռովարա֊րութեան ու ապստամբութեան արիւնալի պատմութիւնները եզրա֊կացութեան չյանգեցան եւ մեր հայրենակիցները ցարդ կ՛ապրին որոշ ճգնաժամային օրեր, սակայն ողջ հայութիւնը գէթ բարոյապէս սատար կը կանգնի գաղթահայութեան:
Նոյեմբերի սկիզբը պատմական Հայաստանի Վան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, ակամայ մեզի յիշեցնել տուաւ 1988-ի այն ահաւոր երկրաշարժը, որ աւերեց հայրենական երեք գեղեցիկ քաղաք֊ներ ու բազմաթիւ գիւղեր: Սպիտակի երկրաշարժին ժամա֊նակ, հակառակ որ Սովետական աշխարհին հետ այդ ժամանա֊կաշրջա֊նին տարաձայնութիւններ կային, սակայն ոչ միայն ռուսեր, այլեւ ամբողջ աշխարհը կանգնեցաւ մեր կողքին, որուն համար երախ֊տապարտ ենք մեծապէս, սակայն երբեք նոյնը չեղաւ Ինտոնե֊զիոյ եւ Ճափոնի երկրաշարժներուն ժամանակ: Իսկ Վանի երկրա֊շար֊ժի պարագային Թուրքիոյ պատասխանատու մարդիկ կը մտա֊ծէին, թէ պէ՞տք է ընդունէին դուրսէն առաջարկուած օժանդա֊կու֊թիւնը կամ ոչ ... ուստի յանուն «քաղաքականութեան» մարդիկ կը նախընտ֊րէին «իրենց» աղէտի գօտիի բնակիչները սառնա֊մանիքներու տակ ձիւնածածկ ձգել, մինչեւ որ կարենան որոշում կայացնել օժանդակութիւնը ընդունիլ-չընդունելու կապակցութեամբ: Մարդկային «ջերմ» յարաբերութիւնները իրենց տեղը կը զիջէին դիւանագիտութեան սառ հաշուարկումներուն:
Վանի երկրաշարժը եւս որքան ցնցեց տեղացի քիւրտ ազգա֊բնակչութիւնը, նոյնքան նաեւ մեզ` հայերս, երբ տակաւին տարի մը չէր անցած Աղթամարի վերաշինութեան, մինչ այդ կը փլէր հայկական ճարտարապետական կոթող մը եւս` Առաքելոց վանքը:
Համայն հայութիւնը անհուն հպարտութեամբ ողջունեց Արցախի եւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան 20-րդ տարեդարձը: Ազգային ու հայրենասիրական զգացումներով համակուելու եւ Հայրենիքով կրկին անգամ խանդավառուելու եւ հպարտանալու առիթ մը եղաւ ան բոլորին համար անխտիր: Բացարձակ իրողութիւն է սակայն, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Հայ Դատի յանձնա֊խումբեր ոչինչ խնայեցին միջազգային ատեաններէն հայուն ձայնը լսելի դարձնելու, Հայոց Դատի կապակցութեամբ արդարութիւն պահանջելու: Նախքան տարեշրջանի վերջալոյսը դիմաւորելը խան֊դավառութեամբ ողջունեցինք Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի կողմէ ընդունումը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէակա֊նացնող օրինագիծը, որուն համաձայն Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանու֊թիւնը ժխտողները պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուէին:
Հաճոյքով պէտք է հաստատել, թէ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովն ու անոր ստեղծած բոցաշունչ ոգին, միջազգային կեանքէն ներս յառաջ բերին մարդկային իրաւանց հարցերու նկատմամբ արդարութեան հաստատման որոշ մթնոլորտ: Մեծ գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք, թէ խաղաղութեան եւ շինարար աշխատանքի տարի մը եւս բոլորեց Հայաստանի եւ Սփիւռ֊քի մեր ժողովուրդը: Անոնք որոնք մօտէն կամ հեռուէն հետեւեցան քաղաքական, մշակութային, եկեղեցական, մարզական կամ գիտա֊կան մեր ազգային կեանքին, կրնան իսկական իմաստն ու տարո֊ղութիւնը գնահատել անցնող մեր ազգային տարեշրջանի իրողու֊թեան: Ազգովին վերանորոգուեցանք ի տես հպարտառիթ մեր ազ֊գային իրադարձութիւններուն հաւատալով, որ մենք ժառանգորդ֊ներն ենք աւանդականին, այն հզօր հինին, որուն խորը արմատներ արձակած է մեր ազգային պատմութիւնը: Ահա թէ ինչու ազգովին, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պարտաւորութիւնը ունինք վերանորոգելու հինը, ձգտելով լաւագոյնին` նորին, սակայն առանց ուրանալու հինը եւ անոր պատմական արժէքները:
Մեր սրտալից մաղթանքն է, որ բացուող Նոր Տարին մեր ժողո֊վուրդին համար ըլլայ ազգային միասնականութեան տարի, Հայաս֊տանի Հանրապետութեան առաւե՛լ հզօրացման տարի: Իւրաքան֊չիւր հայու սրբազան պարտականութիւնը ըլլայ առաւել բուռն թափով լծուիլ հայապահպանումի նուիրական աշխատանքներուն եւ ոչինչ խնայել հասնելու համար մեր «Մեծ Երազ»ին: Շնորհաւոր Նոր Տարի բոլորին` ա՛յս ոգիով:
Զ.
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































