- Խմբագրական .ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑ ՈՐ ԴԵՌ ԵՐԿԱՐ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ /Բ.

Քաղաքական կնճռոտ բազմաթիւ հարցերու պատասխաններ տրուեցան Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի ելոյթներու ընթացքին: Ամենաբարձր ամպիոններէն հնչեցին բազմաթիւ պատասխաններ յստակօրէն ու տպաւորիչ. իսկ ամենակարեւորը`մատնանշուեցան ճիշդ հասցէատէրերը անուն առ անուն, առանց որեւէ դիւանագիտական վերապահման: Այսքանէն ետք ոչ թէ դժուար, այլ անհնար կը թուի ըլլալ այդ երեւոյթները իւրովի մեկնաբանելը, որովհետեւ նոյնիսկ աշխարհաքաղաքական տարատեսակ ուժերու սպասարկու, ոչ բարի կամքի տէր տեղեկատուական աճպարարներու համար ամէն ինչ ըսուած էր աւելի քան պարզ, յստակ եւ առաւելագոյն`մատչելի կերպով:
Սակայն նոյնիսկ այդ պարագաներու ծիրէն ներս, երբ առաւելագոյն աստիճանի մակարդակի վրայ էր անկեղծութեան ու յստակութեան դրսեւորումը`իր դիպուկութեամբ եւ անբեկանելի հաստատակամութեամբ կ’առանձնանային արցախեան հիմնախնդիրին շուրջ տրուած երկու երկիրներու նախագահներուն պարզաբանումները, որոնք նաեւ անցնելիք ճանապարհներուն համար յատուկ ուղենիշներ էին`իրենց երկիրներու արտաքին գերտեսչութիւններու եւ ընդհանրապէս արցախեան հիմնախնդիրին այս կամ այն կերպ առընչուող պետական բոլոր կառոյցներուն:
Իսկ այն պարագան, որ այսպիսի հիմնախնդիր իրողութեան մէջ գոյութիւն չունի եւ որ այն Ազրպէյճանի ու անոր շուրջ պտըտող կեղծ արբանեակներու հիւանդ երեւակայութեան արդիւնքն է եւ իրենց անճարակութիւնը սեփական ժողովուրդէն անյաջող կերպով պահելու քաղաքական աժանագին գովազդ`պարզապէս անոնք ալ լաւ կը հասկնան, որոնք արհեստականօրէն կ’ուռճացնեն մօտ քսան տարիներ առաջ վերջնականօրէն լուծուած խնդիրը:
Հերոսական Արցախը շատոնց արդէն նուաճած է ազատ ապրելու իր իրաւունքը եւ դժուար ըմբռնողներու կամ քաղաքական կուրութեամբ տառապողներու համար վաւերացած է ան`իր դէմ սանձազերծուած պատերազմի յաղթական աւարտով, որուն տակ ի դէպ իր ստորագրութիւնը կնքած է Ազրպէյճանի մէջ պաշտամունքային միակ կուռքի վերածուած ՙաշխարհի բոլոր ազերիներու հայր՚ Հայտար Ալիեւը: Սակայն այս պարագային կարծէք թէ պտուղը ծառէն շատ հեռու ինկած է եւ ազրպէյճանական նաֆթի հոտ առած տարածաշրջանային շարք մը գիշատիչներ, ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն օգտուելու համար անկէ եւ լարուածութեան մէջ պահելու տարածաշրջանը`խտրականութիւն չդնելով միջոցներու մէջ:
Այդ միջոցներէն թերեւս ամէնադիւրինը, սակայն ամենապայթիւնաւոր եւ վտանգաւորը այլեւս գոյութիւն չունեցող խնդիրին միջ-կրօնական հակամարտութեան երանգաւորում տալն է, ինչ որ երբեմն բացայայտ լկտիութեամբ կը փորձեն ընել տարածաշրջանային բախտախնդիրները:
Նման շահարկումներուն միանգամ ընդմիշտ վերջ դնելու համար, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան`Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդարանական մակարդակով ճանչցած ըլլալուն համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Լիբանանի նախագահին, կրկին անդրադարձ կատարեց այդ հարցին.
- ՙՆշեցի, որ Ազրպէյճանը յամառօրէն փորձում է իսլամական երկրների շրջանակում հակամարտութիւնը ներկայացնել կրօնական հակասութիւնների լոյսին ներքոյ: Կարծում եմ, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ նաեւ հակամարտութեան պատճառներէն քիչ թէ շատ ծանօթ լինելու դէպքում անհնար է հաւատալ նման անհեթեթութեանը, այդուհանդերձ նման մօտեցում կը համարենք խիստ վտանգաւոր, քանի որ կան նաեւ այդ մանրամասնութիւններուն անծանօթ շրջաններ, եւ նման հակահայկական քարոզչութիւնը կրնայ անհետեւանք չանցնիլ: Այս հարցին մէջ եւս կարեւոր է բարեկամ պետութիւնների անաչառ եւ անկողմնակալ կեցուածքը, քանզի իւրաքանչիւր անհաւասարակշիռ քայլ նպաստում է տարածաշրջանային փխրուն հաւասարակշռութեան եւ կայունութեան խախտմանը՚:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կոչ կ’ուղղէ անաչառ եւ անկողմնակա կեցուածքի եւ ո՛չ թէ պաշտպանութեան կամ առաւել եւս սատար կանգնելու: Պատմական արդարութիւնը թէեւ երբեմն ուշացած, բայց միշտ ալ ամենազօրեղ կռուանն է քաղաքական որեւէ հարցի լուծման պարագային, որուն միանշանակօրէն կ’ապաւինի Հայաստանի նախագահը:
Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի ամբողջական ելոյթին կորիզը կը հանդիսանար այդ պարզ ճշմարտութեան լաւագոյն ապացոյցը, որովհետեւ անոր ելոյթը նպատակասլաց է եւ դիւանագիտական տարատեսակ ու փայլփլուն արդուզարդէ հեռու, որովհետեւ պատմական արդարութեան անունով խօսողները աւելորդ պճնանքի կարիք երբեք չեն կրնար զգալ:
ՙԼիբանանի Հանրապետութիւնը, - իր ելոյթին մէջ նշեց Միշէլ Սըլէյման, - Իսլամական Համաժողովի Կազմակերպութեան (ԻՀԿ) մէջ դէմ կ’ըլլայ նման որոշումի մը ընդունման, որ կը հակասէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շահերուն: Լիբանանի դիրքորոշումը միշտ եղած է ու կը մնայ այսպիսին`մենք դէմ կ’ըլլանք ԻՀԿ-ի մէջ որոշման ընդունման, եւ այդ պարագային, երբ Հայաստանը կամ Լեռնային Ղարաբաղը քննադատութեան կ’ենթարկուին: Ղարաբաղեան հարցը պէտք է կարգաւորուի միջազգային իրաւունքի եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ: Ես կը փափաքէի, որ համաշխարհային տէրութիւններ ամէն ճիգ ի գործ դնեն, որպէսզի նման հարցեր`ինպիսին են պաղեստինեանն ու ղարաբաղեանը, խաղաղ ճանապարհով յանգին իրենց խաղաղ լուծումին: Եթէ մենք կարենանք լուծել տարածաշրջանային հակամարտութիւնները, մենք կրնանք յաղթել նաեւ միջազգային ահաբեկչութեան՚:
Ամէն կասկածէ վեր է, որ երկու հանրապետութիւններու նախագահներուն կողմէ տրուող այս մանրամասն բացատրութիւնները կամ պարզաբանումները տեղի կ’ունենան յատուկ հասցէատէրերու համար: Ասկէ աւելի ճշմարիտ ու պարզ բացատրելու ճիգ կը թափուի միայն նախակրթական դպրոցներու մէջ խիստ կասկածելի յառաջդիմութիւն ունեցող աշակերտներուն եւ աւելի քան համոզուած ենք, որ զոյգ նախագահները ամենայն յստակութեամբ յայտնեցին իրենց միտքերը:
***
Ամբովախարութեան սիրահար որոշ երկիրներու նախագահներ կամ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ու գործիչներ թերեւս մտածեն, թէ նման քաղաքական ելոյթներ կարելի կ’ըլլայ ունենալ միայն բազմահազարնոց հանրահաւաքներու ժամանակ, նկատի ունեանլով ծափահարողներու մեծ քանակն ու իրենց չեղած վարկանիշի արհեստական բարձրացումը:
Դժբախտաբար մեծաւ մասամբ այդպիսին է այսօր աշխարհաքաղաքական դաշտը, որոնցմէ իրենց ելոյթներով անսահմանօրէն վեր կանգնեցան երկու երկիրներու նախագահները: Անոնք խիզախօրէն վեր կանգնեցան, որովհետեւ այնտեղ ուր պատմական բացայայտ ճշմարտութիւններն են, ամբոխավարութիւնը եւ առաւել եւս նաֆթի գրգռիչ հոտը ոչ մէկ կերպով կրնան առընչուիլ իրարու հետ:
Ճշմարտութիւնն է միակ բարձրաձայն արձագանգողը:
ՙԶ.՚
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































