- ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑ ՈՐ ԴԵՌ ԵՐԿԱՐ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ
Ա.
Շատ մեծ էր աշխարհաքաղաքական տարբեր կեդրոններու հետաքրքրութիւնը Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարուած պաշտօնական այցելութեան շուրջ: Աշխարհաքաղաքական տարբեր բեւեռներու քաղաքական վերլուծութիւններու կեդրոններու մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնները անշուշտ դեռ մօտիկ ապագային կ’արձագանգեն, սակայն նոյնիսկ բազմաթիւ տեղեկատուական միջոցներու սեղմ ու զուսպ հաղորդագրութիւնները կու գան ապացուցելու, որ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայացած հանդիպումները երբեք կարելի չէ դասել ՙսովորական՚ կամ ՙծրագրային՚ հանդիպումներու շարքը:
Թէ՛ ժամանակագրական եւ թէ առաւել եւս իմաստային առումներով գերյագեցած այդ հանդիպումները, Հայաստանի եւ Լիբանանի նախագահներուն ծրագրային ելոյթները ո՛չ այլ ինչ էին, քան երկու երկիրներու քաղաքական, նոյնիսկ ալ աւելինª մերձեցման յստակ ճանապարհներու ուղենիշեր: Թէեւ բազմապիսի, բովանդակալից ու երկուստեք խիստ շահաւէտ էին տնտեսութեան, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ ստորագրուած համաձայնագիրները, բայց ամենակարեւորը համաշխարհային առաջատար լրատուամիջոցներու ամենատես հայեացքները սեւեռուած էին ամենաբարձր մակարդակներով տեղի ունեցող բանակցութիւններու քաղաքական կողմին վրայ:
Անկեղծօրէն պէտք է ըսել, որ այսպիսի ՙուշադրութեան՚ համար պատճառները շատ աւելի էին, քան նախապէս կ’ենթադրուէին տարբեր վերլուծական կեդրոններու կողմէ եւ այս հանդիպումներուն հետ կապուած վերլուծութիւններու մէջ բնական է, որ շատ անգամ պիտի հնչէ ՙմիակ կամ առաջին անգամ՚ բառակապակցութիւնը: Պիտի հնչէ, որովհետեւ արարողակարգային եւ դիւանագիտական փոխադարձ ելոյթներու ընթացքին բարձրաձայն ըսուեցան նաեւ իրենց անկեղծութեամբ այնպիսի առինքնող միտքեր, որոնք որպէս իւրօրինակ դիւանագիտական ուսուցման դասագիրք կրնային ծառայել բոլոր անոնցª այն մեծ ու փոքր քաղաքական գործիչներուն, որոնք կը շարունակեն քաղաքականութիւն խաղալ իրենց հասկցած ձեւով:
Պաշտօնական այցի շրջանակներուն մէջ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սըլէյման ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին, այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հանդիպեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, գտնուեցաւ Մատենադարան ու ծանօթացաւ հայ մատենագրութեան գոհարներուն, հանդիպեցաւ եւ աշխատանքային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ: Այցի շրջանակներուն մէջ ՙՀայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Լիբանանի հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ 2012-2014 տարեշրջաններուն համար մշակութային համագործակցութեան մասին՚ գործնական ծրագիր մշակուեցաւ, յուշագիրներ ստորագրուեցան ՙՀայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ շրջակայ միջավայրի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին՚ եւ ՙՀայաստանի Հանրապետութեան տնտեսագիտութեան նախարարութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան միջեւ եւայլն...:
Ստորագրուած այս բոլոր յուշագիրներն ու համաձայնագիրները անշուշտ շատ կարեւոր են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին, թերեւս յատուկ յօդուածի նիւթ դառնայ նաեւ, բայց այսօր անոնցմէ միայն երկուքին վրայ կեդրոնանալը ուշագրաւ է եւ անոնք, ինչպէս արդէն կռահեց ընթերցողը` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի հանդիպումներն են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ: Կարեւոր են, որովհետեւ այդ հանդիպումներուն ժամանակ, ըստ էութեան տրուած են քաղաքական բոլոր կնճռոտ հարցերու գնահատականներն ու պատասխանները, որովհետեւ ճիշդ այդ հանդիպումներու ընթացքին պարզաբանուեր են այն մօտեցումները, որոնք Սերժ Սարգսեանն ու Միշէլ Սըլէյմանը պատրաստուած են դարձնել իրենց քաղաքական կողմնացոյցը` տարածաշրջանային բարդ խնդիրները լուծելու ճամբուն վրայ:
Թերեւս կ’արժէ թռուցիկ ակնարկ մը նետել տարածաշրջանային ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք տեղի կ’ունենային, մինչ երկու նախագահները հանդիպում կ’ունենային, նաեւ այդ հանդիպման ընթացքին եւ տեղի պիտի ունենան այդ հանդիպումներէն ետք:
Արձանագրենք` Լիբանանը միակ արաբական պետութիւնն է, որ իր խորհրդարանով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Լիբանանանի մէջ կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն մէկը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, եւ աշխարհի հայ կաթողիկէներու կեդրոն` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանականներու Կեդրոնը:
Եւ վերջապէս Լիբանանի մէջ կը գտնուի նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական այն գաղութը, որ նոյնիսկ լիբանանեան պատերազմի ամենադժնդակ օրերուն մնաց բազմադարեան հայ ոգիի ու հաւաքական կամքի կրողը ու եթէ նոյնիսկ նոսրացաւ, բայց երբեք չջլատուեցաւ ու չխոնարհեցաւ... եւ այսօր ալ կը շարունակուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մնալ ամենակազմակերպուած համայնքներէն մէկը, որ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունի ո՛չ միայն Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի, այլեւ Հայաստանի մէջ:
Այս ամէնուն մասին մենք քաջատեղեակ ենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:
Անշուշտ այս ամէնուն մասին տեղեակ է նաեւ լիբանանի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը:
Ամէն կասկածէ վեր է, որ մանրամասնօրէն տեղեկացուած են նաեւ այն երկիրները, որոնք ամէն կերպով կը ձգտին սեպ խրել այս աննախադէպ բարեկամութեան մէջ` տարածաշրջանային բորբոքող կրակի ընդմէջէն իրենց բաժին շագանակը ուրիշի ձեռքով հանելու համար:
Այս պարագային, պատմական դէպքերու այսպիսի զարգացման պայմաններուն մէջ, աւելի քան ասպետական էր Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի ելոյթը: Աւելի ասպետական էր մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնիսկ ներքաղաքական բազմաթիւ խնդիրներու եւ տարածաշրջանային շարք մը թնճուկներու առկայութեան պայմաններուն մէջ, կը մնայ քաղաքական առումով ամենակազմակերպուածը Կովկասեան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ եւ այսօր աւելի քան երբեք կարեւոր կը դառնայ անոր դիրքորոշման յստակ գնահատումը` այդ ալ ՙարաբական գարուններ՚ով քաոսի վերածուած տարածաշրջանին թերեւս ամենակայուն երկրին կողմէ:
Հայաստան այսօր, նոյնիսկ թշնամական անբարոյ շրջափակման պայմաններուն մէջ, յստակօրէն ցոյց կու տայ յուսալի քաղաքական գործընկեր ըլլալու իր ունակութիւնը եւ կը գերադասէ իր տարածքային խնդիրները լուծելու ընթացքին յենիլ միջազգային իրաւունքի եւ առողջ բանականութեան վրայ, այլ ո՛չ թէ աղքատ ազգականի պէս ասոր-անոր փակ դուռերը թակելով` մի քանի քաղաքական մանրուքներ ստանալու ակնկալիքով, որ իր արտաքին քաղաքականութեան անկիւնաքարը դարձած է` ի՛ր իսկ կողմէ սանձազերծած պատերազմի ընթացքին երիցս պարտուած Ազրպէյճանը կամ անոր հոգեւոր հայրիկը` Թուրքիան, որ սեփական անջնջելի մեղքերը թաքցնելու փոխարէն` այս կամ այն պետութենէն կը պահանջէ ներողութիւն խնդրել...:
Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի համապարփակ ելոյթները առաջին անգամ ըլլալով տուին այդ հարցերուն քաղաքական յստակ պատասխանները...:
ՙԶ.՚
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































