Zartonk

19 Մայիս

  • ԴԱԼԱՐ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ԷՋԸ


    ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ ԵՆ ԵՐԵՔ ԿԻՆԵՐ

     Այս տարուայ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակները յանձնուած են երեք հանրայայտ կանանց, որոնք մեծ դեր ունեցած են «Արաբական Գարնան» եւ Ափրիկէի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու ամրապնդման մէջ: Ինչպէս կը վկայակոչէ «Սի.Էն.Էն.»ը այս անգամ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրներ դարձած են Լիպերիայի նախագահ Էլեն Ճոնսոն Սիրլիֆը, Լիպերիոյ մէջ ընկերային աշխատող Լեյմա Կպովին եւ եմենցի լրագրող, իրաւապաշտպան Թաւաքիւլ Քարմանը:

    Այս երեք կիները ընտրուած են անարդարութեան եւ կանանց նկատմամբ սեռական ոտնձգութիւններու դէմ պայքարի համար:

    Անոնցմէ իւրաքանչիւրին Նորվեկիոյ նոպելեան յանձնաժողովը յանձնեց «Նոպելի Ոսկէ Մետալ», մրցանակը հաւաստող վկայական եւ 1.5 միլիոն տոլար:

    ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱԿԱՐԳՈՒՄԸ

     Յաճախ տունի գնումները կատարելու ընթացքին արտադրուած եւ ծախուող ուտելիքներու վրայ կը նկատէք զանազան ծանուցումներ, որոնցմէ կը յիշենք «low fat, light, low calorie, sugar free…», այս եւ նման այլ խորագիրներ կը բացայայտեն, թէ պատրաստուած ուտելիքը նուազ իւղ, շաքար, հետեւաբար քիչ քանակով ջերմուժ կը պարունակէ: Շաքարէ զուրկ եղող ուտելիքները ըսել չէ թէ բոլովին շաքար չեն պարունակեր, այլ անոնք շաքարի նման յատկութիւններ ունեցող քիմիական այլ նիւթերով փոխառինուած կ՛ըլլան, որպէսզի նոյն անուշ եւ հաճելի համը շարունակեն պահել: Հետեւաբար հարկաւոր է իւրաքանչիւր արտադրութեան բաղադրութեամբ հետաքրքրուիլ եւ ոչ միայն անոր վրայ յիշուած նշումներով խափուիլ: Թերեւս անոր մէջ շաքար չըլլայ բայց կրնայ ըլլալ շաքարի փոխարէն գտնենք իւղ պարունակող բաղադրութիւն մը:

    Սննդամթերքներու տարբեր տեսակները կրնաք հետեւեալ դասակարգումին մէջ խտացնել.

    1. Հաց, պիստակեղէն, ընդեղէն, որոնք անհատին ցած ջերմուժ եւ բարցր քանակով փրոթէին պարունակող ուտելիքի աղբիւր կը ներկայացնեն:

    2. Պտուղներ եւ բանջարեղէն, որոնք հանքային եւ բջիջային անհրաժեշտ կենսանիւթեր կը պարունակեն:

    3. Կաթնամթերքներ, որոնք արժէքաւոր փրոթէիններու խումբ մը կը մատուցանեն:

    4. Մսամթերքներ, հաւ եւ ձուկ, որոնք անհրաժեշտ կենդանական ճարպեր կապահովեն:

    5. Կենդանական եւ բուսական ծագում ունեցող ճարպեր, որոնք նոյնպէս անհրաժեշտ ջերմուժ կապահովեն մարմնին:

    Անհատի մը մարսողութեան համակարգէն ներս անընդհատ տեղի կ՛ունենան կազմաւորումի, նախափոխանակման եւ քայքայումի գործընթացները:

    Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ մարմինը 70 տարուայ կեանքի ընթացքին կը սպառէ մօտաւորապէս 50 թոն ջուր, 2.5 թոն փրոթէին եւ 0.2¬0.3 թոն աղ:

    ՔՆԱՆԱԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

    Քունը կենսաբնական անհրաժեշտութիւն է անհատին առողջապահութեան համար: Նոր օր մը աշխուժութեամբ սկսելու եւ լաւ տրամադրութիւն ապահովելու սիրոյն պէտք է բաւարար քնանալու ժամեր տրամադրած ըլլանք մեր մարմնին:

    Շատ կարեւոր երեւոյթ է օրական նոյն ժամուն քնանալն ու նոյն ժամուն արթննալը: Այս կանունաւորումը հարկաւոր է մարմնին կենսաբանական ներքին բնական ընթացքը չխանգարելու: Կարգ մը մարդիկ քնանալէ առաջ ուտելու սովորութիւն ստեղծած են պարզելով, որ առանց ուտելու քնանալը անհանգստութիւն կը պատճառէ իրենց: Մինչ իրականութեան մէջ նախընտրելի է անօթութեան պարագային ուտելիքի փոխարէն մէկ գաւաթ հիւթ խմել կամ կէս պանան ուտել: Լեցուն ու կուշտ ստամոքսը հանգիստ ու խոր քունի չի նպաստեր: Քնանալէ առաջ իւղոտ ճաշի գործածումն ու կազային ըմպելիքներու չարաշահումը մեծապէս մեր առողջապահութիւնը կը վնասէ եւ անքնութիւն կը պատճառէ: Անքնութենէ տառապող անհատները պէտք է խուսափին քաՖէյին պարունակող ուտելիքներու գործածումէն, յատկապէս սուրճի եւ մութ գոյն ունեցող թէյի չարաշահումէն:

    Հանգիստ եւ խոր քուն վայելելու համար կրնաք պանան, դեղձ, խնձոր, տանձ եւ սալոր ուտել քնանալէ կէս ժամ առաջ: Մեղրը նոյնպէս անօթութեան զգացումը կը բարատէ եւ հանգիստ քունի կը նպաստէ: Վերջապէս, պէտք է քնաբեր դեղահատներէ խուսափիլ մարմինը անոնց չվարժեցնելու համար:

    ՏԱՆՁԻՆ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

    Տանձը` խնձորի, սեխի եւ պանանի պէս ծարէն քաղուելէ ետք կը շարունակէ հասուննալ: Տանձը սննդարար պտուղ կը համարուի շնորհիւ պարունակած բնական շաքարի, փոթասիումի, սոտիումի, ՖոսՖորի եւ զինքին: Անոր սնունդի 10%¬ը շաքար է: Տանձը լաւագոյն սնունդն է րոմաթիզմէ տառապող հիւանդներու համար: Ան աղիքներու գործունէութիւնը կը մաքրէ ու կ՛աշխուժացնէ: Սակայն պէտք է նաեւ յիշել, թէ մեծ քանակով տանձ ուտելը կրնայ փորկամութիւն պատճառել:

    Տանձը յանձնարարելի պտուղ մըն է ազմա ունեցող, ինչպէս նաեւ արեան ճնշումի բարձր մակարդակէ տանչուող հիւանդներու համար: Առաւելաբար սննդագետները զայն յանձնարարելի պտուղ կը համարեն, յատկապէս շաքարախտ ունեցողներու համար, անոր մէջ քիչ «Ֆրուքթոզ» շաքար գտնուելու պատճառով: Նաեւ օգտակար է միզամանի հարցերը բուժելու:

    Հարկաւոր է նաեւ անոր պարունակած կուտերը ուտել, որովհետեւ անոնք խնձորի կուտերու նման պտուղին մարսողութիւնը կը դիւրացնեն եւ արիւնը կը մաքրեն:

    Տանձի խոշապը (քոմբոթը) ջերմութիւն իջեցնող յատկութիւն ունի:

    ԳԻՏԷԻ՞Ք ԹԷ...

    Միկրէնը գլխացաւի տեսակ մըն է, որ չափահաս եւ ոչ լիարժէք արեան սնուցման հետեւանքով կը յառաջանայ: Այս գլխացաւէն տառապող անհատները նախընտրելի է, որ քաՖէին քիչ պաունակող սնունդ օգտագոծեն: Սակայն ցաւը սկսելուն պէս պէտք է մէկ գաւաթ խիտ եփած սուրճ խմել, ապա մութ ու լուռ սենեակի մէջ երկարիլ պէտք եղած հանգիստը ապահովելու համար: Նաեւ պէտք է տուրմ, կարծր պանիրներ, սոյա սոս, սարտին ուտելէ եւ կարմիր գինի խմելէ բոլորովին հեռանալ:

    Ամուր սեղմող ամուսնական մատանին մատնեմատի վրայ կրնայ սեռային օրկաններու եւ գեղձերու հիւանդութիւններու պատճառ դառնալ, որովհետեւ մատներու վրայ կը գտնուին բազմաթիւ կենսական կեդրոններ:

    Որեւէ Ֆիզիքական լարում արագ յոգնածութիւն կը յառաջացնէ: Հաւանաբար մարմինը ունեցած մակնէզիոմի պահանջքը մկաններու աշխատանքը կը ղեկավառէ:

     Այս էջը պատրաստեց` ԴԱԼԱՐ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը