- ԵՐԳԻԾԱՆՔ
Դպրոցական հանդէսի մը վերջաւորութեան հայր մը փոքրիկ տղուն ձեռքը բռնած կը մօտենայ գեղեցիկ ուսուցչուհիին. - Ուսուցչուհին.- Ա՜ սիրելիս շատ լաւ ըրիր, որ եկար ինծի բարեւելու, շատ ազնիւ ես փոքրիկս: Յետոյ դառնալով հօրը կը բարեւէ: Հայրը երկար սեղմելով ուսուցչուհիին ձեռքը կ՛ըսէ. - Զաակս մերժեց երթալ առանց բարեւելու եւ մօտէն խօսելու ձեզի հետ: Հոս փոքրիկը կ՛ըսէ. - Բայց հայրիկ դուն էիր, որ ըսիր այս բոլորը, ոչ թէ ես:
*** Հռչակաւոր դաշնակահար Վլատիմիր Տի Բաշման Սպանիոյ մէջ ելոյթի մը ընթացքին ակնոցներուն վրայէն կը նշմարէ առջեւի շարքը նստողներէն տիկին մը, որ շատ տարօրինակ ձեւով կը հովահարէր ձեռքի հովարաը. նուագը շարունակելով եւ տիկինին ուղղելով խօսքը ան կ՛ըսէ. - Սիրելի տիկին, դուք ձեր հովահարը կը շարժէք «տուէ» զոյգ ռիթմի վրայ, մինչ ես «դրիօ» եռեակ ռիթմի վրայ կը նուագեմ, ուստի կամ դուք իմ ռիթմովս շարժեցէք ձեր հովարահը, կամ ես ձեր ռիթմով նուագեմ, որպէսզի կարենանք վերջացնել այս կտորը:
*** Շատախօս տիկին մը ընթրիքի մը ընթացքին դատախազի մը քով կը նստի ու կը սկսի պատմել անոր, թէ օր մը գող մը գողցած է որ իսկեղեէնները եւ ապա ձերբակալուած: Ինք գացած է բանտ եւ տեսակցած է գողին հետ ու ժամեր շարունակ խօսած անոր հետ, որ պէտք չէ գողնալ, ինքզինք պէտք է հեռու պահել գէշ սովորութենէն, կեանքի մէջ շատ լաւ ու բարի գործեր կան, եւայլն-եւայլն... եւ այսպէս ժամերով: Դատախազը կը հարցնէ.- ժամերո՞վ ... իսկապէս կը խղճամ այդ գողին:
Քաղեց` ՏԻՐԱՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































