- ԵրգիծականԵՐԳԻԾԱՆՔ
15.12.2011Փիլիսոփայ Ֆոնթէն շատ յաճախ ներկայ կ՛ըլլար Մատամ Տի Թէնսանի պանդուկը, ուր կը յարգուէր: Իրիկւոն մը տիկին մը կը հարցնէ իրեն.
- Ի՞նչ տարբերութիւն կը տեսնէք իմ եւ պատի այս ժամացոյցին միջեւ:
Ֆոնթէն քմծիծաով կը պատասխանէ.
- Մատամ ... ժամացոյցը մեզի կը յիշեցնէ ժամը, իսկ դուք կը մոռցնէք զայն:
***
Կեանքի եւ գործի մէջ յաջողած գործարարին կը հարցնեն իր յաջողութեան գաղտնիքը:
- Միշտ եւ մինչեւ հիմա 15 վայրկեան առաջ պատրաստ եղած եմ ժամադրութիւններուս:
***
Կ՛ըսուի, թէ շուն մը շոգեկառքի երկաթուղիներու շատ մօտ կը նստի, շոգեկառքը անցած ատեն պոչը կը կտրուի, շունը բարկացած գլուխը դարձնելով կ՛ուզէ խածնել շուեկառքը ու հազիւ գլուխը կ՛երկարէ, յաջորդ վակոնը անոր գլուխը կ՛անջատէ:
Մէկը ըսած է. կտոր մը պոչի համար գլուխդ մի կորսնցներ...:
***
Ինչ ալ ըլլան հիւանդութիւններուն ցաւերը, որ կը զգաք ձեր մարմնին վրայ, այս օրերու ցաւերը կեդրոնացած են մէկ տեղ ... ձեր գրպանին մէջ:
***
Կարծիքներու անհամաձայնութիւնը պէտք չէ թշնամութեան վերածուի, այլապէս ես ու կինս ամենաոխերիմ թշնամիներ պէտք է ըլլայինք:
Քաղեց` ՏԻՐԱՆ Գ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,504.001 
0.761 
389.261 քլկ. արծաթ
1,176.531 օնց. ոսկի
1,778.45ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































































