Zartonk

19 Մայիս

  • ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿ՚- Պատմուածքներ


    Հրատ. Գէորգ Մելիտինեցի Գրական մրցանակ թիւ 77, Անթլիաս, 2011թ.

    Հեղինակ` Պերճուհի Աւետեան

    Ներկայացնող` Թորոս Թորանեան

    Պերճուհի Աւետեանը առաջին անգամը չէ, որ հրապարակ կու գայ գիրքով մը: Նախապէս հրատարակուած երեք գիրք ունի, որոնցմէ մէկը կը պատկանի մանկական գրականութեան: Բայց առաջին անգամն է, որ ան կ’արժանանայ Գէորգ Մելիտինեցիի գրական մրցանակին, հանդէս գալով 282 էջ բովանդակող ծաւալուն գիրքով մը, ուրկէ մեզի ախորժալուր ձայն կու տան 22 պատմուածքներ: Պերճուհին երկար պտոյտ մը կատարելէ ետք հայ գրական պարբերականներու էջերուն վրայ, շատ անգամ գնահատուելով ընթերցողներէն, եւ ինչու չէ նաեւ արժանանալով Հայաստանի Գրողներու Միութեան կարճ պատմուածքի մէկ մրցանակին, ահա բարձրացած է ՙԲեմահարթակ՚ հին ու նորագոյն պատմուածքներով փնտռելով իր տեղը Սփիւռքահայ գրականութեան մէջ: Մեր օրերուն Սփիւռքը փայլելէ հեռու է գեղարուեստական գրականութիւն մշակող եւ սեփական ձայն ունեցող ստեղծագործողներէ: Բայց ահա կը զատորոշուի անուն մը Պերճուհի Աւետեանը, որ կու գայ իր այս գործով հաստատելու, թէ ինք արձակագիր է եւ գիտէ պատմուածք մը ձեւաւորելու անգիր օրէնքները, ուր մշակուած նիւթերը թէեւ յաճախ նուիրուած են սիրոյ հարցերու մերթ դժբախտ վերջաւորութեամբ, բայց միաժամանակ հեղինակը կը բացայայտէ մարդկային կեանքի, նոյնիսկ հասարակական, քաղաքական կեանքի ծալքերը ցոյց տալով այն ժխտականը եւ վերափոխելին, որ գոյութեան եկած են հայ եւ ոչ հայ կեանքի բաւիղներուն մէջ: Անշուշտ Պերճուհին որպէս հայ գրող ամէնէն աւելի կ՛ուզէ տալ հայ կեանքը ու նաեւ այլոց կեանքը, որոնց քովն ի վեր իր հետաքրքրութիւնը կը յայտնէ կենդանական աշխարհին նկատմամբ: Ընթերցելով մասնագիտութեամբ շինարար-ինժինէր Պերճուհիին գիրքը, հոն վերհասու կը դառնանք այն իրողութեան, որ հեղինակը խորապէս կապուած է իր ծնած երկրին ամբողջական նուիրումով ծառայելով անոր որպէս շինարար: Այս գիծը ուժեղ է հեղինակին մօտ իր երկրին ծառայելու պատրաստակութիւնը բացայայտող: Հայը այս երկրին մէջ ծնող հայը, կառուցող է երկրին վերաշինութեան օժանդակող: Այս հատորին մէջ էն առաջ աչքի կը զարնէ Պերճուհի Աւետեանի մաքուր մայրենին ու անոր քովն ի վեր գրական անակնկալ պատկերներ ստեղծելու կարողութիւնը, ինչ որ քիչ արժանիք մը չէ մեր լեզուին արձանագրուող սա լեզուականօրէն նահանջի օրերուն: Պերճուհին գիտէ պահեր ստեղծել ու մերթ գիտէ ջերմացնել մթնոլորտը պատմուածքին: Անշուշտ այդ ջերմ շունչը կարեւոր է որպէսզի ընթերցողը կապուի մատուցուած գործին: Ահա թէ ինչու կը սպասենք, որ հեղինակը նման ջերմ մթնոլորտ աւելի յաճախ ստեղծէ, որպէսզի մենք առաւել եւս կապուինք իր ստեղծած գրականութեան: Անշուշտ նման պահեր կը գտնենք Պերճուհի Աւետեանի պատմուածքներուն մէջ: Պերճուհի Աւետեանին այս գործը խմբագրած է յայտնի բանասէր Ժիրայր Դանիէլեանը, ուր շատ քիչ անգամ կը հանդիպինք սխալագրութիւններու այդ ալ տողերուն շարուելուն ընթացքին: Գործին առաջին պատմուածքը հոգեբանական պահերու, խոկումներու արձագանգը կը բերէ ՙԱղջիկն ու Տղան՚ պատմուածքով.- ՙԹող գետին ինկած տերեւները սրսփալով պատմեն սիրոյ անաւարտ պատմութիւն մը՚: ՙԱմենայիմար Աղջիկը՚ պատմուածքին մէջ կը շեշտուի այն իրողութիւնը, որ ՙԱն երբեք չէր հասկցած թէ սա սիրտ է, ոչ մարտկոցով բանող փայլփլուն խաղալիք, որ ուզած վայրկեանին անջատես՚: Այստեղ հեղինակը ուսումնասիրութեան մը պէս բացած է էջերը առօրեայ կեանքին ուր իշխողը տկարին վրայ դաժան կիրքն է: ՙԱյր եւ Կին՚ պատմուածքին մէջ անհամաձայնութիւններ հրապարակ կու գան ամուսիններու միջեւ երբ ոտքի կոխան կ՛ըլլան ծաղիկներ.- ՙԼսեց ջարդուող ծաղկամանին ձայնը, ապակիին կտորտանքները, ջուրին հետ խառն ծածկած էին տակաւին քանի մը ժամեր առաջ փայլեցուցած յատակը՚.- ՙԱմուսինը տենդագին կը փետէր ծաղիկները ու կը կոխկռտէր ցօղունները: Իրեն թուաց, որ անոնք իրենց սաղմին մէջ մահացած ու լոյս աշխարհ չտեսած իր հարազատ զաւակներն են, որոնց համար միշտ ողբացած էր՚.- ՙԾաղիկի թաց թերթիկներ ինկան դէմքին վրայ, անոնք ալ կու լային անձայն` միանալով իր արցունքներուն՚: Ալքոհոլը ընտանիքին մէջ աւերներ կը գործէ: Բայց չէ որ առաջին պատուէրը որ տրուած էր իրենց ՙՄէկ բարձի վրայ ծերանալն էր՚... Այստեղ կը բացայայտուին ընտանեկան կեանք պատկերներ: Հեղինակը գիտէ պատմուածք գրել ու համոզել ընթերցողը, որ իր գրածները ճշմարտապատում են: Կը հետեւի ՙԳարնան առաւօտ մը՚ պատմուածքը, ուր .- ՙԱղջիկ մը վարդի կը նմանի, կոկոն եղած ատեն հոտաւէտ կ՛ըլլայ, վարդի վերածուելով աչքի կը զարնէ, ուշադրութիւն կը գրաւէ... յետոյ թերթիկները կը թափին ու...՚ - կորսուող զաւակ մը կայ.- ՙՄայր ես, Աստուածամայր, պէտք է հասկնաս ի՞նչ է զաւակ կորսնցնելը՚: Կամ եթէ ամուսիններէն մէկը օտարազգի է,- ՙԲաւական դժուար է անոր միջավայրին հետ ընտելանալը, հինգ տարի է հոս փոխադրուած ենք, տակաւին հոգիով հոն է, իր երկիրը՚: Օտարի հետ ամուսնացողները ուշ կը զգան այս երեւոյթին անյարմարութիւնը: Սոնիան կը կորսնցնէ իր առաջին ծնունդը: Նախորդ սիրոյ մը ալիքէն խուսափող կին է: Մաքուր է լեզուն ինչպէս միշտ ու պատկերաւոր: Տաքացնող ջերմութիւն մը պէտք է աւելնայ այս բոլորին վրայ: Ահա այդ ջերմացնող շունչը.- ՙՕ՜հ մամա, մամաս,- փաթթուեցաւ անոր ու գլուխը թաղեց կուրծքին, անոր տաքուկ շունչը զգաց վիզին վրայ՚: Մէկը կին, միւսը սիրուհի: ՙԵրկու ծխող Կիներ՚: Սիրոյ ծարաւ մը կը յայտնուի այստեղ: ՙԽորտակուած ամաճիկը՚ պատմուածքին մէջ մեզի կը ներկայանայ ՙՊղպեղ աղջիկ մը՚ որուն ՙԳոգնոցին տակէն պոռթկացող մարմինին կլորութիւնները կպչուն նայուածքներ կ’որսային՚: Հոս կրնանք հարց տալ հեղինակին.- Ինչո՞ւ կախեցիր խեղճ աղջիկը: ՙԿնոջ ոստովանութիւն՚ պատմուածքն ալ կարդալով հարց կու տանք.- Ինչո՞ւ Պերճուհին շատ կը կեդրոնանայ տխուր դէպքերու վրայ: Կ՛երեւի փայլուն գործեր պիտի յաջորդեն այս բոլորին: Տակաւին կան խմիչքն ու բախտախաղը, որոնք ՙմարդուն մէջ կը սպաննեն աշխատելու եռանդը ու կը հեռացնեն զոհը բնական կեանք վարելու ընթացքէն՚: Խորունկ հոգեկան աշխարհ մը կը ներկայացուի մեզի այստեղ: Սենար ստեղծելու ճիգ մըն ալ կը դրսեւորէ հեղինակը: Յաջողութիւն իրեն: ՙՄիւսը՚ պատմուածքին մէջ Պերճուհին կը ներկայանայ որպէս լա՛ւ հետախոյզ կը գտնէ ՙգողերը՚, մարմնագողերը: ՙՀետքը՚ գործը անհետք չէ մնացած.- ՙՇուրջը կրկին խաբեբաներ ու նենգամիտներ էին: Ի՞նչ է աշխարհը պարպուա՞ծ էր մաքուր մարդոցմէ՚: Մենք եւս նոյն հարցումը կ՛ուղղենք հեղինակին... Յաջողած արձակի փորձ մըն է ՙհետքը՚: ՙՏունը՚ պատմուածք մը եւս իրաւ անհաւատալի ապրուած արձակ մըն է: ՙԳլխագիրը՚ եւս յաջողած պատմուածք մըն է, ուր կը պատկերուին հեռացող ամուսիններ, զաւակ ունեցող ու զանոնք լքող: ՙՕժիտը՚ մեր պապենական օրերը յիշեցնող պատմուածք մըն է, ուր սնտուկներու մէջ լեցուած են օժիտի առարկաները: ՙԽուճապ Օրը՚ ամենաերկար պատմուածքն է: Սեղմել պէտք է: ՙՄարող աստղը՚ շան մը նուիրուած է եւ ատով իսկ հետաքրքրական: Հեքիաթ գրել եւս փորձած է Աւետեանը: Պէտք է ըսել, որ մեր մանկութեան օրերուն մեր սերունդը հեքիաթներով սնանած է: Վա՜յ, հեքիաթ չունեցողնրուն: Ահա այդ պակասն է, որ կը լրացնէ Աւետեան իր ՙԲախտ փնտռողին հեքիաթը՚ գործով: Հեքիաթով կը ձգտինք իրականութեան: ՙՍէրը չեն մուրար՚ հեքիաթ մըն է նոյնպէս եւ վերապրում մը իրաւ սիրոյ: ՙՎերանայելով՚ ին մէջ Աւետեանը կը գրէ.- ՙՀայրենասիրութի՞ւն, կերուխումի սեղանին վրայ բարձրացող բաժակներ ու կենացներ, յեղափոխական երգե՞ր, բեմերէն շռայլուած ճառե՞ր.- ծիծաղեցայ, ընդգծելով հայրենասիրութիւնը:՚ Փուճ խօսքեր ընդունողը չէ Աւետեան: Այստեղ գրողը յաջողութեամբ իր գրածները կը բաղդատէ մէկը միւսին հետ, մերթ ուղղելով իր նախորդ գործերուն մէջ ըսածները ու մերթ հաստատելով ինչ որ ըսած էր: Լաւ, հաճելի, ընդօրինակելի փորձ մը արդարեւ: Աւետեանին գրած պատմուածքներուն հերոսները գրողին հոգիին հետ խօսելով կը յայտնեն իրենց տեսակէտները ինչուներով: Իրապաշտ, լաւ ձեւ մը օգտագործած է Աւետեան: ՙՀալալ Կաթ՚ ին մէջ երեւցող պատկեր մը.- ՙԱրեւի մայր մտնող նարնջագոյն սկաւառակը հորիզոնին վրայ երեկոյեան խնճոյքի բոցը կը հրահրէր՚: Այստեղ Պերճուհին կ՛ըսէ.ՙ- Տղաք, մեր ոյժը մեր հաւատքին մէջ է՚: Այս մէկը Արցախին նուիրուած, ամուսինը զոհ տուած Աղաւնիին կը վերաբերի: Յաջողած պատմուածք մը արդարեւ, ուր թրքուհի մը եւս կը ներկայացուի: ՙՆախազգացումը՚ խաբկանքէ մը ետք, յաջող աւարտ մը կը ներկայացնէ: ՙԼաւագոյն Մաղթանքը՚ յիշարժան յուշ մըն է, վիրաբուժական ենթարկուած իր մօր մասին, որ այդ դժուար միջոցին հարց կու տայ թէ իր աղջիկը կերակրա՞ծ է տանիքի թռչունները: Ահա ջերմացնող կէտ մը: ՙՄեծաւորը՚ ամէն խարդաւանքի կրնայ դիմել: Իր տեղը գերեզմանն է ի վերջոյ: Հեղինակը լաւագոյնս մերկացուցած է մեծաւորը: ՙԳեւոլիկը՚, հոս դէպքեր նկարագրուած են նկարիչի վարպետութեամբ ու կեանքը տրուած է ինչպէս որ է: Աշխարհը լեցուն է Գեւոլիկներով: ՙՅաջորդող Սերունդ՚ին մէջ աղքատութեան ինչ անուն կը տրուի` անօթութիւն: ՙ... օր մըն ալ, երբ Մարի կը խաղար բակին անկիւնը, քոյրը հաւատարիմ ուխտին, մօտեցաւ բացագանչելով.- Մաման կու լայ, եկուր մենք ալ... - Ես այլեւս պիտի չլամ.- հատիկ-հատիկ փոխանցեց կայացուցած որոշումը՚: Այս եւս ջերմացնող խօսք է: ՙՇէնքի անցքին մէջ կիսեցին պանանը: Բերանին մէջ երկար պահեց պանանը: Այդքան համեղ պանան երբեք չէր կերած... Յաջորդ օրը դաստիարակչական երկար քարոզ մը ունկնդրելէ ետք, երկու քոյրերը զրկուեցան ճաշաման փոխադրելու պարտականութենէն:՚ Այո՛, պատժուողը միշտ տկարն է, անօթին է, աղքատն է: Իսկ ընկերութի՞ւը... ՙՆժարին վրայ՚ է Պերճուհի Աւետեանի Սուրիոյ կապուածութիւնը: Հեղինակը քար մըն ալ աւելցուց, որպէս հայորդի Հալէպ-Ռաքքա ՙԿեանքի Ճանապարհին՚ շինարարութեան վրայ որպէս վկայեալ ինժինէր: Կեցցե՛ս: Հայը այդպէս պէտք է ըլլլայ: ՙԼուք՚ըս պատմուածքը առնուած է հեղինակուհիին կեանքէն: Արդեօք գրականութիւնը յաճախ ինքնակենսագրական մը չէ՞...: Նախավերջընթեր պատմուածքին մէջ ՙՇունչը՚.- ՙՊատերազմներ կը սարքուէին, մանուկներ կը սպաննուէին, խաղաղ բնակիչներու տուներ կը քանդուէին, իսկ յանցագործները կը մնային անպատիժ՚: ՙԱնարժաններ կը պարգեւատրուէին ու դիմակներ հագած հանդիսատեսներ կը գովերգէին անոնց “քաջագործութիւնները՚... Այս յաջողած պատմուածքով ըմբոստ մըն է Պերճուհի Աւետեան, որ չի հանդուրժեր անարդարութեան: ՙԱնցնող Օր եւ ոհեր՚ը լաւ վերջաբան մըն է, որուն մէջ խոհակից կը դարձնէ Աւետեանը, ուր իրաւ քննադատութեան կ’ենթարկուին Թուրքիա գնումագնացութեան մեկնող հայերը: Միով բանիւ Պերճուհի Աւետեան իր այս գործով` ՙԲեմահարթակ՚ը կ՛ըսէ մեզի թէ հայ գրող մը, գեղարուեստական գրականութիւն մշակող մը հանդէս եկած է: Բարի գալուստ իրեն:

     

    Հալէպ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը