- ՀԵՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԶԱՀՐԱՏԵԱՆ ՏԱՂԵՐՈՒ ՆՈՒԷՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ՀՆԳԱՄԵԱԿԻՆ
Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ՍԻՐԵՍՈրպէսզի օդը լիաթոք շնչենք Պիտի որ օդը ջինջ մաքուր ըլլայ: Ապականած օդն ամէն րոպէ Ինքնաշարժերու ծուխէն ու մուխէն Ու քիմիական պիղծ Թափոններէն... Կ՛ապականի դեռ օդն ամէն րոպէ Մարդոց պղծութեան, ստոր բարքերէն... - Բայց մենք ե՞րբ պիտի լիաթոք շնչենք Մարդեր սիրելի, մարդեր հողեղէն... -Հետեւինք եթէ վարքին բնութեան Ու մեր պապերու սուրբ օրէնքներուն:
***
ԵՍ ԱԼ
Ես ալ ունիմ կենսագրութիւն Իմ կեանքս ալ անցաւ մերթ Ոտաբոպիկ ցեխոտ ճամբէն Բայց չզարմանաք երբ ոտքերս իմ Ցեխոտ չդարձան ցեխի կոյտերէն: Ցեխոտ ոտքերով ոչ մէկ տուն մտայ, Տունս ալ մաքուր մնաց յաւիտեան:
ԼՈՅՍ
Մեր մօտ լոյս չկար Ո՛չ լամբով կազի, Ո՛չ ձիթաիւղի Ամանին մէջ մութ Լող տուող անկար Չնչին պատրոյքէն, Ո՛չ ալ արեւի Շող ունէինք մենք Երբ մութն էր միակ Բնակիչն այս տան: Բայց այս մութ տան մէջ Լոյսը կը շողար Իմ լոյս մայրիկէն
***
ԱՇԽԱՐՀԷ ԱՇԽԱՐՀ
Աշխարհէ աշխարհ Շատ ման եկայ ես, Չափեցի բոլոր Ցամաքներն անտես Ու դարձեալ կրնամ Երկրագունդը այս Օրն ի բուն չափել, Հանգիստ չտալով Կօշիկներուս թաց:
***
ԵՍ ՀԱՆՐԱԿԱՌՔ ԵՄ
Ես հանրակառք եմ Աշխարհը ժողուած Վակոններուս մէջ Տեսէք, կը սուրա՛մ Ու դուրս կը ցատկեմ Իմ զոյգ գիծերէս, Որ օրէնք մը նոր Կարենամ հիւսել Ինչ որ չկրցան Ո՛չ Աստուածատուր Յիսուսը վսեմ, Ու ոչ մարգարէն Եւ ոչ ալ Մարքսը Խոհերու գումար... Օգնեցէք մարդեր, Որ մեն ՄԱՐԴ դառնանք...:
***
ԵՍ
Ես Զահրատի Կիկոն ըլլալ ուզեցի Երբ հարիւր Կիկոն Վերածուէր մենքի: Ես լոկ այդ Կիկոն Ըլլալ տենչացի:
***
ԱՊԱԺԱՄ ՄԵԿՆՈՒՄ
Մեկնումդ Ապաժամ Զիս դարձուց լռիկ. Միայն դուն սակայն Նոր Լեզու տուիր Քնած իմ լարին Որ քեզ սիրերգեմ...
***
ՄԻ ՔԱՆԻ ԸՆԿԵՐ
Մի քանի ընկեր Հազիւ ունեցայ... Աշխարհն ընկերասէր.- Ծօռ ու ծառաստան Հովիտներ լեռներ Ինկայ, բարձրացայ Աշխարհէն հարուստ Պիտի մեկնիմ ես Եթէ մեռնիլ կայ...
***
ԶԱՀՐԱՏ
Բայց Զահրատ, Զահրատ, սիրելի Զահրատ Դուն քիչ մը ժպիտ բերիր աշխարհին Որպէս փոխվրէժ մեկնումիդ անճար Ու քեզմով, քեզմով սիրելի Զահրատ, Սիրեցինք դարձեալ այս աշխարհը մենք Հիւմըրդ շալկած որպէս դրօշակ...
***
ԽՈՐԼԱՆՊՈՍԻ ՊԷՍ
Ես ալ ճերմկցայ Խորլանպոսի պէս Չափել-չափչփել փորձեցի զաշխարհ, Ու տեսածներէս միշտ շփոթահար Ու ապրումներէս դաժան ու շռայլ Ոչ մէկ մեկնութեան հասնիլ գէթ կրցայ Ով Զահրատ անգին նաեւ իմաստուն, Այս հանելուկը, առեղծուածը այս Զոր մենք կոչեցինք սնամէջ աշխարհ Կրցա՞ր դուն մեկնել օրերուդ մէջ լոյս...
***
ՍԷՐԸ ԱՅՆ Է
Սէրը այն է որ կու գայ կը մնայ: Ես կանչեցի քեզ, դուն կանչեցիր զիս Երկուքով եկանք մնալու համար Տարիներ անվերջ, տարիներ դալար... Այդ տարիներուն ինչպէ՞ս դիմացար... Իմ սէր իմ բազմալար սիրտիս տրոփին Ինչպէ՞ս դիմացար, ինչպէ՞ս դիմացար... Ու գացիր այսօր, յոգնեցա՞ր միթէ Յոգնեցար արդեօ՞ք իմ թափառ կեանքէս: Սէրը այն է որ կու գայ ու չ՛երթար Բայց ինչո՞ւ գացիր երբ մնալ պէտք էր... Դուն իմ խելագար ու սէր անվախճան, Դուն սիրոյ անկէզ մորենի բոցէ, Անմարելի լոյս ես յաւիտեան Դուն բարով գացիր, բարով կը մնաս...
***
ՍԻՐԵԼԻ ԶԱՀՐԱՏ
Երկիրով սնած աշխարհ մը դարձար. Բեմը երկիրդ էր, խօսքդ աշխարհին, Գացիր միացար մեր մշակոյթի Պանծալի հոյլին այն լուսապայծառ Որոնք Վոսփորի ափին մնացին: Դուն գացիր Զահրատ բայց մեզի մնաց Ժպիտդ անգին, խօսքդ անմէկին... Դուն բարով եկար ու բարով գացիր Սակայն տեւելո՛ւ, տեւելո՛ւ համար: Մութին մէջ անգա՛մ լոյսը քեզ ընկեր:
Հալէպ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































