- ԱԼՊԵՐ ՔԱՄԻՒՆ, ԿԱՐՊԻՍ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆԸ, ՔԻՉ ՄԸՆ ԱԼ ... ԵՍ
Դուք Կարպիս Սուրէնեանի հետ մօտ եղա՞ծ էք: Ինչքա՞ն: Ես այնքան ալ չէ: Մանաւանդ արդէն հեռաւոր խորհրդային տարիներուն: Կրնայինք փողոցը կամ փոխադրամիջոցին մէջ հանդիպիլ, միմեանց որպիսութիւն հարցնել, երկու բառ արեւմտահայերէն, երկու բառ ֆրանսերէն փոխանակել, բաժնուիլ: Այդքանը:
Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկի բարձրագոյն դասընթացքներուն կ’ուսանէի, Մոսկուա եկաւ: Ինքն ալ նոյն հիմնարկի հեռակայ բաժնի ուսանող էր, նոյն դասընթացքներու ունկնդիր եղած: Կարծեցի այդ տարիները եւ դասախօսներուն կարօտցած է:
Բայց ոչ:
- Ռուզա կ’երթամ,- ըսաւ:
- Ռուզայի մէջ ի՞նչ կայ,- չհասկցայ:
- Տոսթոեւսքի կը թարգմանեմ,- ոգեւորուեցաւ,- կ’ուզեմ հերոսներու միջավայրին մէջ ըլլալ, ռուսերէնը լսել: Դուն ի՞նչ կ’ընես:
Ամչցայ ըսելու, որ Քամիւնի ՙԱռաջին Մարդ՚ը կը թարգմանեմ: Այդ ժամանակ ոչ միայն Ալճերիոյ մէջ, ուր կը կատարուին վէպին գործողութիւնները, Ֆրանսա ալ դեռ չէի եղած:
Դուք հաւանաբար ինքնակենսագրական այդ վէպի ճակատագրին ծանօթ էք: 4 Յունուար 1960-ին, երբ Քամիւն Լումարինի մէջ Նոպելեան մրցանակի պատուավճարով գնած դաստակերտին մէջ Սուրբ Ծնունդն ու Նոր տարին դիմաւորելէ յետոյ`հարազատներու եւ հրատարակիչին հետ իր վարած ինքնաշարժով Փարիզ կը վերադառնայ, բախելով ճամբու եզրի ծառին կը զոհուի: Գրողի թղթապանակին մէջ կը գտնեն ՙԱռաջին Մարդը՚ վէպին ձեռագիրը, զոր զարմուհին մօտ քառորդ դար վերծանելէ եւ խմբագրելէ յետոյ հրատարակեց:
Վէպը, ինծի համար գոնէ հետաքրքրական էր, որովհետեւ նախ` ինքնակենսագրական բնոյթ ունէր եւ ապա` Քամիւի վերջին ստեղծագործութիւնն էր, որուն վրայ աշխատած էր ընդհուպ մահուան օրուան առաւօտը: Հեռագրեցի Ֆրանսա, ստացայ առաջին յիսուն օրինակներէն մէկը, մեծ հաճոյքով թարգմանեցի: Շնորհակալ եմ, որ ՙԱփոլոն՚ հրատարակչութեան շնորհիվ, տեղն է ըսելու, Լեւոն Անանեանի խմբագրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, ՙԱռաջին Մարդը՚ ֆրանսերէնէ յետոյ երկրորդը հայերէն լոյս տեսաւ: Այդպէս ալ չիմացայ Կարպիս Սուրէնեանը իմ այդ թարգմանութիւնս կարդացա՞ծ էր, ամէն անգամ հանդիպելուս ՙՍիզիփոսի Առասպելը՚ խոհագրութեան թարգմանութեան մասին կը խօսէր:
- Ինչպէ՞ս յաղթահարած ես,- կ’ըսէր:
Չէր ըսեր, թէ երեսունը չլրացուցած Քամիւն ինչպէ՞ս Քիերքեկոր, Հայտեկեր, Տոսթոեւսքի, Փրուսթ եւ Քաֆքա յաղթահարած է. խոհագրի համար այդ մէկը բնական կը համարէր: Ինքն ալ այդպիսին էր:
Անկէ յետոյ շատ տարիներ անցան ու ինչ ալ հրատարակեցի, Կարպիսին համար ՙՍիզիփոսի Առասպել՚ի թարգմանիչը մնացի: Մահուընէ քիչ առաջ ինծի տեսաւ Գրողներու Միութեան մէջ, արագ ընդառաջ եկաւ:
-Նոր կարդացի,- ըսաւ,- գիտե՞ս Քամիւն ինչպէս նշաւակած է Լենինն ու համայնավարութիւնը: Իր մեղադրանքները հիմնաւորելու համար այնպիսի հաւաստի, զորեղ փաստեր վկայակոչած է:
Ճիշդ ըսած չեմ սիրեր, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ անընդհատ մարգարէներ ու մարգարէութիւններ կը յայտնաբերուին, որոնք իբր թէ վաղուց կանխատեսած, կանխազգացած են գաղափարախօսութեան կործանումը:
-Ի՞նչ փաստեր վկայակոչած է,- հարցուցի,- աղբիւրներ նշա՞ծ է:
-Ինչո՞ւ պիտի նշէ,- իսկոյն բորբոքեցաւ Կարպիսը,- խոհագիրը իր մտայնութիւնը կը շարադրէ, որու որ չի համոզէ, թող երթայ աղբիւրները գտնէ, համոզուի:
Խօսակցութիւնը ուրիշ գրողներու ներկայութեամբ էր, երկարեցաւ, բայց այդպէս ալ ընդհանուր եզրակացութեան չհանգեցաւ:
Անկէ բառացիօրէն քանի մը օրեր ետք, ձայնասփիւռով Ֆրանսայէն գրական լուրեր կը լսեմ ու կ’ապշիմ: Հաղորդավարը կը տեղեկացնէ, որ ըստ նոր ի յայտ եկած փաստերու, Քամիւի մահուան պատճառը ոչ թէ ճամբու պատահարը, այլ խորհրդային պետանվտանգութեան գործակալներու սադրանքը եղած է, անոնք ճեպուղիի ամբողջ երկարութեամբ հետապնդած են գրողին ինքնաշարժը, ամայի շրջադարձի մէջ վրաերթի ենթարկած: Մոսկուան նախկին համայնավարին, Նոպելեան մրցանակի ամենաերիտասարդ դափնեկիրին չէ ներած աշխարհով մէկ վարչակարգի բռնասիրութիւնը դատապարտելու, անհեռանկարայնութիւնը բացայայտելու սկզբունքային հետեւողականութիւն: Մինչ հաղորդավարը կը յիշեցնէր, որ այդ խորհրդային պետական անվտանգութեան յայտնի գործելաձեւն է, որ Ստալինի օրօք հեռաւոր Մեքսիքոյի, Քոյուսքայի իր թաքստոցին մէջ այսպիսի գործակալ մը կացնահարեց Թրոցքին, նոթատետրիս մէջ Կարպիսի հեռաձայնի թիւը կ’որոնէի: Չգտայ:
Գրողներու Միութիւն հասնելու համար փոխադրամիջոցէն Բաղրամեան-Մոսկովեան խաչմերուկին վրայ, Սիրահարներու պուրակի կանգառը կ’իջնեմ ու կը քալեմ: Ինչքան չըլլայ մէջս հայրենադարձի արիւն կայ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի, Ազգային Ժողովի շէնքերու քովէն անցնելով ես ինծի լաւ կը զգամ, երբեմն կը կանգնիմ, փողփողացող եռագոյններուն կը նայիմ: Յաճախ ալ Սիրահարներու պուրակին մէջ Կարպիս Սուրէնեանին կը նկատէի: Այդ օրն ալ տեսայ, մօտեցայ ու ներողութիւն հայցելու պէս ըսի.
-Կարպիս, դուն ճիշդ էիր, ֆրանսական ձայնասփիւռը յայտնեց, որ Քամիւի մահը խորհրդային պետական անվտանգութեան ծառայութիւններուն վերագրելու լուրջ կասկածներ կան: Պատճառները չթուեմ, դուն ինձմէ լաւ գիտես, այն օրը կ’ըսէիր:
Կարպիսը անսխալականի կեցուածք չընդունեց: Միտքը ուրիշ տեղ էր: Նախորդ գիշերը կարդացած էր Աստուածաշունչի անգլերէն նոր թարգմանութիւնը, համեմատած չեմ գիտեր որ թարգմանութեան հետ, բազմաթիւ տարընթերցումներ գտած: Եւ ընդհանրապէս Հին Կտակարանի շարք մը գիրքերու եւ մարգարէութիւններու լեզուն չէր հաւնէր: Ոչ միայն լեզուն:
Յիշեցուցի Վահրամ Փափազեանի խօսքերը, զոր կը կրկնէր յաճախ.
- Աստուածաշունչ մատեանը ի՞նչ կապ ունի Աստուծոյ հետ, հրեայ ժողովուրդին պատմութիւնն է:
- Փափազեա՞նը պիտի ըսեր, որ իմանայինք,- կարճ կապեց Կարպիսը ու իսկոյն անցաւ ֆրանսական միջնադարեան գրականութեան հատընտիրին, որ ըստ երեւոյթին զուգահեռաբար կը կարդար...:
Անոր հետ Եւրոպայի շուրջը նաւարկած ռուս գրողները կը զարմանային, որ այսպիսի մտաւորական ունինք:
- Ամբողջ ուղեւորութեան ընթացքին,- կը պատմէին,- ռուսերու հետ ռուսերէն, անգլիացիներու հետ անգլերէն, ֆրանսացիներու հետ ֆրանսերէն կը խօսէր: Երբ Յունաստան մտանք, սկսաւ յունարէն խօսիլ, Թուրքիոյ մէջ թրքերէն...:
Կը շտապէի, վեր կեցայ:
- Ո՞ւր կ’երթաս,- դժգոհեցաւ,- նստիր զրուցենք:
- Գրողներու Միութեան մէջ օտարագիր հայ գրողներու հետ հանդիպում կայ, կ’ուշանամ:
- Լաւ, ես ալ ելլեմ,- յիշեց,- տունը ըսած էին, որ բրինձ առնեմ:
Մենք բաժնուեցանք: Մէկ շաբաթէն` ընդմիշտ:
Դուք կը զգա՞ք այն բացը, որ իր մահով ստեղծած է Կարպիս Սուրէնեանը:
Ես կը զգամ եւ կ’ուզեմ իմանալ, թէ հետը ո՞ւր տարաւ այն անպարփակելի իմացութիւնը, որուն նկատմամբ մենք այդքան անփոյթ, երբեմն նաեւ անտարբեր եղանք:
Ան մեզի երբեւէ պիտի ներէ՞:
ԳՐԻԳՈՐ ՃԱՆԻԿԵԱՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































