- ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅՐ ԿՌԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
ՙԽօսէ՛ Ինծի Հայ Եկեղեցիի Մասին՚ գրքոյկը ինչո՞ւ գրեցի: Բոլոր եկեղեցիները կը գնահատեմ ու կը յարգեմ, որովհետեւ բոլո՛րն ալ Քրիստոսի Եկեղեցիներն են: Բայց իմ հա՛յ Եկեղեցիս յատուկ կը մե֊ծարեմ ու անով կը հպարտանամ, որովհետեւ կը խորհիմ, թէ ինչ որ իմ Եկեղեցիս ընձեռնած է հայ ազգին, ուրիշ ո՛չ մէկ Եկեղեցի չէ կատարած իր ժողովուրդին համար: Ահա թէ ինչու ՙԽօսէ՛ Ինծի Հայ Եկեղեցիի Մասին՚ գրքոյկը բաղկացած է էջերէ, որոնք արտայայ֊տութիւնն են Հայ Եկեղցիին հանդէպ իմ ըմբռնումներուս, իմ գուր֊գուրանքիս ու իմ յոյսերուս:
ՙԽօսէ՛ Ինծի Հայ Եկեղեցիի Մասին՚ գիրքը կը հանդիսանայ նաեւ հրաւէր մը Հայ Եկեղեցիին մասին միասնաբար մտածելու, միատեղ խորհելու, զայն վերլուծելով, զայն սրբագրելով դարերուն բերած մարդկային աղտերէն, հուսկ` զայն միասնաբար պաշտպանելու եւ մանաւանդ... զայն միասին սիրելու:
ՙԽօսէ՛ Ինծի Հայ Եկեղեցիի Մասին՚ գրքոյկը հայերէն գրեցի, որովհետեւ նախ եւ առաջ` հարկ է որ հա՛յը իր Եկեղեցին ճանչնայ: Զայն յատկապէս գրեցի իմ ազգիս աշխարհականներուն քան թէ եկեղեցականներուն համար: Եկեղեցին կը բաղկանայ ո՛չ միայն եկե֊ղեցականներէն, այլ նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրէն, ո՛վ աշխար֊հական֊ներ, եթէ դուք ձեզ արժանաւոր կը զգաք ձեր Եկեղեցիին պատկա֊նելու:
ՙԽօսէ՛ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին՚ գրքոյկին իւրաքանչիւր գլուխը յօրինած եմ հետեւեալ տրամաբանութեան հիման վրայ: Եկեղեցիի մը նպատակակէտը ու արդարացուցիչ գոյապատճառը` Աստուա՛ծ է եւ անդենականի մը գոյութիւնը: Ուստի անոր էջերուն մէջ նախ խօսած եմ թէ ո՞վ Աստուած, ի՞նչ է անդենականը, ի՞նչ է կրօնը:
Ես իրաւացիօրէն հպա՛րտ ըլլալու եմ ո՛չ միայն որովհետեւ եկե֊ղեցական մըն եմ, այլ մասնաւորաբար հա՛յ Եկեղցիին ծառայող մըն եմ:
Այս երեկոյ, դուք իմ մէջս կը մեծարէք ո՛չ թէ անձս, այլ Ազգս ու Եկեղեցիս: Այս Ազգն ու այս Եկեղեցին ինձմէ առաջ` գնահատանքի արժանի ուրիշ շատ զաւակներ տուած են եւ պիտի տան, միայն թէ Աստուած զանոնք գնահատող մարդիկ ալ յարուցանէ, ինչպէս որ դուք էք այս երեկոյ` այս սրահին մէջ:
Ուստի ... շնորհակալութիւն...:
Շնորհակալութիւն` նախ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ իր անձամբ ներկա֊յութեան համար:
Յատուկ շնորհակալութիւն Հայկազեան Համալսարանի նախա֊գահ` Վեր. Դոկտոր Փօլ Հայթոսեանին ու... իմ աշակերտիս:
Շնորհակալութիւն իմ զինակից եղբօրս Սարգիս Նաճարեանին:
Շնորհակալութիւն զիս պատուող մամլոյ եւ լրատուական միջոց֊ներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հոս ներկայ բոլոր հոգե֊ւորական եւ աշխարհական սիրելի հին եւ նոր անձերուն:
Հուսկ շնորհակալութիւնս ՀԿՀՄ-ի իւրաքանչիւր անդամ-անդա֊մուհիներուն` անոնց կատարած մեղուաջան աշխատանքին համար:
Եւ վերջապէս` շնորհակալութիւն ՀԿՄ-ի Արարատեան սրահի պատասխանատուներուն
Ձեր բոլորին վարձքը կատար...:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































