Zartonk

19 Մայիս

  • ՄԱՆԿԱ ՄԵՍԻԱ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ


     

    Կիրակի, 8 Յունուար 2012-ին, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան կողմէ ՙՀայ Գիրքի՚ տարուան առթիւ հրատարակուած, ՙՄանկա Մեսիա՚ մանկական պատկերազարդ Աստուածաշուչի բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը` Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երիրներու Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ եւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Արտակ Քհնյ. Քէհեաեանի եւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան պատասխանատու Պրն. Հրայր Ճէպէճեանի մասնակցութեամբ:

     

    Անոնք նախապէս հանդիպում մը ունեցան Ազգային Վարժարանի տնօրէն Պրն. Մանուկ Մանուկեանին հետ եւ ծանօթացան վարժարանի առօրեային: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՙՄանկա Մեսիա՚ մանկական Աստուածաշուչի բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարժարանի Տնօրէն Պրն. Մանուկ Մանուկեան` աշակերտութեան ներկայացնելով համախմբման առիթը: Ապա Իր հայրական ողջոյնը փոխանցեց Սրբազան հայրը, որուն ընթացքին ի միջի այլոց ըսաւ.-

     

    Սիրելի աշակերտներ,

    Այսօր մեզի հետ ունինք թանկագին հիւր մը, որ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով ձեզի կ’այցելէ, որպէսզի ձեզի փոխանցէ շատ թանկագին նուէր մը:

    Սեղանին վրայ դրուած գիրքերը Աստուածաշունչ Մատեանն է, պատկերազարդ հրատարակութիւն մը` յատկապէս հայացուած Պրն. Հրայր Ճէպէճեանին կողմէ, ձեզի տարեկից եղող սերունդին համար: ՙՀայ մանուկին տարուան առիթով գեղեցկագոյն նուէր մը կը ներկայացնէ ձեզի Պրն. Ճէպէճեանը, որպէսզի Աստուծոյ շունչին հետ հաղորդուիք նաեւ, եւ ձեր կեանքը փոխակերպուի ու նորոգուի Աստուծմէ եկող շնորհքով:

    Ապա իր խօսքը ուղղելով Պրն. Ճէպէճեանին, Սրբազան Հայրը եզրակացուց ըսելով.

     

    Սիրելի Պրն. Ճէպէճեան,

    Իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ, մեր գլխաւոր պարտականութիւնն է Աստուծոյ խօսքը տարածել եւ այդ խօսքին զօրութեամբ Աստուածգիտութեան եւ փրկութեան շնորհքին հրաւիրել մարդկութիւնը: Հայ Մանուկին տարուան առիթով, արդար էր, որ Աստուածաշունչը հասնէր նաեւ հայ մանուկներուն: Այդ բաղձանքով դուք ձեռնարկեցիք ծանր աշխատանքի եւ ահաւասիկ հասաք ցանկալի արդիւնքի:

    Անկասկած ՙՄանկա Մեսիա՚ այսհրատարակութիւնը Աստուծոյ խօսքը տարածելու նպատակով ձեր ունեցած նախանձախնդրութեան արդիւնք է: Կը մաղթենք, որ նոր մօտեցումով պատրաստուած այս հրատարակութիւնը ըլլայ սրտամօտիկ բոլոր հայ մանուկներուն համար եւ զանոնք աւելի եւս մօտեցնէ Աստուծոյ:

    Կը մաղթենք նաեւ, որ Աստուած ամենայն բարիքով լեցնէ ձեր կեանքը եւ ձեր բոլոր ծրագիրներուն պարգեւէ յաջողութիւն:

     

    ՄԱՆԿԱ ՄԵՍԻԱ ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

     

    Գիրք մը կայ, զոր կը կոչենք տիեզերական, որովհետեւ անոր պարունակած արժէքները ընդհանրական են: Գիրք մը կայ, որ կը կրէ Աստուծոյ ներշնչական ինքնատիպ կնիքը: Այդ գիրքը տարբեր լեզուներով կը կոչուի ՙՍուրբ Գիրք՚, սակայն մեր եկեղեցւոյ հայրերը զայն անուանած են Աստուածաշունչ: Այդ մէկը կու գայ Աստուծոյ եւ անոր Գիրքին նկատմամբ մեր իւրայատուկ մօտեցումէն եւ զայն ըմբռնելու մեր  սկզբունքներէն:

    Դժուար է որոշել, թէ գրական ինչ սեռի կամ ժանրի կը պատկանի Աստուածաշունչը, որովհետեւ իր փոխանցած համամարդկային եւ հոգեւոր արժէքներով, ան շատ աւելի վեր է բոլոր գրական երկերէն եւ համաշխարհային գրականութեան գլուխգործոցներէն:

    Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հռչակուած Հայ Գիրքի տարուան առթիւ, վերջերս Քուէյթի Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան կողմէ, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի փոքրիկներուն բաշխուեցաւ ՙՄանկա Մեսիա՚ պատկերազարդ հատորը, որ կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսի Տնօրինական կեանքը` Հրաշալի Ծնունդէն մինչեւ Հրաշափառ Յարութիւնն ու Համբարձումը: Անկասկած այս նոր հրատարակութիւնը կատարուած է մանուկներուն համար եւ գիրքին պատկերազարդութեան ոճն ու մատչելիութիւնը, մանուկներուն համար առաւել գրաւիչ կը դարձնեն Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու գործունէութիւնը, ու զանոնք աւելի կը մօտեցնեն մեր հաւատքի առաջնորդին, որովհետեւ Աստուածաշունչը օրէնքներու գիրք չէ, այլ կատարեալ կեանքով ապրելու ուղեցոյց: 

    Յաճախ Աստուծոյ մեծութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը, մեր մէջ ստեղծած են քարացած հաւատալիքներ: Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած մօտեցումն ու Աստուածընկալումի մեր եղանակը յաճախ հիմնուած է վախի եւ Աստուածային բարեխնամութիւնն ու Անոր ՙամենողորմութիւնն՚ ու ՙամենախնամութիւնը՚` վրէժխնդրութեան ու բռնութեան վրայ:

    Աստուած սէր է եւ Իր սիրոյ հոգին կը բնակի իւրաքանչիւրիս մէջ: Ան ոչ թէ կը պատժէ մեզ, այլ կը կանխէ մեր սխալները, ցոյց տալով կատարելութեան ուղին: Այս գաղափարն է, որ կը միտի ապացուցել ՙՄանկա Մեսիա՚ գիրքը: Ան կը սորվեցնէ հաւատալ, որ ի հեճուկս աշխարհի մէջ տիրող անտառային օրէնքին, մնայուն արժէքներ կարելի է ստեղծել համեստութեամբ, խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ, որ թագաւոր ըլլալու համար նախ պէտք է ըլլալ ծառայ, որ անձը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ է նախ խոնարհիլ: Աստուածային խոնարհութեան ամենադիպուկ ակնարկը կÿարտացոլայ հայ շարականագիրի տողերուն մէջ, ուր Աստուծոյ Որդիին Ծնունդը կը նկարագրուի հետեւեալ խօսքերով. ՙԱնբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ՚:

    Այսօր դժբախտաբար, միայն մանկական հեքիաթներուն մէջ թաղուած են բարիի յաղթանակին ու չարի պարտութեան պատմութիւնները: Այդ է պատճառը գուցէ, որ մենք` մեծերս, մեծ հաճոյքով երբեմն մեր փոքրիկներուն համար կը կարդանք Թումանեան, Աղայեան կամ Խնկոյեան` անոնց հետ վերապրելով բարիի յաղթանակին քաղցր զգացումները: Այսօր այդ գիրքերուն շարքին աւելցած է ՙՄանկա Մեսիան՚, ուր Աստուած ու իր սիրով, խոնարհութեամբ ու ամենողորմ գթութեամբը կը թակէ մեր հոգիին դուռերը, որպէսզի ներս մտնելով ու մեզի ուղեկցելով, մեզ տանի դէպի կատարելութիւն եւ յաւիտենականութիւն:

    Այս առթիւ սրտագինս կը շնորհաւորենք Մանկա Մեսիա Հայերէն թարգմանական աշխատութեան հեղինակ եւ Ս. Գրոց Ընկերակցութեան պատասխանատու` Պրն. Հրայր Ճէպէճեանը, որ Քուէյթի Ազգային Վարժարան այցելելով, անձամբ աշակերտներուն փոխանցեց իր սեփական աշխատանքով իրականացած այս գեղատեսիլ հատորը:

     

    ՃՈՐՃ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ 





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը