Zartonk

19 Մայիս

  • ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԿԵԱՆՔ ԵՐԲ ԿԸ ԿԱՊՈՒԻ ՄԱՐԴՈՒ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ...՚


    ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԿԵԱՆՔ ԵՐԲ ԿԸ ԿԱՊՈՒԻ ՄԱՐԴՈՒ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ...՚

    Բանաստեղծական նուիրուած երեկոյ էր: Բանաստեղծութիւնը գրա֊կանութեան ամենաընդգրկուն ժանրն է, հնչեղ բոլոր ժողովուրդ֊ներուն մօտ: Բանաստեղծութեան կեանք տուողը բանաստեղծն է, ան է որ կեանքի վերիվայրումներէն ներշնչուելով կը ստեղծագործէ: Այո՛, բանաստեղծութիւնը կեանքէն կը բխի, ծիածանուած ու թուխպ մթագնած կեանքէն: Բանաստեղծութիւնը կը ծնի շնորհալի, տաղան֊դաւոր ու քանքարաւոր անհատներու մօտ, որոնք խորաթափանց եղելութիւններու ծալքերուն ու ծիլերուն մէջ ինքնաբուխ ու ինքնա֊մոռ, առանց ծեքծեքումներու եւ նկատառումներու, ժողովուրդի ա֊զատ ու բարօր կեանքի, հայրենիքի ազատութեան ու վերելքի, իշխա֊նութեանց թերացումներու եւ բացթողումներու, հասարակական կեանքի արատներու եւ մարդկային արժէքներու պահպանման իրենց միտքերն ու մտածումները կը յայտնեն, նպակադրուած դէպի վեհը ու վսեմը: Բանաստեղծութեան հայրենասիրական, ժողովրդասիրական ու սիրային սեռը աւելի եւս տարածուած բնոյթ կը կրէ:

     

    Հեղինակային երեկոյ էր, Կլենտէլի հանրային գրադարանին մէջ, Գալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան (ԳՀԳՄ) վարչութիւնը օգտուե֊լով հանրածանօթ բանաստեղծ, Երեւանի Պետական Համալսարանի Դասախօս Դոկտ. Փրոֆ Արտեմ Յարութիւնեանի ներկայութենէն Լոս Անճելըսի մէջ, հրաւիրած էր զինք ներկայացնելու իր բանաստեղծու֊թիւնը:

     

    Ուրբաթ, 20 Յունուար 2012, երեկոյեան ժամը 6:00:

     

    Գաղջ երեկոյ` աստղավառ երկինքով: Սրահին մէջ ներկայ էին միտ֊քի ու գրիչի, խօսքի ու բանի Միութեան անդամներ եւ գրասէր հասարակութիւն:

     

    Նախքան միջոցառման սկսիլը ցաւալի դէպք մը  պատահեցաւ մեր Միութեան անդամ հանրածանօթ փրոֆ. Օշին Քէշիշեանին, որ սրտի տագնապի հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, դժբախտ դէպ֊քը ներկաներուն յուզման պատճառ դարձաւ աղօթելով առ Աստուած անոր շուտափոյթ ապաքինում. ան երեկոյին ելոյթ պիտի ունենար:

     

    Ձեռնարկին մեկնարկը կատարեց ԳՀԳՄ-ի նախագահ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան, նաեւ որպէս հանդիսավար, նախ միութեան առընչը֊ւող տեղեկութիւններ փոխանցեց, ապա ներկայացուց երեկոյին ծրա֊գիրը: Ան Արտեմ Յարութիւնեանը ներկայացնելով հակիրճ բառերով անդրադարձաւ անոր հեղինակութեան մասին ըսելով. ՙՀանրայայտ բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեան 21-րդ դարու մեր լաւագոյն բա֊նաստեղծներէն է, ան իր լեզուաոճի, մտածողութեան եւ գեղարուես֊տական ըմբռնողութեան շնորհիւ նոր արահետ բացած է մեր բանաս֊տեղծութեան մէջ: Օտար լեզուներու իմացութեան շնորհիւ ան լաւա֊տեղեակ է եւրոպական եւ ամերիկեան գրականութիւններուն, ան իր ճաշակով անոնց լաւագոյն հիւթը կը ներարկէ մեր բանաստեղծու֊թեան մէջ: Արտեմ Յարութիւնեանի գրականութեան մէջ բուռն ոգեղի֊նութեամբ ներկայացուած են ներկայ ժամանակներու Հայաստանի եւ Արցախի իրականութիւնները՚:

     

    Բեմ հրաւիրուեցաւ Ա. Յարութիւնեան. ան այսպէս սկսաւ իր խօսքը. ՙԲոլոր հանդիպումները սիրոյ եւ այլ տեսակի զգացումներ կը յառաջացնեն ելոյթ ունեցողին մօտ, բայց ես քիչ մը խճողուած եմ, որովհետեւ իմ լաւ բարեկամս, հրաշալի Օշին Քէշիշեանին տարած են շտապ օգնութեան, որ զիս շատ տխրեցուց, յուսով կենսախինդ եւ հումորով լեցուն Օշինը կը յաղթէ հիւանդութեան՚: Ան շարունակելով խօսքը բանաստեղծի առաքելութեան եւ իր մասին ըսաւ. ՙԻնծի չեմ վերագրեր այդ առաքելութիւնը ամբողջովին...: Բնաւորութեանս մէջ արմատացած հակումը լուրջ եւ ազնիւ արուեստի հանդէպ ամրա֊պընդուեցաւ նաեւ իմ կենսափորձով: Ես ծնած ու դաստիարակուած եմ Արցախի մէջ...: Հայրս այնտեղ եղած է Գրողներու Միութեան նախագահ...: Արցախը նաեւ զիս խթանեց չդադրող քաղաքական բռնութեան եւ հասարակական խմորումներու իրավիճակին մէջ բանաստեղծութեամբ զբաղելու անհրաժեշտութեամբ: Ես Ուաշինկ֊թընի մէջ աշխատած եմ որպէս դեսպան Արցախի կողմէ...: Արցախի շնորհիւ հասկցայ, որ բանաստեղծութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ միայն նրբագեղօրէն ճշմարտացի, այլ նաեւ անյաղթահարելի եւ իմաստուն, ոչ թէ միայն ինքնատիպ տարափոխութիւն համաշխարհային նիւթե֊րով, այլ նաեւ նոյն ինքն աշխարհի պատկերումը: Ես կ’ուզեմ, որ բանաստեղծութեան քերթողական իւրատիպութիւնը ըլլայ այնքան գործուն, ինչպէս բռունցքի անհամբեր հարուածը, որ մէկ անգամով կու տանք չաշխատող հեռուստացոյցի գլխուն` փորձելով պատկեր֊ներ կորզել՚: Ան իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց բանաս֊տեղծութեան դերը կեանքի տարբեր տեսակի դրսեւորումնե֊րու նկատ֊մամբ, ապա ընթերցեց բանաստեղծութիւններ իր` ՙՀեռուս֊տապոէմ֊ներ Շուշի եւ Բաբելոն Հիւրանոցներու Աշտարակ֊ներէն՚ գիրքէն, որոնք մտածելու եւ խորհելու առիթ հանդիսացան, արժա֊նանալով ներկաներու գնահատանքին:

     

    Բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեան մինչեւ հիմա հրատարակած է իր ստեղծագործութիւններու հետեւեալ հատորները. ՙՆշաններու Երկիր՚ 1973, ՙՏեսադաշտ՚ 1979, ՙՇեմ՚ 1984, ՙՆերկայութեան Խօսքեր՚ 1988, ՙՀրդեհը Հինաւուրց Հողի՚ 1993, ՙՆամակ Նոյին՚ 1997, ՙՅուդայի Արձակուրդը՚ 2003, ՙՀեռուստապոէմներ Շուշի եւ Բաբելոն Հիւրանոցներու Աշտարակէն՚ 2010 բանաստեղծութիւն֊ներու ժողովածուները: Շարք մը թարգմանութիւններէն յիշենք Փիթըր Պալաքեանի ՙՃակատագրի Սեւ Շունը՚ 2002 եւ ՙԸնտրանի Ամերիկ֊եան եւ Անգլիական Բանաստեղծութեան՚ 2005 հատորները: Ան քանի անգամներ մրցանականերու եւ պատուոյ գիրերու արժանա֊ցած է, նոյնիսկ ներկայացուած է Նոպելեան մրցանակի:

     

    Ամպիոն հրաւիրուեցաւ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիա Համալսարա֊նի Մերձաւոր Արեւելքի Լեզուներու եւ Մշակոյթի Նարեկացի Ամպիո֊նի Տնօրէն Փրոֆ. Փիթըր Քաուին: Ան իր խնամքով պատրաստած զեկոյցին սկիզբը հեղինակին կ’առաջարկէր բանաստեղծութիւններու խտասալիկը պատրաստել իր իսկ կատարումով. ՙՀեղինակին ձայնը զգացումներուն հետ միասին ունկնդրելու, որ գերագոյն հաճոյք պի֊տի ըլլայ մեզի համար՚: Փրոֆ. Փ. Քաուին արժանաւոր հեղինա֊կու֊թիւն կը նկատէ Արտեմ Յարութիւնեանը. իր ծանօթութիւնը եւ ճա֊նաչողութիւնը սկսած կը համարէ հրատարակուած գիրքերու միջո֊ցով ստեղծուած շփումներու ճամբով: Ան նշեց. ՙՅարութիւնեանը հետազօտած է բրիտանական եւ ամերիկեան գրականութիւնները, որով արժանացած է դոկտորական կոչման՚: Յարգելի զեկուցաբերը արժեւորելով անոր գիտական գործունէութիւնը կ’եզրակացնէ. ՙԳիտ֊նական ու թարգմանիչ բազմատաղանդ հեղինակը աւելի ծա֊նօթ է որպէս բանաստեղծ...: Նոր ժողովածուին մէջ հեղինակը առիթ կ’ընձեռէ 20-րդ դարու պատմութեան մօտենալու եւ նոր դիտանկիւնէ ներկայանալու այժմէական ընթերցողին...: Այս հատորին մէջ Յարու֊թիւնեան կը հայթայթէ մեզի ամբողջ շարք մը պատկերներ եւ այդ անդրադարձուած է ընդհանուր վերնագրի ներքոյ` ՙՀեռուստապոէմ֊ներ...՚: Գիրքին մեկնաբանութեան հատուածին մէջ կը նշէ. ՙԳիտնա֊կանը հանդէս կու գայ փիլիսոփայական վերլուծումներով, որոնց միջոցով յաճախակիօրէն կը փորձէ անիմաստ իրադարձութիւնները իմաստաւորել ընթերցողին համար, իսկ բանաստեղծը նոյնպէս կը կերպարանափոխուի եւ ի հարկէ կու գայ մարգարէական տեսիլքնե֊րով, երբեմն երազային, երբեմն մղձաւանջային...: Յարութիւնեան չի թաքցներ իր ըմբոստ, երբեմն հեգնանք տոգորուած վերաբերմունքը աշխարհի կառավարիչներու անխիղճ եւ սխալ գործունէութեանց նկատմամբ...՚: Յարգելի փրոֆեսորը իր գրութեան աւարտին խոր֊հուրդ կու տայ ներկաներուն. ՙ... Վերցնել այս գիրքը, տանիլ տուն եւ ըմբոշխնել՚: Փրոֆեսորը իր խորապէս ուսումնասիրած զեկոյցով Ա. Յարութիւնեանի գրականութեան ծալքերէն երեւան բերաւ բանաստեղծին, գրականագէտին, գիտնականին եւ թարգմանիչին բարձրօրէն գնահատելի ունակութիւնները:

     

    Տաղանդաւոր երգչուհի Անահիտ Ներսիսեան իր սոխակային ձայնով լսարանին երգով հաճոյք պատճառեց: Ինչպէս ամէն անգամ րգելուն, այս անգամ ալ ան գնահատանքի բուռն ծափերու արժանացաւ իր երգած ժողովրդական նուրբ գեղգեղանքով երգին համար:

     

    Կրկին անգամ մեր սիրելի եւ յարգելի Արտեմ Յարութիւնեանը բեմ հրաւիրուեցաւ: Ան շարունակեց բանաստեղծութիւններ կարդալ ապրումով, այնպէս որ սրահը լուռ կը հետեւէր ըմբոշխնելով անոր էութենէն բխած ցասումի, բողոքի, դատապարտութեան, պահանջատիրութեան, քաջագործութեան, հպարտանքի, նուաստացման, քամահրանքի, արգահատանքի եւ  քննադատական բովանդակութեամբ ստեղծագործութիւնները, որոնք կ’առընչուէին Հայաստանի ցաւալի երեւոյթներուն, Արցախի գոյամարտին առընչուող իրադարձութիւններուն, Թուրքիոյ իրագործած Ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն, Պաքուի եւ Սումկայիթի սպանութիւններուն, Ուաշինկթընի մօտ դեսպան եղած օրերու տպաւորութիւններուն եւ հասարակական կեանքին կապուող ահաւոր արատներուն հետ:

     

    Արդարեւ ունեցանք բանաստեղծութեան հոգեպարար երեկոյ: Հիւրասիրութեան ընթացքին մեծ գոհունակութեամբ միտքերու փոխանակութիւն կատարուեցաւ երեկոյին շուրջ:





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը