- ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆԻ ՆՈՐԱՏԻՊ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ԴՈԿՏ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Շնորհք կը կատարուի այսօր մեզի երբ շնորհալի վարդապետի նորագոյն հատորին շնորհահանդէսը կը կատարենք: Շեշտը շնորհքին վրայ կը դնենք, աւելի քան հանդեսին:
Խօսուն է խորագիրը:
Կարծէք անմեղ աշակերտը վարդապետի կողքին նստած, արթուն մտքով կ’ուզէ լսել հետաքրքրական պատմութիւն մը:
Թէ արդեօք պատմի՞չն է, որ կ’ուզէ լսել իր խօսածը որպէսզի իմաստաւորուին տեղեկութիւնները, վերաքննուի պատմութիւնը, եւ ճշդըւին շեշտադրումները:
Նուրբ է այս պատմութեան նիւթը, հայ ժողովուրդի ալեկոծ ու մարտիրոսական ներշնչիչ պանդխտութեան նման:
Նիւթին կորիզը Եկեղեցին է, մեղանչական մարմինը սուրբերուն, մերթ քրիստոսագլուխ, մերթ քրիստոսազուրկ:
Ինչպէ՞ս խօսիլ ու գրել եկեղեցական պատմութիւն: Գրել այդ մարդկային-երկնային իրականութեան մասին` որուն մարդկային առարկայական ներկայացումն իսկ անհնարին է. Հապա ո՞ւր մնաց ներկայացնել եկեղեցին որպէս աստուածային սուրբ հոգւոյն գործունէութեան համապատասխան հասցէն:
Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան վարժապետի այս հարուստ հատորը պտուղն է երկարամեայ ծառայութեան, սերտողութեան, դասաւանդութեան ու վստահաբար աղօթքի:
Հայոց պատմութեան դասական դասագիրք մը չէ, ոչ ալ հանրագիտարան: Իր ոճով քննական ակնարկի բնոյթունենալով հանդերձ պատմութեան աւանդական զարգացումի սերտողութիւն է եւ մարտահրաւէր: Մտքով` հեղինակը կ’ուզէ հրաւիրել ընթերցողը քննական մօտեցում ունենալու: Սրտով` նրբութեամբ կը վարուի աւանդութեան հետ: Գրուած է կարծէք հայոց եւ Հայ եկեղեցական պատմութեան մասին արդէն իսկ ընդհանուր տեղեկութիւն ունեցած մարդոց, որոնց հետ հեղինակը կ’ուզէ երթալ մէկ քանի քայլ առաջ: Միջին եզրի հատոր է, աւանդաքննական, որ 20-րդ դարու պատմագիտական հարցումներով կը խօսի 21- րդ դարու հայուն: Կարծէք կ’ըսէ աշակերտին ՙաւանդալքութեան հոսանքը թող քեզ արմատախիլ չընէ՚:
Եւ կը խօսի մեզի գիտակից վարդապետը, հատորի առաջին հինգ գլուխներուն մէջ մարդաբանական ու աստուածաբանական զգուշութեամբ:
Հաւատացող մարդուն առաջին խորիմաստ եզրակացութիւնը այն է, թէ կեանքը ինքնահեղինակ չէ: Եթէ կամ ես, ուրեմն կայ գլխագիր ԱՆ, հզօրը:
Կ’արդարանայ հեղինակը դիցաբանութեան եւ անոր հայացումին: Հայը զինք շրջապատող մշակոյթներէն կ’ազդուի նաեւ կրօնական մտապատկերներով, բայց հոն ուր կ’օգտուի պարզապէս չ’ընդօրինակեր, այլ կը հայացնէ, նոյնիսկ չաստուածներն ու դիցուհիները: Նոյնը կը կատարէ հայը ետքը քրիստոնէական ոլորտին մէջ:
Այսպէս հայր Անդրանիկին համար գետինը կը պատրաստուի ներկայացնելու քրիստոնէական կրօնը, որ կը նկարագրէ որպէս ՙխստապահանջ կրօն՚, խաչի ու բացարձակի կրօնը ուր անըմբռնելի ու հրաշալի կերպով ՙ Արարիչը արարած՚ դառնալու … մարդեղութեան... իրականութիւնը կը ներկայցուի:
Իսկ եկեղեցին, հոգեգալստեան օրը ծնած ընդհանրական եկեղեցին, համազգային ու համամարդկային մարմինն է քրիստոնէութեան, որ մկրտութեամբ ու վկայութեամբ կը գործէ չորս յատկանիշներով.
Եկեղեցին մէկ է, ընդհանրական է , առաքելական է , եւ սուրբ:
Իսկ ի՞նչն է գաղտնիքը եկեղեցւոյ աճման: Հաւատացեալներուն օրինակելի կեանքը` ի գին հալածանքի ու նահատակութեան: Հոն չկայ սահման ու պայման, այլ նոյնիսկ զարգացած եկեղեցւոյ մօտ կայ փոքրին եւ տկարին նկատմամբ յատուկ հոգածութիւն ու սէր:
Եւ կը բացուի լայն ու խոր մարզը Հայ եկեղեցւոյ մանրամասնուած պատմութեան, Մերուժանէն Լուսաւորիչ, Մեսրոպէն Քաղկեդոն, Արաբական շրջանէն Կիլիկիոյ Հայ թագաւորութիւն, Շնորհալիէն Սիս ու Էջմիածին, թագաւորութենէն միլլէթ, Արծիւեանէն Մխիթար, Փէշտիմալճեանէն Փրօթեսթանթ միլլէթ:
Իսկ այս խորիմաստ Կռանյանական ներկայացումին մէջ կան շեշտեր, դասեր ու հարցեր որոնք կրնանք քաղել դարերու պատմութենէն, մանաւանդ երբ ան մանրամասնօրէն կը խօսի հայրապետներուն կեանքին ու գահակալութեան մասին:
Ուստի հոս կը ներկայացնենք այս հատորի շեշտերէն այն մի քանին, որոնք մեր ուշադրութիւնը յստակօրէն գրաւած են.
1. Աւանդութիւնը կարեւոր հիմ է, սակայն ենթարկուելու է քննական սերտողութեան:
Այսպէս` Թադէոս եւ Բարթողոմիոս առաքեալներու քարոզութեան պատմաբանութիւնը կը քննէ հեղինակը,- ՙ…մինչ ստոյգ է Հայաստանի մէջ նախալուսաւորչեան շրջանի ասորի եւ յոյն եկեղեցիներուն կողմէ կատարուած քարոզչութիւնը, հարցական կը մնայ Թադէոս եւ Բարթողոմիոս առաքեալներուն Հայաստան կատարած քարոզչութեան ազդեցութիւնը՚ (78)
Երբ կը խօսի նախալուսաւորչեան Հայ եկեղեցւոյ մը գոյութեան մասին կը բացատրէ թէ ՙ մինչեւ Լուսաւորիչ տարածուող պատմաշրջանին պարապութիւնը լեցնելու...՚ ջանքովª պատմութեան էջերը կը յիշեն երկու առաքեալներէն մինչեւ Ս. Գրիգոր յաջորդած անձերու ցանկ: (89) Հեղինակը հարցականի տակ կ’առնէ Հռիփսիմէի եւ կոյսերու աւանդավէպի պատմութիւնը (94), ինչպէս նաեւ Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսական աթոռի հաստատման հնագոյն թուականներու աւանդութեան պատմականութիւնը:
2. Եկեղեցի - Քաղաքականութիւն- Ընկերութիւն
Կռանեանի գրքին մէջ անքակտելի երրեակ կը կազմեն վերոյիշեալ երեքը: Եկեղեցին ու եկեղեցականը կը գործեն այս աշխարհին մէջ, ընկերութիւններու մէջ ուր կայ ուժ, շահ, աթոռ ու մշակոյթ: Տրդատ Թագաւորի Քրիստոնէացումը ունի նաեւ քաղաքական բնոյթ: Ետքը կայ Հռոմի պապի հետ զինակցութեան ու կրօնական դաշինք (105): Իսկ Քաղկեդոնի ժողովը ուղղափառական կռիւէն զատ, ունի նաեւ նուիրապետական վէճ: (148)
Գալով Կիլիկիոյ Հայ թագաւորութեան ու խաչակրութիւններուն, ՙինչպէս որ խաչակիրներուն յաջողութիւններուն մասնակից եղած էինք, մասնակից դարձանք անոնց ձախողութիւններուն՚: (198) եւ այս նաեւ կրօնապէս:
Իսկ հատորի բոլոր բաժիններուն մէջ կայ Արեւելք - Արեւմուտք, Պարսկաստան -Յունաստան ու անդին մինչեւ Լատին աշխարհ ազդեցութիւններու շարք մըª ռազմական, կրօնական, քաղաքական ու անձնական մօտեցումի ու շահի: Ի միջի այլոց կարելի է յիշել թէ Հայր Կռանեան կարծէք կը նախընտրէր որ հայ եկեղեցական պատմութեան ընթացքը աւելի Արեւմտեան ըլլար եւ Արեւելեան: (151)
3. Արքայ-Հայրապետ Արքունիք. եկեղցի պայքար ու գոյակցութիւն ՙՀայոց եկեղեցին, Ս.Գրիգորէն ետք... իր դէմ պիտի ունենայ մէկ կողմէ հեթանոսութիւն, որ լման նուազած չէր տակաւին, միւս կողմէ հայոց արքաները: (107)
4. Գրքի էջերուն մօտաւորապէս մէկ երրորդը նուիրուած է հայրապետներու եւ սուրբերու, որոնց մէջէն մեր դատումով Կռանեան յատուկ համակրանք կը ցուցաբերէ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Գրիգոր Բ.Վկայասէրի նկատմամբ: Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան առանցքը կազմող օրինակելի անձերը աղերս ունին բոլոր ժամանակներուն համար. զոհողութիւն, միութենական հոգի, նուիրում, հաւատք, գործունէութիւն: Կայ նաեւ անկում, դաւադրութիւն ու ոճիռ:
5. Հայ եկեղեցւոյ միութւնը
Արդէն յստակ է հատորի խորագրէն, թէ Հայր Անդրանիկ կը խօսի եկեղեցական մէկ էութեան մասին, ինչ որ կը կրկնուի հատորի բոլոր նիւթերուն արծարծումին մէջ: Կը շեշտուի, թէ նոյնիսկ հայ կաթողիկէ Մխիթար եւ Արծիւեան հայրերը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ միացման հոգին լքած չէին բնաւ եւ կը մնային աղօթող Եկեղեցիին միութեան համար: Հոս հարկ է ընդմիջել, թէ 27-րդ էջին մէջ նախադասութեան մը շարադրութեան եւ ընդհանրութեան համաձայն պիտի չըլլանք, ուր կÿըսուի. ՙՄխիթար եւ Արծիւեան իրենց ժամանակներուն` Սուրբ հոգիով կը շարժէին, իսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցին` ազգային հոգիով: Այն օրը, որ Ս.Հոգին ու ազգային հոգին մեր մէջ միանան, մենք Աստուծոյ ուղիին վրայ պիտի ելլանք՚: Կրնանք հաւատալ, թէ սուրբ հոգին կարող է նաեւ խօսիլ ու գործել ազգային ու քաղաքական հոգիին ընդմէջէն նաեւ:
Հայր Կռանեան կÿանդրադառնայ Միութենական ջանքերու կարելիութեան, մինչեւ օրս եւ ապագային: Իսկ անձնապէս կը փափաքիմ աւելցնել, թէ պատմութեան վերաքաղը չէ անպայման, որ կÿառաջնորդէ եկեղեցական պատմութիւններու հաշտեցման: Եկեղեցիին միութիւն կը գործուի հոն ուր սէրը, ծառայութիւնը, մարտիրոսութիւնը եւ բարի լուրի վկայութիւնը կը տիրեն ու կÿառաջնորդեն:
Եկեղեցին մէկ է -անշուշտ- իսկ Հայ եկեղեցիները չեն կրնար մէկէ աւելի ըլլալ: Անոնք որոնք մէկ չեն, մէկէ աւելի բարձր չեն կրնար ըլլալ, ուստի մէկէ նուազ են անպայման:
Միայն Քրիստոսի հոգիով կրնանք բարձրանալ առաւելագոյնին` միութեան-մէկին:
Եզրափակելով կը կրկնեմ, թէ ՙԽօսէ Ինծի Հայ Եկեղեցիի Մասին՚ հատորը մեզ կը հարստացնէ ընդհանրապէս Հայ եկեղեցիին բարդ նիւթերու սերտողութեան պապանցումի այս դարուն, որ գուցէ ըլլայ նշան մը իրարու հանդուրժելու եւ համբերելու:
Սակայն եւ այնպէս նոր սերունդները կարօտ են հին պատմութեան նոր արձանագրութեան, ինչ որ կը կատարէ Վարդապետը ձեռնհասութեամբ: Հայր Կռանեանի կատարածը առաքելութիւն է ուղղուած ապագային: Անցեալը, պատմութիւնները եւ իր հարցադրութիւնները միջոցներ են ապագայի եկեղեցի ըլլալու փափաքին ու աղօթքին:
Վստահաբար այս հատորը չէզոք գիրք մը չէ, ինչ որ չէ նաեւ հեղինակը:
Եկեղեցւոյ կեանքը եւ հաւատքը չէզոքութիւն չեն:
Հայր Կռանեան ունի դիրք, դիտանկիւն անցեալի նկատմամբ, Հռոմի նկատմամբ, Քաղկեդոնի նկատմամբ, Պոլսոյ պատրիարքութեան նկատմամբ, Հայ եկեղեցւոյ հինաւուրց արեւելահայեաց ըլլալուն նկատմամբ, որոնց մասին կրնանք տարակարծիք ըլլալ կամ չըլլալ:
Հեղինակը կÿապրի իր ինքնութիւնը եւ կÿարտայայտէ զայն:
Հայր Անդրանիկ կը փորձէ մեզ կապել պատմութեան, կÿուզէ ազատագրել այն ինչ որ կրնայ կապուած ըլլալ, նոյնիսկ եթէ այդ կապուածութիւնը իր մէջ ալ գտնուի կամ իր աշակերտներէն ոմանց մէջ, ինչպէս այս ներկայացումը կատարողը:
Հայր Անդրանիկ վարձքդ կատար այս հատորին մէջ, բայց դեռ խօսինք եկեղեցիին, Հայ եկեղեցիին, մեր բոլորին ներկայ թերութիւննրեուն վրայ: Խօսինք որպէսզի հաւատան:
Երկար շունչ քու առաքելութեանդ:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































