Zartonk

19 Մայիս

  • «ԵՐԲ ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ»


    2010-ը Հայ Մանուկի Տարի էր եւ 2011-ը Հայ Գիրքի: Այս իմաստով մանուկը եւ գիրքը կը միանան եւ ինչ լաւ է տեսնել` թէ կը միանան այսօր «Աստուածաշունչով»: Այսպէս արտայայտուեցաւ  Վարուժան Արք. Հերկէլեան`  կիպրահայ գաղութի կաթողիկոսական փոխանորդը` «Մանկա-Մեսիա» մանուկներու հայերէն Աւետարանի բաժանմունքի ընթացքին` Նարեկ Ազգային վարժարանի աշակերտութեան, Նիկոսիա-Կիպրոս, Հինգշաբթի 19 Յունուար 2012-ին:

     

    Նարեկ Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Վերա Թահմազեան կատարեց բարի գալուստի խօսքը` յատկապէս արժեւորելով այն իրականութիւնը, թէ հայ գիրքի տարին կը սկսինք Աստուածաշունչի բաժանմունքով: Տիար Հրայր Ճէպէճեան` ընդհանուր քարտուղար Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու խօսեցաւ կարեւորութեանը մասին` իւրաքանչիւրիս կեանքերուն համար եւ ի մասնաւորի հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս: Խօսք առաւ նաեւ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան Մանկա-Մեսիա Աւետարանի հայերէն թարգմանութեան եւ խմբագրութեան պատասխանատուն, որ անդրադարձաւ գիրքին տարբեր բաժանմունքներու մասին` բացատրելով քարտէսներու  ներմուծումէն կերպարներու մանրամասնութեան եւ այլ տուեալներու մասին: Տիար Վարդան Թաշճեան, Նարեկ Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետը, խօսեցաւ գիրքի անհրաժեշտութեանը մասին ընդհանրապէս եւ Աստուածաշունչի մասնաւորապէս` եւ անոնց անհրաժեշտութեան կրթա-դաստիարակչական կեանքերու մէջ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր եւ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեաններուն այս նախաձեռնութեան համար, որ Նարեկ վարժարանի աշակերտութիւնը ստացաւ նուէր օրինակ մը` Մանկա-Մեսիա Աւետարանէն:

     

    Տիար Հրայր Ճէպէճեան` Մանկա-Մեսիա Աւետարանի այս նոր հրատարակութեան առթիւ ընդգծելով անոր կարեւորութեան ըսաւ. «...Շատ ուրախ եմ, որ այս Աւետարանները կը նուիրաբերուի եւ ի մասնաւորի Ճափոնական «Մանկա» ընկերութեան, որ ամէն ձեւով օգտակար հանդիսացաւ հայերէնի տպագրութեան համար: Մեր նպատակն է հասնիլ հայ նոր սերունդին ներկայ ժամանակներու յարափոփոխ մշակոյթներու եւ տեղեկատուութեան  աշխարհի ստեղծած բոլոր արդիական մարտահրաւէրներուն մէջէն` փոխանցելով իրենց Աւետարանի անփոփոխ պատգամը»:

     

    Մանկա` ճափոներէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ կենդանի պատկեր: Այս կերպարը ներկայ ժամանակներուն ստացած է մեծ ընդունելութիւն նոր սերունդին համար եւ աշխարհով մէկ: Այս հատորը թարգմանուած է աւելի քան 20 տարբեր լեզուներով` եւ հայերէնը կը հնադիսանայ վերջինը անոնց շարքին: «Մանկա-Մեսիա» կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսի պատմութիւնը հարազատօրէն առնուած չորս Աւետարանիչներէն եւ 288 գունազարդ էջերով: Գիրքին վերջաւորութեան կան բացատրողական քարտէսներ` Աստուածաշունչի մէջ ներկայացուած տարբեր շրջաններուն մասին յաւելեալ  բացատրութիւններ տալու հոն. գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Աւետարաններու մէջ ներկայացուած անհատներու նկարագրային յաւելեալ յատկանիշները` աւելիով բացատրելու ընթերցողին. կերպարներու կարեւորութիւնը:

     

    Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին Աստուածաշունչի ընկերութիւնը նախաձեռնեց այս ծրագրին` գործակցաբար Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային Առաջնորդարանին հետ: Եթէ ծրագիրը սկսաւ որպէս «2011 Հայ Մանուկի» տարուայ առթիւ այդ մէկ նախաձեռնութիւնը` բայց նաեւ ամբողջացաւ «2012 Հայ Գիրքի» տարուայ ընթացքին: Այս իմաստով հայ մանուկը միացաւ հայ գիրքին սատարելով Ազգային-Քրիստոնէական նկարագրի յաւելեալ կերտումին:

     

    Նարեկ Ազգային վարժարանի աշակերտութեան ուրախութիւնը լաւագոյն արտայայտութիւնն էր` այս առաքելութեան անհրաժեշտութեան եւ կարեւորութեան: «Մանկա-Մեսիա» Աւետարանը բաժնըւեցաւ Քուէյթի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Պոլսոյ եւ Կիպրոսի հայաշատ գաղութներուն մէջ, աւելի քան 4500  տպաքանակով: 





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը