- ՐԱՖՖԻ ԹՈՔԱԹԼԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ՇՔԵՂ ՊԱՏԿԵՐԱԳԻՐՔ-ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՌԱՍՊԵԼԻ ՄԻՋԵՒ

Այս տարի Սրսոք թանգարանի կերպարուեստի գլխաւոր մրցանակը շնորհուեցաւ քանդակագործ`Րաֆֆի Թոքաթլեանի, իսկ ամիսներ առաջ Լիբանանի ՙԱնթուան՚ հրատարակչատունը լոյս ընծայեց անոր կեանքին եւ գործին նուիրուած լաթակազմ, գունաւոր եւ շուրջ 180 էջերէ բաղկացած հոյակապ հատոր մը, որուն հեղինակն է արուեստաբան Էտկար Դաւիթեանը, որ երկրորդական կրթութիւնը Լիբանանի մէջ ստանալէ ետք կը մեկնի Փարիզ, ուր նախ կ’աւարտէ Սորպոնի քաղաքական գիտութիւններու բաժինը (M.A.) եւ ապա կը մասնագիտանայ դոկտորայի (Ph.D.) վկայականի: Ֆրանսայի մէջ կը հրատարակէ երկու հատոր ՙՇաքարափամփուշտ՚ը եւ ՙԱնպատկառօրէն Կը Պոռամ՚, որոնցմէ առաջինը թատերգութիւն մըն է, որ կը բեմադրուի 1987ին ու երկու տարի անընդհատ կը խաղցուի Փարիզի մէջ: Լիբանան վերադառնալէ ետք ան շրջան մը կը խմբագրէ ՙFirst Look՚ եռամսեայ արուեստի պարբերականը: Զուգահեռաբար նաեւ կ’աշխատակցի ՙԼը Րէվէյ՚ի իբրեւ մշակութաբան եւ ապա քսանհինգ տարիներէ ի վեր ՙԼ’Օրիան Լը Ժուր՚ մշակոյթի էջի պատասխանատու պաշտօնը:
Րաֆֆի Թոքաթլեան արդէն իսկ միջազգային ճանաչում ունենալու ճանապարհին վրայ կը գտնուի: Անոր ստեղծագործական կեանքին մասին որոշ գաղափար մը ունենալու համար, ստորեւ թարգմանաբար կու տանք հատուած մը Էտկար Դաւիթեանի վերլուծումներէն:
ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՌԱՍՊԵԼԻ ՄԻՋԵՒ
Ձգողութեան ուժը արհամարհող ու մարտահրաւէր կարդացող լարախաղացներ, սուսերամարտիկի մկաններով, բարակ մէջք ու վտիտ բազուկներ, հուժկու սրունքներ նման այն հեծեալին կամ վազողին, որ ունի լարախաղացի մը ոտքերն ու աճպարարի մը յօդերը:
Պարագրութիւն մը, որու նիւթը խառնուած, շաղախուած, ծեծուած է եւ մտահոգիչ կերպով ենթակայ խռովիչ երազներու պատկերներու հրահանգներուն, յարատեւ եւ խուսափող`միաժամանակ:
Տառապող մարդկութեան մը բացայայտօրէն նշմարելի ահազանգի կանչին երեւակայութեան թռիչքը: Մէկը այն բազմաթիւ պատկերներէն, որ խաւարէն եւ ճնշող ուժէն պատառոտած`բաժան բաժան եղած է մտահոգութեան, ճնշուածութեան, քաոսին եւ աղաւաղումին միջեւ:
Այրեր ու կիներ որոնք շարժուձեւեր կ’ընեն, անարգուած, խեղաթիւրուած, այնուամենայնիւ յաճախ ուրախ`պարին առթած փախուստին եւ ազատութեան մէջ: Առընչուած իրարու թունալից երազանման բնութեամբ, մահուան ցանկութեամբ, քիչ մը խելագարութիւն եւ բնական ու առողջարար մերկութիւն որ սակայն չի նեղացըներ, չի գրգռեր:
Տեւապէս առինքնող, անկանխատեսելի եւ վտանգաւոր պալէ մը որ կը կատարուի արարածներով, որոնք զիրար կը խաչաձեւեն մեղադրանքներէ զերծ ստուերային թատրոնի ամէն տեսակի պատկերներով, որոնելու լոյսը, փրկութիւնը, խաղաղութիւնն ու հանդարտութիւնը, ի հեճուկս վտանգներով եւ թակարդներով փշալարուած ուղիի մը:
Խումբին առաջնորդը կին մըն է, ինչպէս Էօժէն Տելաքրուայի Ազատութիւնը Հակակշռող Մարդոց պարագային: Կինը արգասաւոր ծնողն է, սնուցանող մայրը եւ կեանքի բանալիներուն պահապանը:
Կինը, ամէն կարգի այլափոխութիւններէն եւ փոխակերպութիւններէն անդին, մշտարթուն եւ յաւիտենական մարմնացումն է աւելի լաւ ապագայի մը յոյսին, եւ այս բոլորէն վեր`անսպառ ներշնչումի աղբիւր է:
Անհամեմատելի մուսա մը, որ շռայլօրէն ուժ, տոկունութիւն եւ կեանք կը հայթայթէ:
նոր շուրջն ու գիրկը կայ այրը (երախայ մը, Ատոնիս կամ պատրիարք մը), անդադրում շինարարը, որ Սիզիւֆիսի (Սիզիփոս) նման կը դիմակալէ իր առօրեայ անպարտելի կեանքը եւ Պրոմէթէոսին նման կը ձգտի սահմանազանցելու զայն:
Նիւ Եորքի գերազանցապէս արդի ցուցասրահէն, այն hզօր քաղաքէն, որ կը ստեղծէ եւ կը գործադրէ միջոցառումներ, մինչեւ Վենետիկի Զէնոպիօ Պալատին հայելիները, պատուհանները, կամարները կամ որմանախշերն ու մարմարեայ յատակը, Րաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակները անցած են հեռաւորութիւն, ժամանակ ու վայր հանդիսաւորապէս եւ կատարեալ անտարբերութեամբ: Անցումներ` նման թաղման ցնցիչ թափօրներու, որոնք կ’արթնցնեն մեռելները, որպէսզի զանոնք աւելի լաւ ձեւով միացնեն ողջերուն:
Հաւաքական յիշողութեանց խորերէն եկած, այս քանդակները կը կրեն խառնակութեան նշանները, երկրային գեղեցկութեան շողարձակումները, եւ տգեղութիւնը, ինչպէս նաեւ վերացումի իմաստը, անկումը, մարդ էակի վերելքն ու անբարոյութիւնը , պարզօրէն եւ առանց զիջումի:
Րաֆֆի Թոքաթլեանի երեւակայութեան մօտակայքը, գիտակցաբար թէ ենթագիտակցաբար, կան անունները Հաուըրտ Ֆիլիփս Լավքրաֆթի, Ճերոմ Պոշի, Արնոլտ Պելինի եւ Ալֆրէտ Քունինի: Մարդակեր ոգիի մը բոյրը, աւելի հարազատ ու մօտ արդի տեսողական մշակոյթին, առանց սակայն անոր բացորոշ ախտաւորութեան, կամ ծայրահեղ հեթանոսութեան: Կոթական արտայայտութեան քօղ մը, որ սնած է նաեւ ասիական ու հայկական զարդերէն եւ կը յիշեցնէ Ակքորի ազդեցութիւնը:
Պատերազմներու եւ վայրագութեան տուայտանքը, ուժին եւ իշխանութեան խելագարութիւնը, աննիւթականութեան սեփականազրկումը կամ զեղխութիւնը հոս են`իրենց երկրային եւ պսպղացող շպարով, Եանուսի այս երկու դէմքերուն մէջ:
Եանուս չի շփոթուիր թիւրիմացութիւններէ եւ կը շարունակէ իշխել փոփոխականին ու մնայունին, օրինականութեան ու քաոսին, խաբուսիկին եւ իրականին, պատերազմին ու խաղաղութեան : Մէկ խօսքով տիեզերական այս յարատեւ խառնակութեան:
Դասեր քաղելով իմաստութեան, քօղազերծումի եւ թաքուն գեղեցկութեան, ան կ’ապահովէ անցումներ եւ անցքեր, վար առնելով դիմակները թափանցիկութեան հանգոյն, դրականօրէն գիտակցելով եւ մերժելով յաւերժացնել պատմութեան կրկնումը:
Ստուերի եւ լոյսի այս երկուութիւնը, հակասութիւներու կապակցութիւնը, անբաժանելիին եւ անանջատելիին հաւասարակշռութիւնը`Րաֆֆի Թոքաթլեանի բոլոր դրսեւորումներուն կնիքը, մակնիշն ու պիտակն են:
ԷՏԿԱՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































