Zartonk

19 Մայիս

  • ՏԽՈՒՐ ԱՉՔԵՐՈՎ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ ՈՐՈՆՑ ԺՊԻՏՈՎ ԱՇԽԱՐՀԸ ԱՆԱՍԵԼԻ ԿԸ ՋԵՐՄԱՆԱՐ


    Երբ ես ինքզինքս սիրեցի`

    դադրեցայ միշտ իրաւացի ըլլալ

    եւ ա՛յն ատեն ալ աւելի

    ու աւելի քիչ սկսայ սխալիլ...

     

    Չարլի Չափլին

     

    Այսօր Երկիր մոլորակի վրայ սրտխառնուքի չափ շատցած են աստղերը: Երկրի վրայ անոնք աւելի են քան երկինքին մէջ: Ինչ տեսակներ ըսէք կան` ՙաստղեր՚, ՙգերաստղեր՚, ՙմեկա-աստղեր՚, որոնք հեղեղած են հեռուստատեսային պաստառներն ու (չեմ վախնար այդ բառէն), այդ վարակը հետեւողականօրէն կը փորձեն տարածել նաեւ մշակոյթի այլ ասպարէզներուն մէջ: Մեր` ակընդիր-ունկընդիրներուս մեղքն է, որ  անոնց գռեհիկ, արհեստական ու կեղծ փայլը երբեմն իրական ադամանդի շքեղաշուք փայլի հետ կը շփոթենք: Այդ մասին հրաշալի դատողութիւններ ու պատմուածքներ ունի քսաներորդ դարու ամենատխուր ու ամենալուսաւոր մարդոցմէ մին, աշխարհահռչակ ծաղրածու Լիոնիտ Ենկիպարեանը: Հակառակ իր անձնական ողբերգութեանց ու նոյնքան ալ ողբերգական վախճանին, ոչ ոք այդքան ջերմ ու սրտառուչ, անբռնազբօս ժպիտ, ծիծաղ ու երջանկութիւն պարգեւած է մարդոց:

     

    Այս մասին գրելու փափաք մը կար, երբ յիշեցի անոր մէկ խօսքը, որ գալիք սերունդներուն ուղղուած կտակի կը նմանի.

     

    ՙԵթէ երբեւէ գնահատէք համեստ աշխատանքս ու որոշէք իմ մասիս գրել, անպայման շարադրանքը իմ մեծ նախորդիս ու հոգեւոր հօր` Չարլի Չափլինի մասին պատումով սկսեցէք: Այդ ինք էր, որ քսաներորդ դարուն վերականգնեց միջնադարեան արքայական Ծաղրածուներու դերն ու կարեւորութիւնը եւ ագահութեան ու ամբարտաւանութեան նեխահոտ ճահիճին մէջ, օր ըստ օրէ աւելի խորունկ թաղուող աշխարհի մեծամեծներու դէմքին նետեց  ճշմարտութեան լուսէ ճառագայթները: Ես ընդամէնը անոր հանճարին համեստ ժառանգորդն եմ...՚:

     

    Ասիկա այնքան ալ այդպէս չէ եւ Լեոնիտ Ենկիպարեանը հանճարեղ Չափլինին քով կրնար բազմիլ հաւասարի իրաւունքով, զրոյց մը, որ ուրիշ առիթի կը ձգենք: Հիմա սակայն յարգելով բեմի հանճարին այդ կտակը, երթանք իր ցանկութեան հետքերով եւ գրենք Չափլինին մասին` ընթերցողներուն ներկայացնելով իր աղջկան` պարուհի-դերասանուհի Ճերալտին Չափլինին ուղղուած նամակէն հատուածներ: Ներկայացնենք նաեւ այն յոյսով, որ նորօրեայ կեղծ աստղերն ալ երբեւէ կ’ընթերցեն Չափլինին այս նամակը ու եթէ այդ ընթերցումէն ետք ալ ոչինչ փոխուի, ուրեմն ամէն բան շատ աւելի լուրջ եւ վատ է, քան մենք իրականութեան մէջ կը պատկերացնենք.

     

    ՙ...Հոս, հեքիաթային Փարիզի մէջ, աղջիկս,  դուն Շանզէլիզէի փառահեղ թատրոնի բեմահարթակին վրայ կը պարես: Ինծի կը թուի, թէ գիշերուան լռութեան մէջ  քայլերդ կը լսեմ, աչքերդ կը տեսնեմ, որ կը փայլին, ինչպէս աստղերը  ձմեռուան գիշերին մէջ: Ես լսած եմ, որ տօնական ու շողշողուն այդ ներկայացման մէջ դուն թաթար խանէն գերուած պարսիկ գեղեցկուհիին դերը կը խաղաս: Գեղեցկուհի՛ եղիր եւ պարէ, ա՛ստղ եղիր ու փայլէ, բայց եթէ հանդիսատեսին ցնծութիւնն ու շնորհակալական խօսքերը արբեցնեն քեզ`  ունկնդիր եղիր հօրդ ձայնին.

     

    Ես հայրդ եմ, Ճերալտին: Ես` Չարլի Չափլինը:

     

    Գիտես, թէ քանի-քանի գիշերներ անցուցած եմ մահճակալիդ քով, երբ պզտիկ էիր դուն:  Երբ քունը կ’իջնէր իմ ծերացող աչքերուս, ես կը խնդայի`ՙՀեռացի՛ր, իմ քունս իմ աղջկաս երազանքներն են՚: Ես կը տեսնէի բեմին վրայ խաղցող աղջիկ մը, երկինքին մէջ ճախրող  փերի մը: Կը լսէի, թէ ինչ կ’ըսեն մարդիկ. ՙԿը տեսնե՛ք այս օրիորդը: Ծեր ծաղրածուին աղջիկն է ան: Անունը կը յիշէ՛ք` Չարլի էր՚:

     

    Այսօր կարգը քուկդ  է: Պարէ՛: Ես պատառոտած տաբատով կը պարէի, իսկ դուն արքայադուստրի մետաքս հագուստով: Այդ  պարերն ու ծափահարութիւններուն որոտը քեզի երկինք կը հանեն: Բարձրացի՛ր: Բարձրացիր հոն, աղջիկս, բայց եւ վերադարձիր երկիր, դուն պէտք է տեսնես, թէ ինչպէս կ’ապրին մարդիկ, ինչպէս կ’ապրին ծայրամասերու փողոցներուն պարուհիները: Անոնք  ցուրտէն ու անօթութենէ դողալով կը պարեն: Ես այդպիսին  եղած եմ, Ճերալտին: Այդ գիշերներուն, այդ կախարդական գիշերներուն, երբ դուն իմ հեքիաթներէս օրօրուելով կը  քնանայիր`  ես ինծի հարց կու տայի. ՙՉարլի, այս անուշիկը երբեւէ պիտի ճանչնա՛յ արդեօք քեզ՚: 

     

    Դուն չես ճանչնար զիս,  Ճերալտին... Ես շատ հեքիաթներ պատմած եմ  քեզի այդ երկար գիշերներուն, բայց իմս, ի՛մ հեքիաթս չեմ պատմած, որ նոյնպէս հետաքրքրական է: Հեքիաթ` անօթի  ծաղրածուին մասին, որ Լոնտոնի աղքատ թաղամասերուն մէջ կ’երգէ ու կը պարէ, իսկ յետոյ... ողորմածութիւն կը յայցէ... Ահա իմ հեքիաթս: Ես գիտեմ, թէ ինչ ըսել է սով, ինչ ըսել է անօթեւան ըլլալ: Դեռ աւելին` ես ճաշակած եմ ստորացնող մորմոքը այն թափառական ծաղրածուին, որուն կուրծքին տակ հպարտութեան ովկիանոս մը կը փոթորկէր եւ այդ հպարտութիւնը կը մեռնէր նետուած դրամներէն ... հակառակ այդ ամէն ինչին ես կ’ապրիմ, իսկ ապրողներուն մասին սովորաբար քիչ կը խօսին:

     

    Քու անունիդ, Ճերալտին,  իմս կը հետեւի` Չափլին: Այդ անունով ես աւելի քան քառասուն տարի խնդացուցած եմ մարդիկը: Բայց ես անոնց խնդուքէն աւելի լացած եմ: Ճերալտին, այն աշխարհին մէջ, ուր դուն կ’ապրիս, միայն պարերն ու երաժշտութիւնը չէ, որ գոյութիւն ունին...: Կէս գիշերին, երբ դուն դուրս կ’ելլես մեծ դահլիճէն, կրնաս մոռնալ հարուստ երկրպագուներդ, բայց մի՛ մոռնար քեզ տուն տանող թաքսիի վարորդը, անոր կնոջ մասին հարցուր...: Եթէ ան յղի է, եթէ իրենց երախային համար շապիկ գնելու դրամ չունին, դրամ դիր ձեռքին մէջ: Ես ըսած եմ, որ դրամատունը վճարէ  այդօրինակ ծախսերդ, քանի որ  դուն ալ իրենց պէս ես դստրիկս, նոյնիսկ աւելի պակաս: Նախքան մարդուն թեւեր տալը,  որպէսզի ան կարենայ ամպերէն վեր  ճախրիլ,  արուեստը սովորաբար նախ ոտքերը կը կտրէ:  Եթէ գայ այն պահը, երբ դուն ինքզինքդ վեր զգաս հասարակութենէն, անմիջապէս ձգէ բեմը: Նստիր առաջին իսկ պատահած թաքսին եւ գնա Փարիզի արուարձանները: Ես շատ լաւ գիտեմ այդ արուարձանները: Դուն շատ պարուհիներ կը տեսնես հոն, այնպիսիները,  որպիսին դուն ես, քեզմէ աւելի գեղեցիկները, աւելի նազելիները, աւելի հպարտները: Քու թատրոնիդ լուսարձակներուն կուրացնող լոյսերը չկան հոն: Անոնց լուսարձակը լուսինն է:

     

    Նայէ՛, ուշադի՛ր նայէ: Չե՞ս կարծեր, որ անոնք քեզմէ աւելի լաւ կը պարեն: Խոստովանէ՛, խոստովանէ աղջիկս: Միշտ ալ պիտի գտնուի մէկը, որ քեզմէ լաւ կը պարէ ու քեզմէ լաւ կը խաղայ: Եւ յիշէ, Չարլիի ընտանիքին մէջ չէ եղած  այնքան անտաշ մէկը, որ հայհոյէ կառապանին կամ ծաղրէ Սենի ափին նստած աղքատը:  Այս նամակին հետ քեզի դրամական բաց չէք մը կը ղրկեմ, որ դուն կարենաս ծախսել այնքան, որքան կ’ուզես: Բայց երբ երկու ֆրանք ծախսես , չմոռնաս ինքզինքիդ յիշեցնել, որ երրորդը քուկդ չէ, այլ պէտք է պատկանի անոր, որ ատոր կարիքը ունի: Իսկ դուն դիւրութեամբ  կրնաս գտնել այդպիսի մէկը: Ես դրամի մասին կը խօսիմ, որովհետեւ ծանօթ եմ անոր դիւային ուժին...:

     

    Դուն գիտես, որ ես միշտ երկիւղած եմ  լարախաղացներուն համար: Բայց  իականութիւն մը ըսեմ. մարդիկ գետնի վրայ աւելի՛ անհաստատ են, քան լարախաղացները` երերուն լարին վրայ:  Կրնայ ըլլալ գեղեցիկ օր մը  արքայազնի մը գեղեցկութեամբ գերուիս, այդ պահուն դուն անփորձ լարախաղաց  կ’ըլլաս, իսկ անփորձները միշտ կ’իյնան: Սիրտդ ոսկիով ու զարդարանքներով մի ծախեր: Օր մը երբ մէկը սիրես, անմնացորդ նուիրուէ անոր: Ես մօրդ ըսած եմ, որ ինք գրէ քեզի այդ մասին: Ան աւելի լաւ կը ճանչնայ սէրը, քան ես, անոր աւելի կը վայելէ այդ մասին խօսիլ...:

     

    Քու աշխատանքդ շատ ծանր է, գիտեմ, մարմինդ կտոր մը մետաքսով ծածկուած է: Յանուն արուեստին, բեմի վրայ կարելի է նոյնիսկ մերկ յայտնուիլ, բայց հոնկէ հագուած ու մաքրուած պէտք է վերադառնալ: Ոչինչ եւ ոչ ոք այս աշխարհի վրայ արժանի է աղջկան մը ոտքերուն եղունգներն անգամ տեսնելու: Մերկութիւնը մեր ժամանակին ախտն է: Ես ծեր եմ, եւ  խօսքերս գուցէ ծիծաղելի կը հնչեն: Գուցէ:  Բայց, ըստ իս, մերկ մարմինդ պէտք է պատկանի անոր միայն, ով մերկ հոգիդ կը սիրէ: Հարց չէ, եթէ այս մասին համոզումներդ տասնեակ տարիներու վաղեմութիւն ունին: Մի՛ վախնար, այդ տասնեակ տարիները չեն ծերացներ քեզ, բայց ինչ ալ պատահի, ես կ’ուզեմ, որ դուն վերջինը ըլլաս անոնցմէ, որոնք մերկերու կղզիին հպատակը կը դառնան:

     

    Չարլին ծերացած է արդէն, Ճերալտին: Ուշ կամ կանուխ բեմական ճերմակ մետաքսի փոխարէն ստիպուած պիտի ըլլաս սեւեր  հագուիլ, որպէսզի գերեզմանիս գաս: Չեմ ուզեր հիմա քեզ վշտացնել: Միայն երբեմն-երբեմն հայելիին մէջ նայիր, հոն  զիս պիտի տեսնես: Երակներուդ մէջ  իմ արիւնս կը հոսի աղջիկս: Նոյնիսկ այն ատեն, երբ արիւնը սառի երակներուս մէջ, ես կ’ուզեմ, որ դուն չմոռնաս հայրդ` ծաղրածու Չարլին:

     

    Ես հրեշտակ չեմ եղած, բայց...  կրցածիս չափ ձգտած եմ մարդ ըլլալ:

     

    Կը համբուրեմ քեզ` 

     

                                          Չարլի...՚:

     

     

    ԷՏՈՒԱՐՏ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը