Zartonk

19 Մայիս

  • ՍԱՅԵԱԹՆՈՎԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՆՔ


    Ինչպէս ցոյց կու տայ կեան֊֊քը, սայաթնովագիտու֊֊թիւնը կենդանի օրկանիզմ է, եւ հակառակ իր աւելի քան մէկու֊կէսդարեայ պատմութեան, կը շարունակէ իւրաքանչիւր սե֊րուն֊դի հետ ոչ միայն նորանալ, ա֊ճիլ ու բացայայտուիլ, այլ նա֊եւ ի յայտ բերել այդ զարմանա֊լի, խո֊րունկ եւ անսպառ գի֊տու֊թեամբ ՙտառապողներու՚ եւ ՙհիւան֊դա֊ցողներու՚  նոր ա֊նուն֊ներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւ֊րը կը ձըգ֊տի կարդալ այն գիրը եւ ըմպել այն ջուրը, որոնք հան֊ճարեղ եր֊գահանի ու բանաս֊տեղ֊ծի խօս֊քով` ՙԱմէն մարդ չի կանա կար֊դա` իմ գիրն ուրիշ գրէն է՚,  ՙԱ֊մէն մարդ չի կանա խմի, իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է՚...: Յի֊րաւի միան֊գա֊մայն իրաւացի է Սայաթ-Նո֊վան, որովհետեւ իսկապէս ա֊մէն մարդու, նոյն֊իսկ ամէն գիտ֊նա֊կանի համար այնքան ալ դիւ֊րին չէ թափան֊ցել այդ վիթ֊խա֊րի մե֊ծութեան խորհրդաւոր աշ֊խարհը:

     

    Սայաթ-Նովան անսահմանօրէն լայնածաւալ ու աներեւակայե֊լի֊օրէն խորունկ ծով է, որ  որքան ալ գրաւիչ-գայթակղող, նոյնքան ալ վտանգաւոր է, նոյնիսկ մոլորեցնող ու նաեւ պատժող, կեղծիք ու պայ֊մանականութիւններ չհանդուրժող: Եւ ամէնեւին ալ պատա֊հա֊կան չէ, որ անցեալ աւելի քան մէկուկէս հարիւրամեակի ընաթացքին Սայաթ-Նովայի ծովուն մէջ իրենց գիտութեան եւ մտածողութեան ուժը փորձարկած են տասնեակ ու տասնեակ փորձառու եւ տակաւին ոչ-հմուտ ՙլողորդներ՚:

     

    Նախորդ դարու քառասուն-վաթսունականներուն սայաթնովագի֊տութեան մէջ իր կշռադատուած եւ հիմնաւոր խօսքը ըսաւ` անուանի գիտնական-սայաթնովագէտ Մորուս Հասրաթեան: Այդ յայտնու֊թեամբ իրականացաւ մեր բանաստեղծութեան հսկային` Եղիշէ Չա֊րենցի մարգարէութիւնը. վերջինս ծանօթանալով Մ. Հասրաթեանի թրքերենէ վերծանած եւ թարգմանած սիրային ոտանաւորին, կ’ոգե֊ւորէ, կը հորդորէ զայն. ՙԱյ տղայ, ամէն ինչ ձգէ եւ թրքերէն ու պարս֊կերէն լաւ սորվիր, որ Սայեաթ Նովայի թրքերէն հարիւրէ աւելի ոտանաւորները վերծանես: Այդ միայն բաւական է, որ անմահանաս եւ դառնաս երկրորդ Գէորգ Ախվերտեան...՚:

     

    Իրաւացի էր Ե. Զարենցը: Մ. Հասրաթեանի ՙՍայեաթ-Նովայով՚ սայաթնովագիտութիւնը, թերեւս ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` սայաթնո֊վա֊գիտութեան աշտարակաշինութիւնը նոր թափ ու որակ ստացաւ, շքեղութիւն ու ճանաչում: Եւ հակառակ անոր, Մ. Հասրաթեան ՙքա֊լող հանրագիտարան՚ ու ՙներհուն գիտնական՚ չէր ըլլար, եթէ իրեն թոյլ տար աւարտած համարել այդ գիտութիւնը: Աւելին, շարք մը առիթներով իրեն բնորոշ խոհեմութեամբ գիտնականը կը յուշէր, որ այդ խնդիրին լուծումը ձգենք գալիք սերունդներուն: Եւ եկաւ նաեւ գալիք սերունդը` մասնաւորաբար յանձին մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի: 1967-ին երբ Մ. Հասրաթեան Երեւանէն վերադար֊ձաւ Սիսիան` շարունակելու 2-3 օրով ընդհատած պեղումները, առա֊ջին խօսքը հիացական էր (ան Սեւակի ատենախօսութեան ընդդի֊մախօսն էր). ՙՏաղանդաւոր տղայ է Պարոյրը, լաւ աշխատութիւն գրած է... քանի մը տեղ ալ ինծի ՙմշակեց՚, բայց ես ալ առաջարկեցի անոր մէկ անգամէն շնորհել դոկտորական աստիճան՚: Ի դէպ, նոյնպիսի առաջարկ եղած է նաեւ  Մ. Հասրաթեանի թեկնածուական ատենախօսութեան ժամանակ, մինչդեռ այս պարագային նիստը վարող ակադեմիկոս Հ. Օրբելին առաջարկները եզրափակած է մօտաւորապէս այսպէս. ՙԵկէք մենք մեզ չզրկենք Մ. Հասրաթեանի դոկտորական դիսերտացիան լսելու բաւականութենէն՚:

     

    Եւ այնուամենայնիւ քսաներորդ դարու հետ չաւարտեցաւ սայաթ֊նովագիտութիւնը` ամէնեւին. ան ՙփոխանցուեցաւ՚ 21-րդ դար...: Բնականաբար եղան սայաթնովագիտութեան  աշտարակաշինու֊թեան մասնակցելու նորօրեայ հաւակնորդներ: Չնեղացնելով միւս֊ները ուշագրաւ է անոնցմէ մէկուն ի յայտ գալը...: Արդէն յայտնի անուն մըն է` Ասլան Ասլանեան: 

     

    Այս արդէն ոչ-երիտասարդ անձնաւորութիւնը (60-ամեայ) կեանքի գրեթէ 4 տասնամեակները ՙանց է կացրել՚ Սայեաթ-Նովայի հետ եւ արդէն նոր դարու առաջին տասնամեակը նշանաւորած է 4 մենա֊գրու֊թիւններով, վերջինը` ՙՍայաթ-Նովա Հայերէն Խաղերու Մեկնա֊բա֊նութիւնները՚ (Երեւան, հեղինակային հրատարակութիւն, 2011, 940 էջ): 

     

    Ո՞րն է այս հերթական սա֊յաթ֊նովագէտի առանձնայատ֊կութիւնը, որո՞նք են անոր մե֊նագրութիւններու առանձնայա֊տուկ եւ ուշագրաւ կողմերը: Սկիզբէնց ըսենք, որ այս հետա֊զոտողը իր կեցուածքով, դիր֊քորոշումով, իր մօտեցումներով եւ հարցադրումներով որոշա֊կիօրէն կ’առանձնանայ իր նա֊խորդներէն ու ի հարկէ ժամա֊նակակիցներէն: Որքան ալ զար֊մանալի, ան բարձրագոյն կրթութիւն չունի (ոմանք այդ կը համարեն անոր առաւելութիւնը, ոմանքալ խոցելի կողմը), մէկ կողմէ ընտանեկան ոչ-նպաս֊տաւոր պայմանները, միւս կող֊մէ գիտակցաբար մօտեցումը հեռու պահած են բարձրագոյն դպրոցէն: Զարմանալիօրէն պատանեկան տարիներէն ան զգացած է բարձրագոյն դպրոցի կաշկանդող ըլլալու հանգա֊մանքը, գիտական ղեկավարի ուղղորդող ըլլալը, անոր պա֊հանջները անառարկելիօրէն ընդունելու եւ իր միտքերն ու ծրագիր֊ները մէկ կողմ ձգելու մտավախութիւնը...: Ծնելով գուսան-ըսող Նիկոլ Ասլանեանի յարկին տակ, ան մանկութենէն զգացած եւ շօշափած է գուսանական արուեստի, երգի ու բանավէճի առանձնայատկութիւն֊ները, ըսելիքը գաղտնագրելու եւ թիւերու օգնութեամբ արտայայտուե֊լու հմտութիւնը եւ երբ անոնց գումարած է տավուշցի տղայի կամքն ու յամառութիւնը, հեղինակութիւններու առջեւ առանց համոզուելու չխոնարհելու ոգին եւ ծայրայեղ աշխատասիրութիւնն ու բարեխըղ֊ճութիւնը սկիզբ առած է, աւելի ճիշդ ձեռք բերուած է Սայեաթ-Նովայի աշխարհը տանող խորհրդաւոր դրան բանալիները: Անցեալ տաս֊նամեակներուն անոր չլքեցին հանճարեղ երգահանին յիշեցումները` իւրատեսակ բանաձեւ-ասոյթները:

     

    - ՙԱմէն մարդ չի կանա կարդա, իմ գիրն ուրիշ գրէն է...՚:

    - Իր ՙԱմէն բառին հազար կապ կայ...՚:

    - Խօսքը, որ կայ, լա՛ւ իմացէք, այբուբէնով թամամ է...՚: 

     

    Ո՞րն է Ասլանեանի յաջողութիւններուն գաղտնիքը: Կը թուի այն֊պէս, որ ան հիմնականին մէջ յարգանքով վերաբերելով իր նախորդ֊ներուն հետ, կ’ուսումնասիրէ-կը քննարկէ սայաթնովագիտութեան  աշտարակի ՙշինարարութեան՚ մասնակցած շատ հեղինակներու տեղադրած քարերը: Անոր աշխատութիւնները արժէքաւոր են նաեւ անով, որ ան փաստօրէն, գիտահետազօտական տքնաջան աշխա֊տանք ցուցաբերած է, մեր առջեւ բանալով իր նախորդներուն եւ ժամանակակիցներուն մօտեցումները, ափսոս որ այս պարագային իրեն վերապահելով միակ ճշմարտացիի կարգավիճակըª մոռանալով, որ վաղը միւս օրը հանդէս կու գայ նոր սայաթնովագէտ մը, որ պիտի ունենայ ոչ թէ Ա. Ասլանեան, այլ աւելի զօրեղ անուն-ազգանուն մը...:   

     

    Սայաթնովագիտութիւնը հարուստ է պայմանականութիւններով. յաճախ իրարմէ տարբերելու համար, հեղինակները հանճարեղ գու֊սանի խաղերը ՙսրբագրած են՚, աւելցուցած կամ հանած են տա֊ռեր, վկայակոչելով նոյնիսկ գուսանի գրագիտութիւնը եւ մոռնալով անոր պատգամները` ՙբառերը այբուբէնով թամամ են...՚:

     

    Այո՛, սայաթնովագիտութիւնը հարուստ է պայմանականու֊թիւննե֊րով, անոր հետեւանքով տարբեր կարծիքներ ձեւաւորած են անոր ծննդեան տարեթիւին, գուսանի կեանքին ու ստեղծագործութեան, առանցքային տարբեր հարցերու, որոնց շարքին նաեւ Աննայի ո՞վ ըլլալուն մասին: Ա. Ասլանեանի ձեռքբերումներէն մէկը կարելի է համարել քննարկող փաստերու յստակութիւնն ու որոշակիութիւնը: Անոր մօտ գրեթէ չէք գտներ` ՙթերեւս այսպէս պիտի ըլլայ՚ կամ ՙհա֊ւանաբար եղած է այսպէս՚: Աւելինª անոր փաստարկները կը հիմ֊նաւորուին գաղտնագիրերու բացայայտումներով, ան ալ տաս֊նեակ մեկնաբանութիւն-հիմնաւորումներով:

     

    Ընթերցողին մօտ յաճախ այն միտքը կը յառաջանայ, որ եթէ հրաշ֊քով արթննար ինք` Սայեաթ-Նովան, արդեօք զարմանք չէ՞ր ապրեր, թէ այս ինչպէս, 18-րդ դարուն առանց բջիջային հեռախօսի, առանց համակարգիչի ու հաշուիչ մեքենայ- հանրագիտարանի, հնարաւո՞ր էր ծածկագրման, թուական արժէքներով հազար ու մէկ գաղտնիք֊ներ` անուն ու թիւ քօղարկել եւ միաժամանակ յուշել, թէ ո՞վ աչքին մէջ բիբ ունի, ան կը տեսնէ: Արդեօք հնարաւո՞ր է 4-5 լեզուներով գրել այդ որակի ու ծաւալի գործեր, անոր հետ միաժամանակ կիրառելով ծածկագրման հսկայական համակարգ մը: Այս պարագային մեզ օգնութեան կը հասնի Ե. Չարենցը` գնահատելով Սայեաթ-Նովայի բանաստեղծական ու մտաւոոր վիթխարի կարողութիւնները:

     

    ՙԱ՛յ տղայ, զարմանալի զարմանք է Սայեաթ-Նովան, ամէն օր կրնաս անոր խաղերը կարդալ եւ ամէն օր նոր բան մը գտնել, կարծես երէկ չէիր կարդացած...: Սայեաթ-Նովան անտակ ծով է, ծով, ան հո՜ մեզի նման չէ նստած, թէ բանաստեղծութիւն կը գրեմ, անորը արդէն գրուած է...՚:

     

    Այսօր սայեաթնովագիտութիւնը դուրս եկած է մասնագէտներու նեղ շրջանակէն, թէեւ Սայեաթ-Նովան միշտ եղած էր ժողովրդական լայն զանգուածներու հետ: Ազգային գրադարանին մէջ կազմակերպուած Ա. Ասլանեանի ՙՍայեաթ-Նովա՚ աշխատութեան շնորհահանդէսը անցաւ արտակարգ ոգեւորութեան, նոյնիսկ խանդավառութեան պայմաններու մէջ:

     

    ԵՈՒՐԻ Ա. ՍԱՀԱԿԵԱՆ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը