Zartonk

19 Մայիս

  • ՄՈՆԹՐԷԱԼ. ՍՕՍԻ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ Կ՛ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ «ՄԱՅՐԵՆԻԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ


    «Մայրենիի Լաւագոյն Ուսուցիչ» մրցոյթը կազմակերպուած է նկատի ունենալով հայերէն լեզու դասաւանդող ուսուցիչներու նուիրական առաքելութիւնը` արտերկրի մէջ հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան, ուծացման դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան եւ հայկական ոգիին հաւատարիմ մատղաշ սերունդներ դաստիարակելու, 21-րդ դարու դժուարին պայմաններուն ներքոյ: Մրցոյթին նպատակն է խրախուսել ազգային նուիրական այդ առաքելութեան լծուած սփիւռքահայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ներկայացնել ու տարածել անոնց մանկավարժական եւ մասնագիտական վաստակը, միեւնոյն ժամանակ բարձրացնելով նաեւ հայերէն լեզու դասաւանդող ուսուցիչ-մանկավարժներու հեղինակութիւնը:

     

    Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Համաշխարհային Հայկական Գոնկրէսին կողմէ սահմանուած` «Մայրենիի Լաւագոյն Ուսուցիչ» մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի մէջ գործող ամէնօրեայ կամ միօրեայ կրթօճախներու, ինչպէս նաեւ արտերկրի հայկական կազմակերպութիւններու կամ եկեղեցական կառոյցներուն կից կեանքի կոչուած` հայերէն լեզուի դասաւանդման ծրագիրներուն զինուորագրուած բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Տիկին Նագգաշեանին մրցանակի արժանանալու բարեբաստիկ լուրը իրեն հաղորդուած է մրցոյթի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պատասխանատու եւ յանձնաժողովի նախագահ, գիտա-կրթական ծրագիրներու բաժնի պետ Տիկին Սիրվարդ Համբարեանի կողմէ ուղարկուած շնորհաւորագրով: Սօսի Նագգաշեան մայրենի լեզուի բազմամեայ եւ բազմավաստակ, խոր համոզումներու տէր ու նուիրեալ ուսուցչուհի, կը պաշտօնավարէ Գանատայի Լավալ քաղաքի Նարեկ երկրորդական վարժարանէն ներս:

     

    Սրտագին շնորհաւորութիւններ: 





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը