- ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ԵՒ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

Այս է խորագիրը նկարչական այս ցուցահանդէսին, որ ՙԿալըրի Շահին՚ի կազմակերպութեամբ ու բարձր հովանաւորութեամբ Լի֊բանանի Մշակոյթի նախարար Ն.Վ. Տիար Կէպի Լայունի, լիբանան֊եան արուեստասէր ընտրանին կը հրաւիրէ մեծարելու` գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի կիսադարեան նուիրումը լիբանանեան գե֊ղանկարչութեան իբրեւ արուեստագէտ ու նոյն ժամանակ դասախօս Լիբանանեան Համալսարանի (1967-1997) եւ Լիբանանի Գեղարուես֊տից Ակադեմիայի (alba 1967-1986) մէջ:
Արդարեւ, 1960-էն ի վեր Յարութիւն Թորոսեան գեղանկարչութեան աշխարհին մէջ գնահատուած անուն մըն է ու ծանօթ իր անհատա֊կան թէ հաւաքական 17 ցուցահանդէսներով: Անդամ է Լիբանանի Գեղանկարիչներու եւ Քանդակագործներու Ընկերակցութեան, ինչ֊պէս նաեւ Ֆրանսայի Արուեստագէտներու Տան (Փարիզ):
Յարութիւն Թորոսեանի գեղանկարչութիւնը կը յատկանշուի կա֊մըրջումովը Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւմտան Եւրոպայի գեղար֊ուես֊տական զգացողութեան ու մտածողութեան: Լիբանանի մէջ կազմաւորուած, ապա կատարելագործուած փարիզեան նկարչական մթնոլորտի մէջ, որուն զուգահեռ 1977-1983 հայաստանեան իր փոր֊ձառութիւնը, իր մէջ կերտած են մարդը, արուեստագէտը եւ հայերէն լեզուով գրել գիտցող մտաւորականը (հեղինակ է գիրքերու եւ յօդ֊ւածներու):
Իր նկարչական գործերը համամարդկային խորք ունին: Բնութեան նկարիչն է ան, այնքա՛ն հարուստ իր խառնուածքով եւ գոյներու հա֊րըստութեամբ, որ իր մէջ կը յայտնաբերէ բանաստեղծական ապրում֊ներու արուեստագէտը: Քաջածանօթ է մանաւանդ հայ դասական բանաստեղծութեան: Իսկ իր նկարչութեան խորքը Մա՛րդն է, իր սէ֊րերով եւ ապրումներով, գեղեցիկը արտայայտող իր կնոջական դի֊մանկարներով եւ գոյներու հարազատութեամբ:
Այս առիթով Յարութիւն Թորոսեան նկարիչ-դասախօսն է, որ պի֊տի ողջունէ արուեստասէր ընտրանին ու պիտի ծանօթանայ իր աշա֊կերտներէն խումբի մը քանի մը գործերուն: Գիմա Թորոսեան, Ստե֊փան Թորոսեան, Յակոբ Գէորգեան, Իրմա Պալեան, Ճէյմս Տեկիր֊մէնճեան, Ռաֆֆի Չերչեան, Լէա Մարկոս Աշքար, Ռապիհ Պէխազի, Արաքսի Տէր Խորէնեան, Հաննա Ապու Սըժաան, Մարի-Թերէզ Թա֊պէթ, Վերա Մոքպէլ, Սելին Սեդա Ռահմէ եւ Էվլին Պըրրի պիտի ներ֊կայանան իրենց նորագոյն գործերով: Մաս մը անոնցմէ արուեստա֊սէր շրջանակներուն ծանօթ անուններ չեն եւ ունին որոշ վաստակ մը: Կարեւորը գեղարուեստի մարզէն ներս այս անուններուն ամբող֊ջանուէր ծառայութիւնն է: Նոյնքան կարեւոր է նորահաս սերունդնե֊րուն ներկայութիւնը լիբանանեան մեր կեանքին մէջ` իբրեւ գեղար֊ուես֊տական մտածողութիւն:
Այս մտածումներով կ’ողջունենք Յարութիւն Թորոսեան գեղա֊նկարիչը, հայրենանուէր մարդն ու հեղինակը, նկարչական արուեստի ուսուցիչն ու վարպետը: Ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակնե֊րու եւ շքանշաններու, ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթո֊ղիկոսի շնորհած սրբատառ կոնդակն ու Մեսրոպ Մաշտոցի անուան շքանշանը, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի համանուն շը֊քանշանը եւ Լիբանանեան Համալսարանի կողմէ շնորհուած պատ֊ուոյ շքանշանը:
Յարգա՛նք Արժանաւորին:
Ա. Ս.
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































