Zartonk

19 Մայիս

  • ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՙԱՐԱՐԱՏ՚ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՅԱԿՈԲ ԳՐՔԻԱՇԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ


    4 եւ 5 Փետրուարին Գիտութիւններու ՙԱրարատ՚ Միջազգային Ակադեմիան, որուն հիմնադիր-նախագահն է բժիշկ Յակոբ Գրքիաշարեան, Փարիզի մէջ կը նախաձեռնէ միջազգային 5րդ գիտաժողովի մը, որ նաեւ յոբելինական է:

     

    Տոքթ.- Գրքիաշարեան ծնած է Պէյրութ`1928-ին: Մասնագիտական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ֆրանսական Բժշկական համալսարանին մէջ`1953-ին վկայուելով Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարութեան տոքթորայի վկայականով: Մասնագիտացած է ընդհանուր եւ ոսկրային վիրաբուժութեան մէջ: 1954-էն 1956 աշխատած է Պէյրութի մէջ`որպէս հիւանդանոցի վիրաբուժապետ: 1969ին Փարիզի համալսարանէն ստացած է փրոֆեսորի տիտղոս: 1974-ին Պէյրութի մէջ հիմնած է Հայկական Բժշկագիտական Միջազգային Ընկերակցութիւնը, որ նոյն թուականին կազմակերպած է համահայկական բժշկագիտական առաջին համագումարը (16 երկիրներէ մասնակիցներով): 1992-ին եղած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին ներկայացուցիչ: Հիմնադիրներէն է Արեւմտահայերու Միջազգային Համագումարին:

     

     

    Հ.- Պարոն Գրքիաշարեան, ե՞րբ ստեղծուեցաւ ՙԱրարատ՚ ակադեմիան:

    Պ.- 1986-ին հիմնուեցաւ Փարիզի մէջ`որպէս ոչ շահաբեր, գիտական կազմակերպութիւն:

     

    Հ.- Ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ:

    Պ.- Գլխաւոր նպատակն է զարգացնել գիտութիւնը եւ մշակոյթը ,աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ գտնուող մեր անդամներուն միջեւ կապեր ստեղծել, օգտակար ըլլալ մեր Մայր Հայրենիք Հայաստանին: Մեր աշխատանքային պաշտօնական լեզուներն են ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն: Այն ատեն կը փորձէինք հայ լեզուն միջազգայնացնել, քանի Հայաստանը տակաւին խորհրդային շրջանի մէջ էր:

     

    Հ.- Ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք:

    Պ.- Մեր ակադեմիան կապ ունի աշխարհի բազմաթիւ համալսարաններու հետ: Գիտական ժողովներ ըրած ենք Փարիզ, Լոս-Անճըլըս եւ Երեւան`գլխաւորաբար ճշգրիտ գիտութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

     

    Հ.- Ներկայիս քանի՞ անդամ ունիք:

    Պ.- Մօտաւորապէս 200 անդամ: Բարեկամներ ալ շատ ունինք աշխարհի տարբեր երկիրներու, ինչպէս Ճափոն, արաբական երկիրներ, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Մեծ մասը համալսարանականներ եւ մշակոյթի մարդիկ են:

     

    Հ.- Քիչ մը կը պատմէ՞ք ձեր յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

    Պ.- Շուտով պիտի նշենք մեր ակադեմիայի հիմնադրման 25ամեակը.- այդ առթիւ երկօրեայ մեծ գիտաժողով մը կազմակերպած ենք, որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ 4 Փետրուարին, Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի սրահին մէջ: Գիտաժողովը նուիրուած է նաեւ հայ տպագրութեան 500-ամեակին, Սայեաթ Նովայի եւ Ժան-Ժագ Ռուսոյի ծննդեանց 300-ամեակին, Ֆրիտեոֆ Նանսէնի ծննդեան 150-ամեակին եւ Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակին:

     

    Հ.- Որո՞նք են զեկուցողները եւ ի՞նչ թեմաներ պիտի արծարծուին:

    Պ.- Փրոֆեսորներ կան Օրլէանի, Լիմոժի, Ավինեոնի, Նանթի եւ ֆրանսական այլ քաղաքներու համալսարաններէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն եւ այլ երկիրներէ: Թեմաները կը վերաբերին Հարաւային Կովկասի երկրաբանական ուսումնասիրութեան եւ անոր պատմութեան, Հայաստանի ջրային երկրաբանութեան (hydrogeologie) եւ Սեւանայ լիճին ստորջրեայ հետազօտութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի հին քաղաքատեղիի`Էրեբունիի հնագիտական պեղումներուն վերջին արդիւնքներուն: Այս բոլոր զեկուցումները առաջին օրը`4 Փետրուարին պիտի ընթերցուին:

     

    Հ.- Իսկ երկրո՞րդ օրը:

    Պ.- Երկրորդ օրը լեզուաբանական եւ հայագիտական բաժինն է: Մասնակիցները պիտի արծարծեն արեւմտահայերէնի, հայ ինքնութեան, դասական եւ նոր ուղղագրութիւններու առկայութիւնը, ազգային միասնութեան ճամբուն վրայ ուղղագրութեան յարուցած խոչընդոտները, հայ միջնադարեան ձեռագիրներու եւ այլ հայագիտական նիւթերու առընչուող խնդիրներ: Օրինակ հայագէտ Պերնար Ութիէ, որ հին հայկական եւ վրացական ձեռագիրներու նշանաւոր մասնագէտ է, հետաքրքրական զեկուցում մը պիտի կարդայ այդ նիւթին շուրջ:

     

    Հ.- Դրամական աջակիցներ ունի՞ք:

    Պ.- Ասկէ առաջ կազմակերպուած միջոցառումներուն ՙԿիւլպէնկեան՚ հիմնադրամը եւ Ամերիկայէն տարբեր հիմնադրամներ կ’աջակցէին, բայց այս անգամ դժբախտաբար որեւէ բան չստացանք: Այնպէս որ մենք մեր իւղով կը տապկուինք (կը ծիծաղի): Քանի որ ես բժշկապետ եմ եւ Շան զ’Էլիզէի վրայ գրասենեակ ունիմ, այնտեղի պանդոկներուն տէրերը ինծի ճանչնալով, իրենց սենեակները տրամադրած են մեր գիտաժողովի հիւրերոն համար:

     

    Հ.- Դուք ալ զեկուցում ունի՞ք:

    Պ.- Ես միայն պիտի նախագահեմ բացման նիստին: Արդէն կազմակերպչական աշխատանքները ահռելի ժամանակ եւ եռանդ կը խլեն: Յոյսով եմ, որ մեր ջանքերը ապարդիւն պիտի չելլեն եւ գիտաժողովը ու անոր ընթացքին արծարծուելիք թեմաները պիտի գտնեն իրենց ունկնդիրն ու լսարանը:

     

    Հարցազրոյցը վարեց

    ՏՈՐՔ ԴԱԼԱԼԵԱՆ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը