- ԴԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՄԱՐԿԱՐԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Գոփենհակընի մօտ գտնուող ՙԱրքեն՚ ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ 28 Յունուարին բացումը կատարուեցաւ Դանիոյ թագուհի Մարկարէթ Բ.ի ցուցահանդէսին` նուիրուած թագուհիին կառավարման 40-ամեակին: ՙԳոյնի Էութիւնը` Մար֊կարէթ Բ. Թա֊գուհիին Արուես֊տը՚ պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ Յուլիս:
Ցուցադ֊րու֊թիւնը դարձած է թագուհիին ստեղ֊ծագործութիւն֊ներուն մեծագոյն ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են 35 աշխատանքներ` աքրիլով կատարուած նկարներ, ջրանկարներ եւ քոլաժներ, որոնք ստեղծուած են վերջին 35 տարիներուն:
ՙԱսոշիէյթըտ Փրես՚ին տուած հարցազրոյցին մէջ Մարկարէթ Բ. պատմած է, որ գեղանկարչութեամբ զբաղելու համար զինք կ’ո֊գե֊շընչեն դանիացի վարպետներու բնանկարները, ինչպէս նաեւ ՙՈսկէ Դար՚ու նկարիչներու ստեղծագործութիւնները:
Թագուհին կը զբաղի ոչ միայն գեղանկարչութեամբ, այլ նաեւ գիր֊քերու պատկերազարդումով:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































