Թղթակից Ժան Էսքիյեան կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի «բոբ» երաժշտութեան ճանչցուած երգչուհի Սիլվի Վարդան առաջին անգամ ըլլալով, կիրակնօրեայ հեռուստատեսային հարցազրոյցի մը ընթացքին Միշէլ Տրուկերի հարցին պատասխանելով խոստովանած է ըսելով «այո, ես հայ եմ հօրս կողմէն»:
Միշտ անխոն’ աշխատող եւ ստեղծագործող առասպելներէ դէպի իրականութիւն թռչող, իւրայատուկ, ըմբոստ ոճով հանդէս եկող լիբանանահայ քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի նոր իրագործումը` իր ստեղծագործութեանց արգասիքը հանդիսացող գունազարդ գիրք-ալպոմն է, խմբագրուած վաստակաշատ արոեւստաբան Էտկար Դաւիթեանի կողմէ: