Zartonk

23 Փետրուար

  • ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ԿՈՂՄԷՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ ՈՂՋՈՒՆՈՂ ՁԵՌՆԱՐԿ


    ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ԿՈՂՄԷՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ ՈՂՋՈՒՆՈՂ ՁԵՌՆԱՐԿ

    24 Յունուարի առաւօտեան վաղ ժամերէն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձ֊րա֊գոյն վարժարանը տօնական տրամադրութիւններու մէջ էր: Առիթը, Յունուար 23-ի երեկոյեան Ֆրանսայի Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէա֊կանացնող օրի֊նա֊գի֊ծի ընդունումն էր:

     

    Առաւօտեան ժամը 10-ին վարժարանի շրջափակին մէջ հանդիսաւորութեամբ բարձ֊րաց֊ուե֊ցաւ Ֆրանսայի պետական դրօշը` պետական քայլերգի հնչիւններու ներքոյ: Այ֊նու֊հե֊տեւ ներկայ աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ տեսչութեան անդամներու առջեւ խօսք առն֊ե֊լով, վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան ըսաւ, որ <Ծերակոյտի  մէջ օրինագիծի քուէարկութեան մասնակցած 237 քուէարկողներէն 127 կողմ եւ 86 դէմ ձայներու յարաբերութեամբ օրինագիծը ընդունուեցաւ>: Հակառակ, որ քուէար֊կութեան ընթացքին հնչած ելոյթներու շարքին եղան նաեւ դէմ ելոյթներ, սակայն <նոյ֊նիսկ այդ դէմ ելոյթները չմերժեցին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, որը ի դէպ Ֆրանսան ըն֊դունած էր տակաւին 2001 թուականին>: Յունուար 23-ի դէպքերուն մասին քանի մը տե֊ղե֊կու֊թիւն փոխանցելէ ետք, Կ. Թաշճեան խօսքը փոխանցեց վարժարանի երկրորդական բա֊ժի֊նի աշակերտուհի` Մարինէ Հալլաճեանին, որ ըսաւ. <Կարելի չէ արեւը ցեխով ծածկել: Կարելի չէ իրականութիւնը քօղարկել: Կարելի չէ արդարութեան դէմ լռութեան պատ հիւսել: Ուշ կամ կանուխ իրականութիւնը երեւան կ՛ելլէ, ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի, եւ յանցաւորը կը դատապարտուի ու կը ստանայ իր արդար պատիժը>: Այնուհետեւ շարունակելով իր խօսքը աշակերտուհին ըսաւ, որ <երէկ հայ ժողովուրդի եւ ֆրանսացիներուն համար յաղթանակի օր էր, արդարութիւնը ունեցաւ իր ըսելիքը… Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողը օրէնքի հիման վրայ կը ստանայ իր արդար պատիժը>: Իր խօսքի աւարտին Մարինէ Հալլաճեան ըսաւ. <Մենք իբրեւ աշակերտներ մեծապէս կը գնահատենք Ֆրանսայի Ծերակոյտին այս որոշումը եւ կը յայտնենք, որ ամբողջովին նեցուկ պիտի կանգնինք Ֆրանսային: Այս յաղթանակը հայութեան պանծալի պատմութեան էջերուն մէջ ստեղծեց նոր էջ մը, փայլուն էջ մը, պանծալի էջ մը, որուն յաջորդող էջերը պէտք է զարդարուին աւելի մեծ յաղթանակներով, հայութեան դատին ամբողջական լուծումով եւ ճանաչումին ընդմէջէն Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումով>:

     

    Այնուհետեւ Ֆրանսայէն ուղիղ կապով, Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան, իր վկայութիւնը փոխանցեց երէկուան դէպքերուն մասին: Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան նախեւառաջ շնորհաւորելով համայն հայութիւնը <երէկուան յաղթանակին համար> յատկապէս ըսաւ. <Պատմական յաղթանակ էր այս օրինագիծին ընդունումը: Երէկ, երբ ֆրանսացի լրագրող մը ինծի մօտեցաւ եւ հարցուց, թէ ինչու այսքան հայեր եկած են այս հրապարակին վրայ` գոչելու եւ խօսելու: Ըսի, պարոն նայիր այս մարդոց, ասոնք առտուընէ մինչեւ իրիկուն կ՛աշխատին, որպէսզի մեզի` հայերուս պատիւ եւ յաղթանակ բերեն: Անոնք առտուընէ մինչեւ իրիկուն քաղաքէ-քաղաք, երկիրէ-երկիր կ՛երթան, քաղա֊քա֊կան գործիչներու եւ մեծ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ խօսելու, որպէսզի մենք այսօրուան հասնինք>, ապա շարունակելով իր վկայութիւնը վարդապետը ըսաւ, որ Ծերակոյտի շէնքին առջեւ, հրապարակի վրայ հաւաքուած բազմութեան մէջ կային <մամիկներ, պապիկներ, մանուկներ, որոնք եկած էին այս Սենատի առջեւ իրենց ձայնը տալու: Երբ մօտեցայ ծեր կնոջ մը եւ հարցուցի, թէ քանի տարեկան է, 87 պատասխանեց: Իրեն ըսի, որքան ատեն որ մենք ձեզի պէս մամիկներ ունինք մենք պիտի չմեռնինք, եւ հայոց ազգը երբեք չի տկարանար ու այդպէս ալ եղաւ: Գիշերը ժամը 11-ի ատենները, երբ ուրախ լուրը առինք, բոլորը պոռացին <յաղթեցի՜նք>, <կեցցէ Ֆրանսան> եւ բոլորը երգեցին Մարսելիէզը, իսկ ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Վիգէն Դարբինեան երգեց <Զարթիր Լաօ>ն  ու բոլորս ալ ձայնակցեցինք իր հետ>: Խօսքը ուղղելով մեսրոպեանցիներուն ան ըսաւ. <Դուք մեծ եւ պզտիկ մեր ապագան էք, եւ սկսած այս գործին շարունակողները, մեր արդար դատը պաշտպանողները>:

     

    Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ հիւր-պատգամախօսին` <Վանայ Ձայն> ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Աւօ Կիտանեանին, որ ըսաւ. <Այսօրուան Եւրոպայի հզօրագոյն երկիրներէն` Ֆրանսան իր բոլոր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ առեւտրական շահերը վտա֊ն֊գե֊լու գնով, որոշեց հայ ժողովուրդի իրաւունքի հաշուոյն արդարութիւն կայացնել: Հայ ժողո֊վուր֊դը եթէ չըլլար պարկեշտ եւ իր իրաւունքները քաջ գիտցող ու յարգող ժողովուրդ, այս օրինագիծը պիտի չընդունուէր>:

     

    Դարձեալ Ֆրանսայէն ուղիղ կապով, իր վկայութիւնը փոխանցեց Ֆրանսայի Հայ Դա֊տի գրասենեակի տնօրէն Պր. Հրաչ Վարժապետեան, որ ըսաւ. <Սիրելի մեսրոպեանցիներ, Լի֊բանանի հայութիւն, այս յաղթանակը ամբողջ հայութեան յաղթանակն էր: ճիշդ է, որ ֆրան֊սա֊հայութեան աշխատանքով եղաւ եւ Ֆրանսայի մէջ եղաւ, բայց մենք մէկ ազգ ենք, ուրեմն անի֊կա ազգի յաղթանակն էր: Բոլորիս աշխատանքը պէտք է միացնենք, որպէսզի նմա֊նօ֊րի֊նակ յաղթանակներ շարունակուին նաեւ այլ երկիրներու մէջ: Այս յաղթանակը ամէ֊նէն առաջ կ՛եր֊թայ մեր անմեղ նահատակներուն, որովհետեւ այս յաղթանակը մեր 1.5 միլիոն նահա֊տակ֊ներուն համար է, երկրորդ կ՛երթայ մեր բոլոր այն նահատակներուն, որոնք Հայ Դատի ճամ֊բով իրենց կեանքը տուին Հայ Դատի արդար լուծումին համար, երրորդ այն բոլոր երախտաւորներուն, որոնք Հայ Դատի համար աշխատանք տարին, բայց այսօր մեր մէջ չկան: Քաղաքական բոլոր վերլուծումները եւ հաշիւները մէկդի դրած, իմ ամբողջ յոյսս եւ հա֊ւատքս նոր սերունդին վրայ է, երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան վրայ է: Մենք պէտք ունինք զարգացած ուսանողութիւն, որովհետեւ այսօր պայքարը փոխադրուած է զար֊գաց֊ման դաշտ: Մենք պէտք ունինք ձեզի պէս երիտասարդութեան, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ յաղ֊թանակը հայկական պահանջատիրութեան գործընթացին մէկ մասնիկն է, եւ այս պայքարը դեռ երկար է: Մեր վճռակամութեամբ եւ Ֆրանսայի նման արդար երկիրներու զօ֊րակ֊ցութ֊եամբ է, որ պիտի նորանոր յաղթանակներ ունենանք>:

     

    Փակման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ: Ան ըսաւ. <Սիրելի աշակերտներ, ինչպէս պարոն Հրաչը քիչ առաջ ըսաւ, հայ ազգի ապագան դուք էք: Դուք, վաղուան երիտասարդները, ձեր կարգին ձեր ապագա սերունդներուն ունիք փո֊խան֊ցե֊լիք պատգամ մը: Մինչեւ այն ատեն, որ թուրքը, այսօրուան էրտողանները` հարազատ ժա֊ռան֊գորդները Աթաթուրքին, Ճեմալ փաշային, քօղարկուած քա֊ղա֊քա֊կիրթ բառին տակ կը պղ֊ծեն պատմական իրականութիւնը, մենք պիտի պայքարինք քաղա֊քա֊կրթօրէն, զար֊գաց֊ման ճամբով, հաս֊նելու արդարութեան վերջնական յաղթանակին: Ասիկա մեր նա֊հա֊տակ֊նե֊րուն կտակն է մեզի: Մենք պատիւ ունեցող, քաղաքակիրթ ժողովուրդ ենք: Մենք Վարդանի ժա֊ռան֊գորդներն ենք, վասն Քրիստոսի, վասն հայութեան, մէկ ձեռքին խաչ, միւ֊սին` սուր պայ֊֊քարած ենք ու պիտի պայքարինք մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Մենք` մես֊րոպ֊եան֊ցի֊ներս`մանկամսուրի աշակերտէն մինչեւ վարդապետ եւ տնօրէն կոչ կ՛ուղղենք լ֊ի֊բա֊֊նանահա֊յութ֊֊եան. մենք պատրաստ ենք բոլորս միասնաբար ուղղուելու դէպի ֆրանսական դես֊պանա֊տուն, ըսելու միայն մէկ բան` <Շնորհակալութիւն Ֆրանսային>:

     

    Ձեռնարկի աւարտին, խօսք առնելով Լիբանանի Հայ կա֊թո֊ղի֊կէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ` Արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս Եպս. Թէյ֊րուզեան ըսաւ. <Յուզիչ է պահը: Հնչեց ձայն մը, որ պաշտպանեց ոչ թէ թիւը, այլ որակը: Այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրանսայի բոլոր ժողովուրդին, իրենց իրապես քաջ քայլին համար: Սակայն մեր ծարաւը դեռ չէ յագեցած: Տակաւին կ՛ուզենք ազատ, անկախ Հայաստանը ամբողջական տեսնել, ուր պիտի հաւաքուինք բոլորս: Մեր աղօթքները ապարդիւն չէին: Աղօթեցինք եւ այսօր մասամբ ստացանք պատասխան: Յուսանք, որ օր մըն ալ կը ստանանք մեր աղօթքներուն ամբողջական պատասխանը: Հայ ազգը ապրող ազգ է, երբեք չի մեռնիր>: Այնուհետեւ Տէրունական աղօթքով փակեց ձեռնարկը:

     

    Վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր այս արարողութիւնը վար֊ժա֊րանի մեծ ընտանիքի երախտագիտութեան արտայայտութիւնն էր, ուղղուած Ֆրանսայի պե֊տութեան` պատմական արդարութեան ընդունմանն ուղղուած անաչառ ջանքերուն, որ ուղ֊ղուած է ի պաշտպանութիւն ամբողջ աշխարհի մարդկութեան արժանապատուութեան:  Ֆրանսայի Ծերակոյտը անգամ մը եւս հաստատեց Ֆրանսայի արդարամտութիւնը եւ ազա֊տա֊տենչութիւնը: 23 Յունուարը դարձաւ պատմական անմոռանալի օր մը հայ ժողովուրդի եւ ամ֊բողջ աշխարհի մարդկութեան համար:

     

    ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

    ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    feb 22
    22.02.2012
    21 feb
    21.02.2012
    19 feb
    19.02.2012
    18 feb
    18.02.2012
    feb 16
    16.02.2012
    15 feb
    15.02.2012
    14 feb
    14.02.2012
    12 feb
    12.02.2012
    11 feb
    11.02.2012
    9 feb
    09.02.2012
    feb 8 2012
    08.02.2012
    7 feb 2012
    07.02.2012
    4 feb 2012
    04.02.2012
    feb 3 2012
    03.02.2012
    feb 2 2012
    02.02.2012
    1 feb 2012
    01.02.2012
    january 31
    31.01.2012
    zartonk 29 jan 2012
    29.01.2012
    zartonk jan 28 2012
    28.01.2012
    zartonk 27 january 2012
    27.01.2012
    zartonk 26 january 2012
    26.01.2012
    zartonk january 25 2012
    25.01.2012
    zartonk 24 january 2012
    24.01.2012
    zartonk 22 jan 2012
    22.01.2012
    zartonk 21 jan 2012
    21.01.2012
    zartonk 20 jan 2012
    20.01.2012
    zartonk special issue 2012
    19.01.2012
    zartonk jan 19 2012
    19.01.2012
    zartonk 18 january 2012
    18.01.2012
    zartonk january 17 2012
    17.01.2012
    zartonk january 15 2012
    15.01.2012
    zartonk 14 january 2012
    14.01.2012
    zartonk 13 jan 2012
    13.01.2012
    zartonk 12 january 2012
    12.01.2012
    zartonk 11 january 2012
    11.01.2012
    zartonk 10 jan 2012
    10.01.2012
    zartonk jan 6 2012
    06.01.2012
    zartonk jan 5 2012
    05.01.2012
    zartonk 4 jan 2012
    04.01.2012
    zartonk dec 31 2011
    31.12.2011
    զարթօնք 30 դեկ 2011
    30.12.2011
    zartonk 29 dec 2011
    29.12.2011
    Զարթօնք 28 դեկ 2011
    28.12.2011
    Զարթօնք 24 դեկ 2011
    24.12.2011
    Զարթօնք դեկ 23 2011
    23.12.2011
    Զարթօնք
    22.12.2011
    Զարթօնք
    21.12.2011
    Զարթօնք
    20.12.2011
    Զարթօնք
    18.12.2011
    Զարթօնք
    16.12.2011
    Զարթօնք
    15.12.2011
    Զարթօնք
    14.12.2011
    zartonk
    13.12.2011
    zartonk
    11.12.2011
    zartonk
    10.12.2011
    Զարթօնք
    08.12.2011
    Զարթօնք 6 Դեկտեմբեր 2011
    06.12.2011
    Zartonk 4 december 2011
    04.12.2011
    Զարթօնք 3 Դեկտեմբեր 2011
    03.12.2011
    zartonk 02/12/2011
    02.12.2011
    Zartonk
    01.12.2011

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    Ցոյցի Ժամանակ` Եգիպտոսի Մէջ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,504.00
    0.76
    389.26
    քլկ. արծաթ1,176.53
    օնց. ոսկի1,778.45
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հնարաւոր կը համարէք, որ Միացեալ Նահանգներ նախագահ Օպամայի օրով զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններ կատարէ Իրանի դէմ?