- ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ` դոկտ. Անդրանիկ Ծուլիկեանի մահուան մասին
Յարգարժան բարեկամներ
Խոր վշտով տեղեկացանք մեր նուիրեալ եւ գաղափարակից ընկերներէն մէկուն` դոկտ. Անդրանիկ Ծուլիկեանի մահուան մասին, որ իր մահկանացուն կնքեց 14 Յունուարին Լոնտոնի Ս. Հելիեր հիւանդանոց ին մէջ:
Դոկտ. Ծուլիկեանը լոնտոնահայ համայնքի ազգային-հասարակական գործիչներէն մէկն էր:
Ըլլալով բժիշկ-վիրաբոյժ, ան եղած է Արքայական Վիրաբուժական Գոլէճի (FRCS) եւ Անգլիահայ Բժիշկներու Միութեան անդամ: Իր մասնագիտական աշխոյժ գործունէութեան զուգահեռ դոկտ. Ծուլիկեան երկարամեայ բեղմնաւոր եւ ազգանուէր աշխատանք ծաւալած է Միհրան Տամատեան ակումբին (1980-1998), Լոնտոնահայ Համայնքային Եկեղեցական Խորհուրդին, ՀԲԸՄ-իջ, Թէքէեան Մշակութային Միության վարչական մարմնին (1970-1987), Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի (1996-2008), ինչպէս նաեւ ՙԹէքէեան Կեդրոն՚ Հիմնադրամի (Հայաստան) Հոգաբարձուներու Խորհուրդին մէջ (1996-2008):
1980-1987 թուականներուն հանդիսացած է Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի կողմէ երկար տարիներու ընթացքին հրատարակուող ՙԷրեբունի՚ երկշաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիրը. հանդէս եկած է շարք մը յօդուածներով եւ հրապարակումներով` մշտապես վեր հանելով հայութիւնը յուզող խնդիրներ, հետապնդելով Հայ Դատի եւ հայ ժողովուրդին շահերը:
Հակառակ իր տեւական վատառողջ վիճակին եւ հանգստեան կոչուած ըլլալով, դոկտ. Ծուլիկեան վերջին տարիներուն կը շարունակէր աշխատիլ, նամակակցիլ Սփիւռքի տարբեր շրջանակներու եւ լրատուամիջոցներու հետ, գրել յօդուածներ ու մենագրութիւններ: Ըլլալով ճշմարիտ հայրենասէր, մտաւորական եւ չափազանց սկզբունքային մարդ, մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը ան հավատարիմ մնաց իր գաղափարներուն, Մայր Հայրենիքին եւ Հայ եկեղեցիին:
Իր մահուան տխուր առիթով, Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի, ինչպէս նաեւ ՙԹէքէեան Կեդրոն՚ Հիմնադրամի (Հայաստան) Հոգաբարձուներու Խորհուրդին անունով մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք դոկտ. Ա. Ծուլիկեանի հարազատներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն:
ՎԱՐԴԱՆ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ
ՙԹէքէեան Կեդրոն՚ Հիմնադրամի նախագահ
Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի Պատուաւոր Քարտուղար
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































