- ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Յունուարին իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ազգային Ռուբինեան – Ս. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Արդարեւ, Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման առիթով վարժարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը:
Վարժարանին շրջափակին մէջ ամէնուրեք կը ծածանէր Եռագոյնը. աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ կ՛ունկնդրէին ազգային-հայրենասիրական ոգեշնչող երգեր, որոնք անոնց մօտ կ՛ամրապնդէին ազգային ջիղն ու հայկականութեան պահպանման ձգտումը: Վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան այս առիթով իր խօսքը ուղղեց շրջափակին մէջ համախմբուած աշակերտներուն` իւրայատուկ նկատելով պահը, որովհետեւ անկէ քանի մը ժամ առաջ Եւրոպան եւ համայն աշխարհը ականատես եղան իւրայատուկ իրադարձութեան մը: Ան հաստատեց, որ ամէն տեսակի անարդարութեան եւ բռնարարքի, ջարդի եւ ուրացումներու ենթարկուած հայ ժողովուրդը իր պայքարի ճամբուն վրայ կրցաւ յաղթանակ մը ապահովել Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած որոշումով:
Ապա տնօրէնը անդրադարձաւ այսօրուան թուրք ղեկավարներուն կողմէ ի գործ դրուած ճիգերուն` Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի քաղաքական խաւին ու հանրային կարծիքին միտքը խեղաթիւրելու անճիշդ տեղեկութիւններով: Բայց եւ այնպէս ան նշեց, որ այս փորձերը անպտուղ են, որովհետեւ մեր ջանքերով համայն աշխարհը լաւապէս կը գիտակցի իրականութեան:
Յ. Կէրկէրեան յայտնեց, որ մենք թէեւ Լիբանանի հաւատաւոր քաղաքացիներ ենք, սակայն արիւնակից ժառանգորդներն ենք արեւմտահայ նահատակներու եւ անոնց արեան կանչին: Ան դիտել տուաւ, որ ասիկա առաջին քայլն է, որուն պիտի յաջորդեն նորանոր նուաճումներ` ի նպաստ արդարութեան հաստատման: Տնօրէնը աշակերտներուն կոչ ուղղեց տոգորուելու հայրենասիրական շունչով, մինչեւ որ ծագի այն պայծառ օրը, երբ անգամ մը եւս պիտի ղօղանջեն Սարդարապատի զանգերը, եւ բոլորս պիտի փութանք մեր արեամբ ազատագրելու հայոց Ս. հողը:
Աւարտին աշակերտներ մեծ ոգեւորութեամբ գոչեցին. <Կեցցէ՛ Ֆրանսան, շնորհակալութի՛ւն Ֆրանսային>:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,504.001 
0.761 
389.261 քլկ. արծաթ
1,176.531 օնց. ոսկի
1,778.45ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ




































































