Zartonk

23 Փետրուար

  • ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ


    ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ

    23 Յունուար 2012-ը պատմական օր մը եղաւ հայութեան համար: Այն օր Ֆրանսայի Ծերակոյտը որդեգրեց ցեղասպանութիւններու, ընդ որում Հայոց Ցեղասպանութեան, ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:  Այս օրը ոսկեայ տառերով պիտի գրուի ոչ միայն հայ ժողովուրդի 95-ամեայ պայքարի էջերուն մէջ, ոչ միայն Ֆրանսայի ու Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ, այլ նաեւ համաշխարհային մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գիրքին մէջ:

     

    Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 25 Յունուարի առաւօտեան Ս. Պատարագին արարողութենէն ետք, վարժարանիս բոլոր աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ շրջափակին մէջ, ուր կը հնչէր հայրենական երաժշտութիւն եւ հպարտօրէն կը ծածանէր Հայաստանի ու Ֆրանսայի դրօշակները, ինչպէս նաեւ շնորհակալական արտայայտութիւնը կրող ցուցապաստառները:

     

    Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան խօսք առնելով, իւրայատուկ նկատեց այս առիթը, որովհետեւ <Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ կատարուած այս մեծ քայլը յաղթանակ մըն է ամբողջ հայութեան համար: Յաղթանակ մը, ընդ որում աշխարհի մեծագոյն երկիրներէն մին բանտարկութեան կամ տուգանքի կ՛ենթարկէ այն, որ կը ժխտէ ցեղասպանութիւնները, որոնց շարքին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այս օրինագիծը կու գայ քայլ մը առաջ տանելու ջարդարար թուրքին դէմ մեր տարիներու պայքարին ընթացքը>: Տիկ. Պոյաճեան աւելցուց նաեւ, որ <հայութիւնը այսօր երախտապարտ է հայերու բարեկամ երկիր Ֆրանսային եւ կը յուսայ, որ Ֆրանսայի պետութեան այս քաջ արարքը օրինակ հանդիսանայ այլ պետութիւններու, մինչեւ հասնի այն օրը, երբ Թուրքիան քաջութիւնը ունենայ ընդունելու մեր նախահայրերը ջարդած ըլլալու իր աններելի յանցանքը եւ անցնի փոխ-հատուցում կատարելու հանգրուանին>:

     

    Վարժարանիս աշակերտութիւնը, Մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարանները, միաբերան շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանսային` այս իսկապէս շնորհակալ եւ գնահատելի օրինագիծին համար, որուն յաջորդելիք նորանոր նուաճումներու յոյսերով զարդարուած են հայ ժողովուրդին Հայ Դատին հետ առընչուած երազները:

     

    Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ժառանգորդ հայ ժողովուրդը ամենուրէք միակամ հաւատքով դարձեալ խօսքը աշխարհին ուղղելով կ՛ըսէ, թէ իրականութիւնները կարելի չէ քօղարկել, ճշմատութիւնները կարելի չէ չբացայայտել, եւ պիտի գայ այն օրը, երբ հակառակ թուրք ղեկավարներուն կողմէ ի գործ դրուած ճիգերուն եւ պատմական փաստացի իրողութիւնները զեղծելու տեւաբար կատարած քայլերուն, հայոց անժամանցելի դատը պիտի ստանայ իր արդար լուծումը եւ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի վճռակամ աշխատանքին եւ անզիջելի պայքարին:

     

     

    ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

    ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    feb 22
    22.02.2012
    21 feb
    21.02.2012
    19 feb
    19.02.2012
    18 feb
    18.02.2012
    feb 16
    16.02.2012
    15 feb
    15.02.2012
    14 feb
    14.02.2012
    12 feb
    12.02.2012
    11 feb
    11.02.2012
    9 feb
    09.02.2012
    feb 8 2012
    08.02.2012
    7 feb 2012
    07.02.2012
    4 feb 2012
    04.02.2012
    feb 3 2012
    03.02.2012
    feb 2 2012
    02.02.2012
    1 feb 2012
    01.02.2012
    january 31
    31.01.2012
    zartonk 29 jan 2012
    29.01.2012
    zartonk jan 28 2012
    28.01.2012
    zartonk 27 january 2012
    27.01.2012
    zartonk 26 january 2012
    26.01.2012
    zartonk january 25 2012
    25.01.2012
    zartonk 24 january 2012
    24.01.2012
    zartonk 22 jan 2012
    22.01.2012
    zartonk 21 jan 2012
    21.01.2012
    zartonk 20 jan 2012
    20.01.2012
    zartonk special issue 2012
    19.01.2012
    zartonk jan 19 2012
    19.01.2012
    zartonk 18 january 2012
    18.01.2012
    zartonk january 17 2012
    17.01.2012
    zartonk january 15 2012
    15.01.2012
    zartonk 14 january 2012
    14.01.2012
    zartonk 13 jan 2012
    13.01.2012
    zartonk 12 january 2012
    12.01.2012
    zartonk 11 january 2012
    11.01.2012
    zartonk 10 jan 2012
    10.01.2012
    zartonk jan 6 2012
    06.01.2012
    zartonk jan 5 2012
    05.01.2012
    zartonk 4 jan 2012
    04.01.2012
    zartonk dec 31 2011
    31.12.2011
    զարթօնք 30 դեկ 2011
    30.12.2011
    zartonk 29 dec 2011
    29.12.2011
    Զարթօնք 28 դեկ 2011
    28.12.2011
    Զարթօնք 24 դեկ 2011
    24.12.2011
    Զարթօնք դեկ 23 2011
    23.12.2011
    Զարթօնք
    22.12.2011
    Զարթօնք
    21.12.2011
    Զարթօնք
    20.12.2011
    Զարթօնք
    18.12.2011
    Զարթօնք
    16.12.2011
    Զարթօնք
    15.12.2011
    Զարթօնք
    14.12.2011
    zartonk
    13.12.2011
    zartonk
    11.12.2011
    zartonk
    10.12.2011
    Զարթօնք
    08.12.2011
    Զարթօնք 6 Դեկտեմբեր 2011
    06.12.2011
    Zartonk 4 december 2011
    04.12.2011
    Զարթօնք 3 Դեկտեմբեր 2011
    03.12.2011
    zartonk 02/12/2011
    02.12.2011
    Zartonk
    01.12.2011

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    Ցոյցի Ժամանակ` Եգիպտոսի Մէջ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,504.00
    0.76
    389.26
    քլկ. արծաթ1,176.53
    օնց. ոսկի1,778.45
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հնարաւոր կը համարէք, որ Միացեալ Նահանգներ նախագահ Օպամայի օրով զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններ կատարէ Իրանի դէմ?