Zartonk

19 Մայիս

  • ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ


    ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ  ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

    Հայկազեան Համալսարանի 56ամեայ ուղիին վրայ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը նոր ժամանակներու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կը տանի մեզ:

     

    Ճշմարտութեան որոնումը, որ կը կատարուի ուսումնառութեան մէջ, ինքնին արժէք մըն է: Իսկ ուսումնասիրումն ու հետազօտութիւնը մեզ կը տանին աւելի խորունկը` վերստին քննելու այն ինչ կը կարծէինք գիտնալ:

     

    Ան աւելցուց, որ ՙուսումնասիրութեամբ ի յայտ կու գայ, որ այն ինչ բացայայտ էր, միայն փոքր մաս մըն էր խոշոր իրականութեան՚:

     

    Կ’որոնես հայկական համայնքին ժառանգութիւնը` տուեալ քաղաքի մը մէջ, եւ կը գտնես ուզածդ: Բայց երբ կը հետազօտես ու կ’ուսումնասիրես կ’անդրադառնաս, որ այն ինչ գիտէիր իրականութեան փոքր մասնիկն մըն է միայն:

     

    Ահա թէ ինչու ծնաւ կարիքը այս Կեդրոնին: Հայկական Սփիւռքը տարածուն աշխարհ մըն է ժողովուրդի, խորհրդանիշերու, թափի եւ յարաբերութիւններու, որոնք կապուած են իրարու, Հայաստանի եւ երկիրներու: Լիբանան իր բացառիկ մշակութային ժառանգութեամբ եւ հայկական արմատաւորութեան այնտեղ կեդրոնացումով, Հայկազեան Համալսարանը կը դարձնէ բնական վայրը Հայկական եւ գլխաւորաբար Միջին Արեւելքի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան:

     

    Իբրեւ ժամանակակից լիբանանահայ սերունդներ կը կարծենք, որ շատ բան գիտենք մեր կեանքին մասին, մանաւանդ Ի. դարու կեանքին մասին: Անգամ մը երբ Սուր կը գտնուէի, մէկը ինծի հարցուց, թէ ինչ եղաւ Սուրի մէջ գտնուող Պասի գաղթակայանի Հայ Աւետարանական Դպրոցը: Ես լսած էի, թէ եկեղեցի ունեցած ենք հոն, բայց դպրո՞ց...: Ու՞ր կը յիշուի այս դպրոցը, ուր փաստագրուած է եւ ուսումնասիրուած: Ահա թէ ինչ կ’ուզէի ըսած ըլլալ երբ կը խօսէի որունումի եւ հետազօտութեան ու ուսումնասիրումի մասին: Մենք զօրաւոր յիշողութեամբ ժողովուրդ մըն ենք: Բայց չենք կրնար վստահ ըլլալ, որ այսպէս պիտի շարունակենք` ի տես սրընթաց աշխարհին եւ սերունդներուն: Մենք պարտինք ուսումնասիրութիւններ կատարել եւ արդիւնքը ներկայացնել ակադեմական միջավայրին, որպէսզի  յաջորդ սերունդները կարենան հաշտ ապրիլ իրենց անցեալին հետ:

     

    Այս ծրագիրը Հայկազեան Համալսարանի օրակարգին վրայ կար 11 տարիներէ ի վեր: Ան պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Սեպտեմբեր 2011- ին, Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ներկայութեամբ: Այսօր ան իրականութիւն կը դառնայ ու ես այսօր կը յայտարարեմ պաշտօնական բացումը Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին, 1 Փետրուար 2012-ին, եւ ուրախ եմ, որ նախարարուհին շնորհաւորական գիր մը յղած է այս առթիւ, որ քիչ ետք պիտի կարդացուի:

     

    Այս ծրագիրը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց առատաձեռն նուիրատուութեամբը Բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի: Աստուածաշունչի խօսքը, թէ ՙուր որ ձեր հարստութիւնն է հոն ալ ձեր սիրտն է՚: Բարերար Երջօ Սամուէլեան ընտրած է աջակցիլ Հայկական Սփիւռք ուսումնասիրութեան ճիգին այն իմաստով, որ իր սիրտը կը գտնուի հոն, ուր ատենի գաղթական ժողովուրդ մը այսօր կը շարունակէ կերտել եւ հաւատարմօրէն յառաջանալ գոյատեւութենէ նուիրում եւ ստեղծագործութիւն: Հոն ուր կը ներդնես անկէ կը յուսաս` մեր ժողովուրդի ապագային համար: Հայկազեան Համալսարանը երախտապարտ է եւ Համալսարանի ուսանողներու եւ հետազօտողներու սերունդներն ալ երախտագէտ պիտի ըլլան բարերարին: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Համալսարանի Հոգաբարձութեան եւ յատկապէս Հոգաբարձութեան անդամ Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին քաջալերանքին եւ նուիրումին համար:

     

    Ուրախ եմ յայտարարելու, որ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան նշանակուած է Կեդրոնին տնօրէն եւ վստահ եմ, որ ան պիտի առաջնորդէ այս ճիգը ջանադրութեամբ եւ կորովով, զորս ան արդէն տարիներով դրսեւորած է Հայկազեան Համալսարանին մէջ, թէ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի իր գործունէութեամբ: Դոկտ. Տագէսեան իր քաղաքական գիտութիւններու դոկտորականը պաշտպանեց Նոյեմբեր 2010ին, Ուէյլզի Սուանզի Համալսարանը` ՙԺողովրդավարութիւն Եւ Համարկում Բազմահամայնքային Կացութեան Մէջ. Լիբանանի Հայերու Եւ Քիւրտերու Պարագան՚: Ի յաւելումն ան Հետազօտութեան Մագիստրոսի վկայական ստացած է Էպըրտինի Համալսարանէն, Քաղաքական Գիտութիւններու Մագիստրոսի վկայական` Պէյրութի Ամերկեան Համալսարանէն ու Հայագիտութեան Մագիստրոսի վկայական` Երեւանի Պետական Համալսարանէն: Իրեն լաւագոյնը կը մաղթենք:

     

    Հուսկ, յատուկ ուրախութիւն է պատուել հիւր մը մեր մէջ, նախկին նախարար Ն.Վ. Դոկտ. Ատնան Էլ Սայէտ Հուսէյնը, Լիբանանեան Համալսարանի նախագահը: Մենք կը գնահատենք իր աջակցութիւնը եւ ներկայութիւնը ու լաւատես ենք հետագայ արդիւնաւէտ գործունէութեան` երկու հաստատութիւններուն միջեւ:

    

     

    





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը