- ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ԴԱՍԱԽՕՍԷ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ ՃՈՐՃ ՍՐԿ. ԼԷՅԼԷԿԵԱՆ

Ուրբաթ, 27 Յունուար 2012-ին, իրիկուան ժամը 7.00-ին, դպրեվանքի ուսանողական խորհուրդին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ, որուն նիւթն էր «Հայ եկեղեցին այսօր Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ»: Դասախօսն էր Սան Ֆրանսիսքոյէն (Միացեալ Նահանգներ) Բարշ. Ճորճ սրկ. Լէյլէկեան:
Բացման խօսքը կատարեց եւ դասախօսը ներկայացուց Բարշ. Յովհաննէս կիս. սրկ. Ալթունեան:
Բարշ. Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»-ը:
Ճորճ սարկաւագ դպրեվանքի տեսչութեան իր շնորհակալական խօսքերը փոխանցելէ ետք` անցաւ իր նիւթին: Ան առաջին հերթին Հիւսիսային Ամերիկայի հայութեան թիւն ու աշխարհագրական պատկերը ներկայացուց: Ապա անդրադարձաւ հոն հաստատուած հայութեան ներքին ծալքերուն եւ Հայ եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան` շեշտը դնելով հետզհետէ աճող երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) իրականութեան վրայ:
Դասախօսութենէն ետք դպրեվանեցիներ իրենց հարցումները ուղղեցին եւ Տիրացու Ճորճ տուաւ յաւելեալ լուսաբանիչ պատասխաններ:
Փակման խօսքը կատարեց դպրեվանքի տեսուչ` Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալէեմէզեան, որ իր գնահատական խօսքը արտասանելէ ետք, ի՛նք եւս իր հովուական բեղուն փորձառութենէն բխող տեղեկութիւններ փոխանցեց գանատահայութեան եւ ամերիկահայութեան մասին: Ապա դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան անունով, սրբազան հայրը Ս. Թադէոս առաքեալի սրբապատկերը նուիրեց Ճորճ սարկաւագին:
Դասախօսական երեկոն աւարտեցաւ գիշերային հաւաքական աղօթքով, որուն ընթացքին դպրեվանեցիներ նաեւ աղօթեցին դպրեվանքի երկար տարիներու նախկին տեսուչ եւ դասախօս Գերշ. Տ. Արտաւազդ արք. Թրթռեանի եւ այժմու ուսուցիչ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհյ. Քէրքէզեանի առողջութեան համար:
Յայտնենք, թէ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ եւ դպրեվանքի տեսուչ սրբազանին հրաւէրով, Ճորճ սրկ. Լէյլէկեան երկու շաբաթով Պիքֆայա կը գտնուի եւ ծիսագիտութիւն կը դասաւանդէ բարեշնորհ սարկաւագներուն: Ան ծնած է Փրավիտենս (Միացեալ Նահանգներ): Տիրացած է առեւտրական, փաստաբանական եւ աստուածաբանական պսակաւոր եւ մագիստրոս վկայականներու: Նաեւ ձեռք ձգած է իր աստուածաբանութեան դոկտորան, որպէս թէզ ներկայացնելով Հայոց Ճաշոց Գիրքի Զարգացման Պատմութիւնը ուսումնասիրութիւնը: Ան կը ծառայէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ այցելու դասախօս է ամերիկեան համալսարաններու մէջ: Ան հեղինակ է աւելի քան 200 գիտական յօդուածներու:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































