- ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆԻ 56 ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ

Երկուշաբթի 30 Յունուարին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն ու Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ուրախութիւն ու գոհունա֊կութիւն յայտնեցին Հայկազեան համալսարանի 56 ուսանողներուն` իրենց հմտութեան համար ամբողջական կրթաթոշակի արժանանալ֊նուն առընչութեամբ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Լիբանանի մօտ Միաց֊եալ Նահանգներու դեսպան Մորա Գոնելլի ուրախութիւն յայտնեց` նման սերունդներ կերտող ծրագիրներու իրականացման համար հաստատելով, որ Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատեն ուսումը, որ ապագայի բանալին է: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ ամերիկեան ուսումնական ուղղուածութեան, որ տարբեր է ուրիշներէ դիտել տալով, որ բարձրագոյն կրթութիւնը ընդ֊հանրապէս կարեւոր է աւելի լաւ ապագայ ունենալու, ընկերութեան մէջ աշխոյժ եւ դրական ներդրում ունեցող մարդուժով օժտուելու համար:
Խօսք առաւ նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահը, որ ողջունեց դեսպանին ներկայութիւնը Հայկազեան համալսարանի յարկին տակ դիտել տալով, որ համալսարանը կը փորձէ անսակարկ ծառայութիւն մատուցել իր ուսանողներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրականացած ծրագիրին համար, որուն ճամբով պիտի կերտուին սերունդներ եւ լծուին իրենց ընկերութեան ծառայութեան:
Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով գործադրուող ծրագիրով մը, պետական վարժարաններ յաճախող, իրենց դպրոցական տարե֊շրջանի վերջին տարին հասած աշակերտներ, իրենց հմտութեան եւ կարողութիւններուն համար ՙՀամալսարանական ուսանողներու օժանդակութիւն՚ ծրագիրով, որ կը գործադրուի Միացեալ Նահանգ֊ներու Բարգաւաճման Միջազգային Գործակալութեան` ՙԵու.Էս.Էյտ՚-ի կողմէ, կը ստանան յատկացումներ իրենց կրթաթոշակին, գիր֊քերուն, ապրուստի, կեցութեան եւ բժշկական խնամքի համար:
Այս ծրագիրի ծիրին մէջ ամերիկեան կառոյցը շուրջ 27,5 միլիոն տոլար տրամադրած է` յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին եւս պետական վարժարաններէ շրջանաւարտներուն օժանդակելու, որպէսզի բարձրագոյն կրթութիւն ստանան: Այս յատկացումներուն արժանացած կարիքաւոր աշակերտներուն մէջ կայ ջախջախիչ թիւ մը, որոնք իրենց ընտանիքին մէջ առաջին համալսարան յաճախելու առիթ ունեցողներն են: Այս տարուան ընթացքին Հայկազեան եւ ՙԷլ.Էյ.Եու՚ համալսարանները յաճախող 117 ուսանողներու յատ֊կա֊ցում կատարուած է: Յառաջիկայ տարուան համար նախատես֊ուած է այս ծրագիրին մէջ ներառել նաեւ 103 այլ ուսանողներ, որոնք այլ համալսարաններու մէջ պիտի տեղաւորուին:
Ընտրուած աշակերտները իրենց ուսումը շարունակելու առիթ կ’ունենան, որպէսզի անոնց կարողականութիւնը զարգանայ, բարձ֊րագոյն կրթութիւն ստանան եւ օգտակար մարդուժ հանդիսանան իրենց երկիրներուն:
Միացեալ Նահանգներու Բարգաւաճման Միջազգային Գործակա֊լութիւնը Լիբանանի մէջ արդէն իսկ կրթական տարբեր ծրագիրներ իրականացուցած է` հոս իր գործունէութեան 50 տարիներուն ընթաց֊քին օժանդակելով աւելի քան 87 հազար ուսանողներու:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































