- ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ս. ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ԽՈՐԱՆԻ ՕԾՈՒՄ

Կիրակի, 22 Յունուար 2012-ին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուտ եկեղեցւոյ մարմարեայ նորակառոյց խորանը օծուեցաւ Ձեռամբ Լիբանանի Առաջնորդ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ
Թրիփոլիի Հայ Առաքելական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի հայութիւնը, յատկանշական օր մը ապրեցան ականատես ըլլալով եկեղեցւոյ խորանի օծման արարողութեան:
50 տարիներ առաջ նորակառոյց Ս. Հոգեգալուտ եկեղեցւոյ համար շինուած փայտեայ խորանը, շարունակ կանգուն մնաց ու վերածուեցաւ հայու ճակատագրին ու գոյատեւման հարազատ յուշակոթողի, որպէս վեհագոյն ամրոց` իր մէջ հաւաքած ու պահած ըլլալով ժողովուրդի մը ուրախութեան եւ ցնծութեան, տխրութեան ու տառապանքի, գոյատեւման եւ քրիստոնեայ հայու անկոտրուն կամքի աղօթքներն ու յուզմունքը, վերջապէս իր կարգին նուիրուելու յուշերու ալիքին, դառնալու համար քրիստոնեայ հայուն սուրբ տապանը, որ 50 տարիներ շարունակ իր ժողովուրդին կամքին յար եւ նման կրցաւ մնալ, որ է գոյատեւել ու չքայքայուիլ, իսկ իր դրօշը յանձնեց նոր Ս. Խորանին քաջ գիտնալով, որ առաքելութիւնը երբեք չի սասանիր ու չի տկարանար:
Զանգերու ղօղանջներու, հոգեւոր երգերու եւ խունկի բուրմունքի կանչին հաւաքուած Թրիփոլիի եւ այլ շրջաններու հայ ժողովուրդը, եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորեցին Լիբանանի Առաջնորդը, որ խորանի օծման յատուկ արարողակարգով` օրհնուած գինիով եւ ջուրով, սրբեց խորանի սեղանն ու սիւները, որմէ ետք Ս. Միւռոնով օծեց զանոնք:
Օծման յաջորդեց Ս. Պատարագը, Լիբանանի Առաջնորդ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Քիստոնէութեան պետականացման կարեւոր որոշումին եւ յայտնեց. < 4-րդ դարուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հաստատած Ս. Խորանը եւ եկեղեցին քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ առաջին Ս. Խորանն էր, որ Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս, հրապարակաւ եւ ազատօրէն կառուցուեցաւ, մինչ ուրիշ երկիրներու մէջ եկեղեցիներն ու խորանները կը շարունակէին մնալ գաղտնի ու գետնափոր վայրերու մէջ թաքնուած:
<Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կոչ ըրաւ հայ ժողովուրդին, որ շինեն լոյսի Ս. Խորանը, ուրկէ մեզի` Հայաստան աշխարհի համար ծագեցաւ լոյսը, որովհետեւ խորանը, կամ եկեղեցին քրիստոնէական հաւատքին տեսանելի արտայայտութիւնն է>:
Լիբանանի Առաջնորդը անդրադարձաւ նաեւ փայտեայ նախկին խորանին մասին, որ 50 տարիներ առաջ կառուցուած ու Թրիփոլիի հայութեան պատմութեան հետ քայլ պահած էր: Ան յատկանշեց խորանին կախուած <Լուսաւորչի Կանթեղը> յայտնելով, թէ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ Խորանին կախուած կ՛ըլլայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի խորհրդանիշը, որ երբեք պէտք չէ մարի եւ որուն գովքը հիւսած են նոյնիսկ բանաստեղծները:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Թրիփոլիի հայութեան բոլոր նախահայրերուն, որոնց շարքին կը պատկանին նաեւ Առաջնորդին նախահայրերը. ան յայտնեց, թէ <Մեր բոլորին հարազատները այս եկեղեցիին համար աշխատեցան, այս եկեղեցիին մէջ աղօթեցին եւ այս եկեղեցին պահեցին: Այսօր ձեր ներկայութեամբ ներկայ են նաեւ իրենք: Անոնք փայտէ խորան շինեցին իրենց հաւատքը դրսեւորելու համար, մենք այսօր քարեղէնը շինելով կը յուսամ, որ մեր հաւատքն ալ մեր շինած խորանին պէս զօրացած է:
Այս եկեղեցիին հովանիին տակ ապրողը կրցաւ պահպանել ե՛ւ իր քրիստոնէական հաւատքը, ե՛ւ իր հայկական նկարագիրը>:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնելով օրուան բարերարներուն քարոզը հետեւեալ խօսքերով եզրափակեց.-
<Մեր հաւատքին գեղեցիկ արտայայտութիւնը, այսօր մեզի կու տայ մեր բազմադարեան բարերարներուն շարքին արդէն իսկ դասուած Թրիփոլիի ազնուասիրտ հայորդիներէն` Ազար Ներսէսն ու իր Տիկինը Թերէզ Ներսէսը: Այս պատուական ընտանիքը այսօր իր հաւատքով, իր արդար վաստակով բաժին կը բերէ այս եկեղեցւոյ պայծառութեան, որուն համար շնորհակալ ենք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ Ազար եւ Թերէզ Ներսէսին ընտանիքը օրհնէ, ինչպէս նաեւ անոնց հաւատքը ամուր պահէ>:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն <Տիրամայր` Սեդա Խաչերեան> սրահին մէջ, որմէ ետք հրաւիրեալները հաւաքուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ, որ տեղի ունեցաւ ակումբին սրահին մէջ, ուր արտասանուեցան շնորհակալական ու գովաբանական խօսքեր: Իսկ Լիբանանի Առաջնորդը պատգամեց բացատրելով բարերարութեան բազմաթիւ կողմերուն մասին, ըլլան անոնք նիւթական, բարոյական եւ գործնական: Ան իր խօսքն ու օրուան առիթը եզրափակեց Թրիփոլիի հայութեան կողմէ յուշանուէր մը նուիրելով Պրն. Ազար Ներսէսին, ինչպէս նաեւ օրհնելով օրուան բարերարներն ու բոլոր սրտանց աշխատողները: Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց նաեւ <այս տարի Թրիփոլիին տարին է, ուրեմն այդ ուղղութեամբ մեր կարելին պիտի գործադրենք>:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԳՈՐԾԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,504.001 
0.761 
389.261 քլկ. արծաթ
1,176.531 օնց. ոսկի
1,778.45ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ




































































