- ԶԱՐԹՕՆՔ՚ ՕՐԱԹԵՐԹԻ 75 ԱՄԵԱԿԸ

2012-ին լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս եւ ՌԱԿ-ի աշխար֊հատարած շրջանակը մասնաւորաբար, արդար հպարտութեամբ եւ արժանավայել ձեռնարկներով պիտի նշեն սփիւռքահայութեան բա֊բախուն սիրտը հանդիսացող` լիբանանահայութեան պատուաբեր հրատարակութիւններէն` ՙԶարթօք՚ օրաթերթի 75-ամեակը:
Գրել ՙԶարթօնք՚ի ծննդեան եւ անոր 75-ամեակի բեղուն կեանքին մասին, կը նշանակէ անդրադառնալ աշխարհատարած հայութեան եւ Հայաստանի վերջին 75 տարիներու մաքառումներուն, վերապրու֊մին եւ պատուաբեր նուաճումներուն, որոնց մէջ մեծ դեր կատարած է ու կը շարունակէ ՌԱԿ-ի ՙԶարթօնք՚ օրաթերթը:
ՙԶարթօնք՚ 75 տարիներ շարունակ եղաւ ու կը մնայ մաքրամա֊քուր հայրենասիրութեան, մեր արդար դատի հետապնդման, հայա֊պահ֊պան֊ման եւ հայակերտման, մեր ժողովուրդի որակաւորման, ա֊նոր մէջ բա֊րոյական եւ հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման լուսաշող փարոս մը:
Այս փարոսը շնորհիւ իրերայաջորդ պատուական խմբագիրներու գործին, ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ աշխարհացրիւ ողջ հայութեան համար եղաւ անբիծ հայրենասիրութեան շեփորահարը, ապահով կողմնացոյցը:
Առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներու տարինե֊րուն, երբ մեր դրապէս գոյութիւն ունեցող հայրենիքը եւ հոն ապրող ժողովուրդը, ինքզինքը վերականգնելու եւ ապրելու ճիգին մէջ էր, Սփիւռքի հայութեան մօտ հայրենաբնակ ժողովուրդին հետ ըլլալու, մեր արիւնակիցներուն օգնելու եւ դէպի Հայաստան ներգաղթ կազ֊մա֊֊կերպելու գործին լծուելով, իր ուրոյն եւ անփոխարինելի դերը կա֊տա֊րեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ՙԶարթօնք՚ օրա֊թերթը:
Պաղ պատերազմի տարիներուն արաբական երկիրներու եւ Պարս֊կաստանի մէջ, ուր մեծ թիւով հայեր կ’ապրէին, այդ երկիրներու նե֊խած եւ ապականած իշխանաւորներու օրերուն, Խորհրդային Հա֊յաստանի կամ Ս. Էջմիածնի հանդէպ որեւէ համակրանք կամ դրա֊կան արտայայտութիւն` մահացու մեղք մըն էր, որուն հետեւանքով այլատեսակ պիտակներ, զրպարտութիւններ եւ դատապարտումներ կ’ընէին այդ տեսակ արտայայտութիւններ ունեցողներուն:
Այդ տարիներուն երբ Սփիւռքի մէջ քաղաքական որոշ թերթեր մեր հայրենիքը ՙթշուառ, անտէր, մեր թշնամեաց ոտնակոխ՚ կը ներկա֊յացնէին, ՙԶարթօնք՚ի խմբագիրները իրապաշտութենէ թելադրուած եւ իրապաշտ անձի` խմբագիր Վահան Թէքէեանի աչքով ՙտարբեր ես դուն մեր երազէն, աւելի լաւ՚, կ’ըսէին Հայաստանին:
ՙԶարթօնք՚ ՌԱԿ-ի բոլոր թերթերուն նման մեծապէս նպաստեց Սփիւռքի մէջ հայապահպանման եւ հայակերտման սրբազան գոր֊ծին, անսակարկօրէն սատարելով եւ աջակցելով լուսոյ խորան Էջ֊միածնի աշխարհացրիւ եկեղեցիներուն եւ աշխատանքներուն, ՀԲԸ Միութեան եւ ԹԷքէեան Մշակութային Միութեան բազմաբնոյթ ծրա֊գիրներուն ու մանաւանդ անոնց կրթական հաստատութեանց` խո֊րա֊պէս հաւատալով, թէ մշակոյթի եւ հայեցի կրթութեան զէնք ու զրահով պիտի կարենանք դէմ կենալ ձուլման եւ հայակուլ ամեհի փոթորիկներուն ու մրրկածին ալիքներուն:
* * *
Մեզի համար անձնապէս ՙԶարթօնք՚ եղած է մեր ազգային կեան֊քի ձեւաւորման, ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան մկրտա֊րանը: Պաղտատի մէջ ՀԲԸ Միութեան հայրենաբոյր շրջանակէն ներս, մեր պատանեկան եւ համալսարանական տարիներէն սկսեալ, ՙԶարթօնք՚ին միջոցաւ բացայայտեցինք մեր ինքնութիւնը, սիրեցինք եւ սորվեցանք մեր մայրենի լեզուն, մենք եւ մեր հասակակիցները ՙԶարթօնք՚ի մշտական ընթերցողները ըլլալով, սիրեցինք եւ զինուո֊րագրուեցանք մեր ժողովուրդի ամէնէն մաքուր քաղաքական կազ֊մակերպութեան` Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: ՙԶար֊թօնք՚ին միջոցաւ մենք տէր եղանք մեր ժողովուրդի անկողոպտելի ՙՄեծ երազին՚ եւ երդում տուինք, մեր կարելին ընել ծառայելու հա֊մար մեր ազգին եւ հայրենիքին մինչեւ այն երջանիկ օրը, որ տիրա֊նանք մեր ՙՄեծ երազին՚:
Այսօր ՙԶարթօնք՚ի 75-ամեակին առիթով, Լոս Անճելըսի այս հե֊ռաւոր ափերէն, սրտանց կը շնորհաւորենք ՌԱԿ-ի Լիբանանի մեր ուխտապահ շարքայինները, որոնք հակառակ բազմաթիւ եւ բազմա֊տեսակ դժուարութիւններու, վերստին հրատարակելու սկսան մեր պատուաբեր թերթը: Փառք ու հազար պատիւ բոլոր անոնց, որոնք գիտակցութիւնը ունեցան արժեւորելու եւ հասկնալու ՙԶարթօնք՚ի դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ յանձն առին շարունակելու այս թերթին հրատարակութիւնը:
Գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի մասնաւոր խօսք ունինք այժմու եւ անցեալի բոլոր պատուարժան խմբագիրներուն, վարչականնե֊րուն, աշխատակիցներուն եւ թղթակիցներուն:
Բոլորին կ’ըսենք` ձեր վարձքը կատար, իսկ մեր ՙԶարթօնք՚ին` անխափան եւ շռնդալից յաջողութիւններով պսակուած նորանոր ամեակներ կը մաղթենք:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































