Zartonk

19 Մայիս

  • ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆԻ «ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ


    ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆԻ  «ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ»  ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

    Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան (ՀԿՀՄ), Երեքշաբթի 24 Յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի «Խօսէ Ինծի Հայ Եկեղեցիի Մասին» գիրքին շնորհահանդէսը:

     

    Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները ունկնդրելէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը ՀԿՀՄ-ի անունով արտասանեց Դալար Աթեշեան, որ նշեց, թէ «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքը անդրադարձ մըն է աւելի մօտէն ճանչնալու եկեղեցին եւ կառչելու անոր սրբութիւններուն` առաւել եւս գիտակցօրէն ապրելու քրիստոնէութիւնը: Աթեշեան հաստատեց, որ Միութիւնը միշտ ալ վայելած է Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի հայրական հոգատարութիւնն ու հովանաւորութիւնը, եւ ան անդամներուն փոխանցած է քրիստոնէական, ազգային եւ հայրենասիրական վեհ զգացումներ:

     

    Օրուան հանդիսավար օրիորդ Լիւսի Տէօքմէճեան ներկայացնելէ ետք օրուան առաջին բանախօս` «Մասիս» շաբաթաթերթի պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեանը, բեմահարթակ հրաւիրեց զինք: Պատգամախօսը նշեց, որ հայր Անդրանիկ Կռանեան աւելի քան ութ տասնամեակ չէ ընկրկած, իր կորովը չէ դադրեցուցած, ստեղծագործ մտքի պայծառութիւնը չէ կորսնցուցած, այլ ծաւալած է լայնածաւալ գործունէութիւն, որուն արգասիքը ենթակային տարիքէն աւելի ծանր կը կշռէ: Նաճարեան յայտնեց, որ Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան իրականացուցած է ազգանուէր ու եկեղեցասէր ծրագիրներ եւ ստեղծած է երիտասարդական ու պատանեկան շարժումներ` դառնալով «Ճանապարհը լուսաւորող հովիւ»:

     

    Իսկ հանդիսութեան երկրորդ պատգամախօսն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ յայտնեց, թէ հայր Անդրանիկ Կռանեանի այս գործը պտուղն է երկարամեայ ծառայութեան, սերտողութեան, դասաւանդման եւ աղօթքի: Վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, որ գիրքը աւանդաքննական բնոյթ ունի, որ կ՛ուզէ 21-րդ դարու հայուն խօսիլ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ խնդիրներուն մասին:

     

    Արդարեւ իր կարգին, գինեձօնի աւանդական արարողութենէն ետք հանդիսականներ անհամբեր կը սպասէին ունկնդիր դառնալու հեղինակին` Անդրանիկ Ծ. վրդ Կռանեանին խօսքին: Ան իր հայրական խօսքին ընդմէջէն նախ երախտագիտական զգացումներ յայտնեց իրենց ներկայութեամբ զինք պատուող հանդիսականներուն, ապա շեշտեց, թէ ինք կը մեծարէ հայ եկեղեցին, որովհետեւ այն ինչ որ հայ եկեղեցին ընձեռած է հայ ազգին, ոչ մէկ եկեղեցի կատարած է իր ժողովուրդին: Կռանեան հաստատեց, որ այս գործը հրաւէր մըն է` հայ եկեղեցւոյ մասին միասնաբար մտածելու, խորհելու, սրբագրելու եւ միասին սիրելու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհահանդէսը իրականացնող բոլոր անհատներուն:

     

    Գեղարուեստական յայտագիրով հանդիսութեան ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանահայ արուեստագիտուհի Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան, որ Մեսրոպաշունչ ոգեւորութեամբ ասմունքեց համադրում մը նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի, մինչ ջութակով Մարինէ Հալլաճեան երկու կտոր նուագեց հայ դասական երաժշտութենէն:

     

    Շնորհահանդէսը  փակուեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին Պահպանիչով: Հանդիսութեան յաջորդեց Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի գիրքին մակագրութիւնը եւ հիւրասիրութիւն:

     

    ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

     

    Կենսագրութիւն մը եւ մանաւանդ երեւելի մարդոց կենսագրութիւնը ներկայացնելու համար` սովորաբար կը սկսինք անոնց ծննդեան տարեթիւի եւ վայրի, անոնց միջավայրի, ապա նաեւ անոնց ծնողաց` հօր ու մօր անուններու եւ իրենց զաւկին կազմաւորման վրայ անոնց ազդեցութեան յիշատակումով:

     

    Ասիկա որպէս ընդհանուր կանոն:

     

    Բայց երբ հրաւիրուեցայ Հայր Անդրանիկ Կռանեանի նման բազմավաստակ հոգեւորականի մը կեանքի մասին վկայութիւն տալու, այդ ընդհանուր կանոնի կարեւորութեան մասին թաղուեցայ հակասական մտորումներու մէջ: Որովհետեւ ես ինծի հարց տուի, թէ կենսագրութեան տիրոջ բնորոշ գիծերը, անոր կեանքին զարգացման ընթացքը եւ անոր բացայայտած արժէքները ինչքանո՞վ կախեալ եղած են ապրած տարիներու թիւէն, ծնած վայրէն կամ ծնողներէն: Ի վերջոյ որոշեցի ձեր դատին յանձնել մտածումներս, համոզուած ըլլալով որ ձեզմէ շատեր Հայր Կռանեանը ինծի չափ եւ թերեւս ինծմէ ալ աւելի մօտէն ճանչնալու, անոր հետ գործակցելու, անոր խորհուրդներէն օգտուելու, անոր հայրական մտերմութիւնը վայելելու առիթը ունեցած են, կամ զինք ճանչցած են իր գրութիւններուն ընդմէջէն, մինչեւ հեռաւոր գաղութներու եւ նաե՛ւ Հայաստանի մէջ:

     

    Այսպէս մտածեցի, թէ ի՞նչ կարեւոր է ծննդեան թուականը մարդու մը, որուն բազմակողմանի - եկեղեցական, հասարակական, գրական, մշակութային, դաստիարակչական, կրթական գործունէութեան մէջ ընդհանրապէս, եւ մտաւոր աշխատանքին մէջ մասնաւորաբար յոգնասպառութեան նշաններ չկան: Մարդու մը, որուն ապրած աւելի քան ութ տասնեակ տարիները թուլցուցած չեն անոր աշխատանքային կորովը, ընկրկեցուցած չեն անոր աշխատանքին ծաւալն ու որակը, եւ ոչ ալ աղօտեցուցած են անոր ստեղծագործ մտքի պայծառութիւնը: Մարդ մը` որուն ապրած տարիները իրենց թիւով չէ որ պէտք է գնահատել` այլ անոնց  որակով, մարդ մը` որուն բազմակողմանի գործունէութեան արգասիքը այսօր շատ աւելի ծանր կը կշռէ քան ապրած 82 տարիները եւ վստահաբար ան աւելի պիտի ծանրանայ 82-ին վրայ բարդուելիք տարիներուն:

     

    Եւ յետոյ մտածեցի, թէ ի՞նչ կարեւորութիւն ունի ծնած վայրը մարդու մը, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իբրեւ բնակավայր ունեցած է գաղթավայր մը, վանք մը կամ առաքելավայր մը, ժողովրդապետութիւն մը կամ քահանայատուն մը, հովուատուն մը կամ պարզապէս սենեակ մը եկեղեցւոյ կողքին, սակայն շնորհիւ իր աստուածատուր շնորհքին, իր ծննդավայրէն անդին, շատ աւելի խորերը երկարող իր ինքնութեան արմատներէն ժառանգած առանձնայատկութիւններուն, ապա նաեւ շնորհիւ այդ շնորհքն ու առանձնայատկութիւնները զարգացնող իր յետագայ կազմաւորման, ան կոխած գետինը վերածած է բերքառատ հողի` այդ հողին վրայ ստեղծելով իր համայնքին եւ անոր ճամբով Եկեղեցւոյ ու Ազգի կենսունակութեան համար անհրաժեշտ կառոյցներ, մշակած ու իրականացուցած է եկեղեցանուէր ու ազգանպաստ ծրագիրներ, իրեն վստահուած հօտին անդամները համախմբած է միութիւններու շուրջ, իմաստաւորած է անոնց հաւաքական կեանքը, կազմակերպած է մշակոյթային ու ընկերային ձեռնարկներ, երիտասարդական ու պատանեկան շարժումներ, միեւնոյն հողին վրայ ստեղծագործած է, գրած է ու հեղինակած, դասախօսած է ու բանախօսած, խմբագրած է ու հրատարակած, դարձած է իր հօտին ու շրջապատին ճանապարհը լուսաւորող հովիւ, զանոնք աշխատանքի մղող ուժ եւ անոնց ներշնչման աղբիւր:

     

    Եւ վերջապէս, ենթակային ծննդեան թուականէն ու վայրէն ետք, երբ հերթը եկաւ անոր ծնողաց անուններուն, կարճ կապելու համար եւ ենթադրելով որ ծնողները իր օրին երեւելի մարդիկ եղած չեն, փորձեցի շրջանցել ծնողնեղուն անունները յիշատակելու կարգը, մտածելով որ իրենց որդւոյն ծնունդէն 82 տարիներ ետք, երբ այլեւս չկան անոնք, այսօր ո՞վ կը հարցնէ հօր կամ մօր անունը զաւակի մը, որուն կեանքը պատկանած չէ ո՛չ իր ծնողներուն եւ ո՛չ իսկ իր անձին, այլ` պատկանած է Եկեղեցւոյ ու Ազգին: Որովհետեւ ան իբրեւ հայր ընդունած է Եկեղեցին, իբրեւ մայր` իր Ազգը եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է անոնց, ծնողական օճախին փոխարէն` իրեն իբրեւ ընտանիք ընդունելով Զմմառու Արծիւեան Միաբանութիւնը, եւ իբրեւ ընտանիքի անդամներ` միաբանակից եղբայրները:

     

    Այսուհանդերձ, երբ ես ինծի հարց տուի թէ ինչպէ՞ս պատահած է որ ծնողք մը, ատանացի Արմենակն ու կեսարացի Սուլթանիկը, իրենց միակ մանչ զաւակը, ապա նաե՛ւ իրենց երկու աղջիկներէն մէկը Եկեղեցւոյ եւ Ազգին ընծայելու մտածումը յղացած են, զգացի որ Հայր Կռանեանի ծնողներուն անունները յիշատակելու կամ անոնց ակնարկելու կարգը շրջանցել պիտի նշանակէր մեղանչել երկնային արդարութեան դէմ եւ անոնց յիշատակը անարգել:

     

    Որովհետեւ, մտածեցի թէ միա՛յն Նախախնամութիւնը կրնայ ներշնչած ըլլալ նման աստուահաճոյ յղացում մը: Այլապէս, ինչո՞վ կրնայ բացատրուիլ իրենց զաւակը Աստուծոյ եւ Ազգին ընծայաբերելու արարքը. ծնողաց համեստութեա՞մբ, բարեպաշտութեա՞մբ, ազգասիրութեա՞մբ, հայրենասիրութեա՞մբ: Այդ բոլորը` անպայմա՛ն, բայց ես պիտի ըսէի` մանաւա՛նդ Եկեղեցւոյ եւ Ազգի գերագոյն արժէքներ ըլլալու մասին անոնց աստուածաշնորհ խոր հաւատքով: Հաւատք մը` զոր անոնք իբրեւ ժառանգ տուած են իրենց զաւկին: Հաւատք մը` որ Արմենակի ու Սուլթանիկի որդւոյն ամբողջ կեանքին ուղենիշը եղած է:

     

    Չեմ գիտեր թէ Անդրանիկին ծնողները արդեօք գիտէի՞ն որ իրենց այս ընծայաբերումով իրենք կը դասուին Եկեղեցւոյ եւ Ազգին մեծագոյն բարերարներու շարքին, որովհետեւ աւելի մեծ ի՞նչ բարերարութիւն կրնայ ըլլալ քան միակ մանչ զաւակը Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ Ազգի ծառայելու կոչման արժանացնելը: Անոնք գիտէի՞ն արդեօք թէ իրենց ընծային արժէքը տարուէ տարի պիտի բարձրանայ ոսկիի արժէքին նման, պիտի արժէ շատ աւելի քան ամէնէն մեծագումար նուիրատուութիւնը:

     

    Ինչպէս նկատեցիք, Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ.Կռանեանի նման` Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին ծառայութեան նուիրուած գլխատառ Մարդ մը, նախանձախնդիր Հայ մը եւ առաքինի Հոգեւորական մը ներկայացնելու համար կենսագրութիւն մը սկսելու ընդհանուր կանոնը շրջանցելու փորձս ձախողեցաւ:

     

    Բայց, չեմ գիտեր թէ արդեօք յաջողեցա՞յ զգացնել որ մարդու մը ծննդեան տարեթիւին ու ծննդավայրին անդրադարձէն կամ ծնողաց կամ ընտանեկան միջավայրի ազդեցութենէն անկախ` կա՛յ աւելի կարեւոր բան մը, զոր մարդ ի՛նք կը կերտէ ու կը մշակէ. ատիկա կեանքին ուղենիշն ու գործունէութեան նպատակաուղղուածութիւնն է: Այս իրողութեան կենդանի վկան է այսօր իր երկրորդ երիտասարդութիւնը թեւակոխած Գերյարգելի Կռանեանը: Հայր Կռանեանին մօտ յստակ են այդ ուղենիշն ու նպատակաուղղուածութիւնը: Անոր կեանքին ու գործունէութեան մեկնակէտն ու նպատակակէտը Ազգն ու Եկեղեցին են, իսկ այս զոյգ կէտերուն միջեւ երկարող ճանապարհը լուսաւորող փարոսը Ճշմարտութիւնն է, իր պայքարի հզօր զէնքը:

     

    Ճշմարտութեան, եւ այս պարագային պատմական ճշմարտութեան որոնումին մէկ արդիւնքն է անոր «ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ» խորագրեալ գիրքը, որուն շնորհահանդէսն է այս երեկոն:

     

    Որպէսզի վկայութիւնը որ տուի Գերյարգելի Կռանեանի մասին` ենթակայական դատումի արդիւնք չնկատուի, անշուշտ պէտք է զայն հիմնաւորել: Դժբախտաբար, ինծի սահմանուած հազիւ տասնեակ մը վայրկեանները բաւարար չեն հիմնաւորումի փորձ մը անգամ կատարելու, որովհետեւ անոր կեանքին ու գործունէութեան իւրաքանչիւր գլուխը` Եկեղեցականը, Հասարակական եւ Մշակոյթի գործիչը, խմբագիրը, Դասախօսը, Բանախօսը, Հեղինակը, Լրագրող-Խմբագիրը, ասոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին դասախօսութեան մը կը կարօտի:





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը