23 Յունուար 2012-ը պատմական օր մը եղաւ հայութեան համար: Այն օր Ֆրանսայի Ծերակոյտը որդեգրեց ցեղասպանութիւններու, ընդ որում Հայոց Ցեղասպանութեան, ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Դպրեվանքի Դ. Ընծայարանի երկու սարկաւագներու մտայղացումով, ներկայացուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի կեանքին վերջին հանգրուանը պատկերացնող կենդանի պատկեր մը: