Zartonk

19 Մայիս

  • ՖՈՒԹՊՈԼ. ՌԷԱԼ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՁԱԽՈՂԵՑԱՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ԱՌՋԵՒ


     

    Չորեքշաբթի օրը յատկանշական էր եւրոպական երկիրներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն գծով տրուած ըլլալով, որ գագաթի կամ ՙծանր կշիռք՚ի երեք հանդիպումներ կային այդ օր, տուեալ երկիրներու մէջ զօրաւոր խումբերու մասնակցութեամբ:

     

    Այսպէս Սպանիոյ մէջ, թագաւորի բաժակի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին, ախոյեանութեան առաջատար Ռէալ Մատրիտ թէեւ 0-2 հաշուով ետ մնալէն ետք յաջողեցաւ 2-2 արդիւնքով աւարտել խաղը իր ամեհի ու վաղեմի մրցակից Պարսելոնայի դաշտին վրայ, սակայն այդ արդիւնքը բաւար չեղաւ վերջնական յաղթանակ տանելու: Արդարեւ երթի հանդիպումին, Ռէալ իր դաշտին վրայ 1-2 արդիւնքով պարտուած ըլլալով Պարսոյէն, դուրս մնաց բաժակի մրցաշարքէն:

     

    ԻՏԱԼԻԱ

     

    Իտալիոյ մէջ նոյնպէս կայացան քառորդ աւարտականի չորս հանդիպումներ, որոնց գլխաւոր պարտեալը եղաւ երկրին ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորաման 4-րդ դիրքը գրաւող եւ բաժակակիր Ինթէր Միլանը:

     

    Նափոլիի ՙՍան Փաուլօ՚ մարզադաշտին վրայ խաղալով, Ինթէր պարտուեցաւ 2-0 արդիւնքով: Զոյգ կոլերը նշանակեց Նափոլիի ուրուկուէյցի խաղացող Էտիսըն Քավանին, առաջինը  փենալթիի հարուածով, 50-րդ վայրկեանին, իսկ երկրորդը արագ յարձակումէ մը ետք, երբ Ինթէր կը ճնշէր Նափոլիի բերդին վրայ, 90+3-րդ վայրկեանին: Տիտղոսակիր Ինթէր դուրս մնաց բաժակի մրցաշարքէն, իսկ Նափոլի կիսաւարտականի հասաւ 1997-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:

     

    Քիեւօ Վերոնա սեփական յարկի տակ խաղալով, 0-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Սիենայէն:

     

    Երեքշաբթի օր ախոյեանութեան առաջատար Եուվէնթուս ընդունեց Ա.Էս. Ռոման, որուն դէմ տարաւ փառաւոր յաղթանակ մը 3-0 արդիւնքով: Գեղեցիկ էր Եուվէնի 2-րդ կոլը, զոր նշանակեց ՙծերակուտական՚ Ալեսանտրօ Տէլ Փիերոն, հանդիպման 30-րդ վայրկեանին:

     

    Հինգշաբթի գիշեր Ա. Սէ. Միլան ընդունեց ախոյեանութեան դասաւորման հինգերորդ դիրքը գրաւող մայրաքաղաք Հռոմի միւս ներկայացուցիչ Լացիոն, զոր պարտութեան մատնեց 3-1 արդիւնքով: Հանդիպման 5-րդ վայրկեանին Սիսա նշանակեց Լացիոյի միակ կոլը, իսկ Ռոպինիօ, Սիտորֆ եւ Իպրահիմովիչ 15-րդ,18-րդ եւ 86-րդ վայրկեաններուն արձանագրեցին Միլանի յաղթանակի կոլերը:

     

    ԱՆԳԼԻԱ

     

    Չորեքշաբթի օր Անգլիոյ մէջ կայացան արհեստավարժ ակումբներու բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանին դարձի մրցումները: Տաք եւ հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցան ախոյեանութեան առաջատար Մանչեսթըր Սիթին եւ 7-րդ դիրքը գրաւող Լիվըրփուլը վերջինիս դաշտին վրայ: 44590 մարզասէրներու ներկայութեամբ կայացած այս մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Երթի մրցումին Մանչեսթըրի մէջ, Լիվըրփուլ յաղթած էր 1-0 արդիւնքով: Հետեւաբար այդ խումբը շահեցաւ աւարտական մրցումին խաղալու իրաւունքը:

     

    Աւարտականին Լիվըրփուլի մրցակիցը պիտի ըլլայ Բ. դասակարգի խումբերէն Քարտիֆ Սիթին, որ փենալթիի հարուածներով (3-1) յաղթեց նոյն դասակարգէն Քրիսթալ Փալասին: 25652 հանդիսականներու առջեւ կայացած հանդիպման հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ ի նպաստ Քարտիֆի 1-0 արդիւնքով, ինչ որ երթի մրցումի արդիւնքն է, սակայն Քրիսթալի ի նպաստ: 30 վայրկեաննոց երկարաձգումը բան մը չփոխեց արդիւնքէն եւ երկու խումբերը դիմեցին 11 մեթրանոց հարուածներու, որոնց աւարտին Քարտիֆ յաղթական դուրս եկաւ:

     

    ՃԱՏՐԱԿ

     

    ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ

     

    Ընթացիկ Յունուար ամսուան 14-էն ի վեր, հոլանտական Վէյք Ան Զէէ քաղաքին մէջ կը կայանայ ճատրակի միջազգային 74-րդ մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին շախմատի միջազգային 14 աստղեր, որոնց շարքին է նաեւ ողիմպիական ախոյեան, հայրենի ճատրակորդ Լեւոն Արոնեանը, որուն ցարդ գլխաւոր մրցակիցն է նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը:

     

    Մինչ այդ Քարլսըն հերթական իր հանդիպումը ունեցաւ ռուս երիտասարդ շախմատիստ Սերկէյ Քարիաքինին հետ: Մոսկուայէն Հոլանտա մեկնելէն առաջ Քարիաքին ըսած էր, թէ հոն կÿերթայ այս տարուան զօրաւորագոյն մրցաշարքը շահելու նպատակով: Եւ երբ անոր հարցում տրուեցաւ առաջին դիրքը գրաւելու մէջ ձախողելու հաւանականութեան մասին ան պատասխանեց. ՙԱռնուազն պիտի յաղթեմ Քարլսընին՚: Անոր նախատեսութիւնը ճիշդ ելաւ եւ հանդիպման 60-րդ քայլին, 6 ժամուան յարատեւ խաղէ ետք, նորվեկիացին հարկադրուեցաւ անձնատուր ըլլալու իր մրցակիցին:

     

    Հետեւաբար մրցաշարքի 9րդ հանգրուանէն յետոյ Արոնեան 9 կարելիի վրայ 6.5 կէտ շահած ըլլալով, դարձաւ դասաւորման միանձնեայ առաջատար: Յաջորդ երեք դիրքերը 5.5-ական միաւորներով կը գրաւեն Քարլսընը, Վասիլի Իւանչուքը (Ուքրանիա) եւ Թիմուր Ռաճապովը (Ազրպէյճան): Քարիաքին վաստկած է 4.5 կէտ եւ  կը գտնուի 8-րդ հորիզոնականին վրայ: Մրցաշարքի աւարտին մնացած են չորս հանգրուաններ:

     

    ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽԱՂ. ԼԻԲԱՆԱՆ - ԻՐԱՔ  1-0

     


     

    Անցեալ Կիրակի կէսօրէն ետք Սայտայի  քաղաքապետական դաշտին վրայ, Լիբանանի ֆութպոլի հաւաքականը բարեկամական մրցում մը կատարեց Իրաքի հաւաքականին դէմ, շուրջ 3000 հանդիսականներու ներկայութեամբ: Հանդիպման Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ առանց կոլերու, իսկ Բ. կիսախաղին Լիբանան կարողացաւ առաւելութեան հասնիլ իր հիւրին նկատմամբ, երբ 65-րդ վայրկեանին Մահմուտ Ալի կոլ նը նշանակեց  Իրաքի փոխարինող բերդապահ Նուր Սապրիի դարպասէն ներս: Այս միակ կոլով ալ Լիբանան յաղթանակ տարաւ իր մրցակիցին նկատմամբ:

     

    Այս հանդիպումը կÿընդգրկուէր երկու խումբերուն նախապատրաստութեանց ծիրէն ներս`2014-ին Պրազիլի մէջ կայանալիք Մոնտիալի ասիական զտումներու երրորդ հանգրուանի իրենց մրցումները կատարելու, որոնք պիտի կայանան յառաջիկայ 29 Փետրուարին: Նշենք, որ Լիբանան այդ օր կարեւոր մրցում մը պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հաւաքականին դէմ Ապու Տապիի մէջ, իսկ Իրաք պիտի մրցի Սինկափուրի հետ:





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը