- ՅԱՆՈՒՆ ՀՐԱՆԴԻ, ՅԱՆՈՒՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ՚

Հրանդ Տինքի սպանութեան 5-րդ տարելիցին առթիւ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հաւաքուեցան Սթամպուլի Թաքսիմ հրապարակը, ուրկէ շարժեցան Շիշլի` դէպի ՙԱկօս՚ի խմբագրութիւն: Քանի որ տարելիցէն 2 օրեր առաջ սպանութեան գործով դատավճիռը հրապարակուած էր, ուստի երթին մասնակիցները, որոնք իրենց ձեռքերուն կը կրէին ՙՅանուն Հրանդի, Յանուն Արդարութեան՚ մակագրութեամբ ցուցապաստառներ, մեր հայրենակիցին յիշատակը յարգելով միաժամանակ դատապարտեցին ամբաստանեալներուն նկատմամբ դատարանի գայթակղեցուցիչ որոշումը:
Միջոցառումը նախաձեռնած էր ՙՀրանդի Ընկերներ՚ կազմակերպութիւնը: Ներկայ եղան Սթամպուլի հասարակայնութեան ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, Ժողովրդա-Հանրապետական եւ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն՚ կուսակցութեան անդամներ, անցեալ տարուայ Ապրիլ 24-ին զօրամասին մէջ դաւադրաբար սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Շահինի ընտանիքը, Տինքի հարազատներն ու ընկերները:
Երթը անցաւ լռելեայն: Մասնակիցները չկրեցին Թուրքիոյ կամ որեւէ այլ կազմակերպութեան դրօշներ: Պարզապէս ՙԱկօս՚ի խմբագրատան շէնքին փակցուած էր Տինքի մեծադիր նկարը` ՙԱյս դատը այսպէս պիտի չանցնի՚ մակագրութեամբ: Երթին մասնակիցները, որոնց առաջնորդեց մեր հայրենակիցի այրին` Ռաքէլ Տինքը, խմբագրատան առջեւ մէկ վայրկեան յարգեցին Տինքի յիշատակը, ապա ելոյթ ունեցաւ ՙԱկօս՚ի ներկայ խմբագիրը:
Այդ ընթացքին երթին մասնակից Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Սըրրը Սուրեյեա Օնտեր դատապարտելու համար Սթամպուլի քրէական դատաւորի ամբաստանեալներուն առընչուող որոշումը, ՙՀիւրրիյէթ՚ի վկայութեամբ ըսաւ. ՙԿառավարութիւնը չի կրնար խուսափիլ խայտառակ դատավճիռի պատասխանատուութենէն պատճառաբանելով, թէ դատարանները անկախ են: Եթէ այդպէս կը վարուի, այդ կը նշանակէ, թէ Տինքի սպանութեան պատասխանատուութիւնը պետութիւնը կը ստանձնէ, հետեւաբար մարդասպանը նոյն ինքը պետութիւնն է՚:
ՅԱԿՈԲ ՉԱՔՐԵԱՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































