- ՃԱՏՐԱԿ. ԱՐՈՆԵԱՆ ՇԱՀԵՑԱՒ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Նոր նուաճում մը եւս հայկական ճատրակին համար, զոր իրա֊գործեց հայրենի մեծ վարպետ, ողիմպիական ախոյեան Լեւոն Արոն֊եանը, որ շահեցաւ այս տարուան առաջին մեծ մրցաշարքին` Թաթա Սթիլի միջազգային 74րդ մրցաշարքին ախոյեանի տիտղոսը, որ կայացաւ հոլանտական Վէյք Ան Զէէ քաղաքին մէջ, 14-29 Յունուարի միջեւ, աշխարհի ճատրակի 14 աստղերու մասնակցութեամբ:
Արոնեան ճարտարութեամբ եւ արդարօրէն շահեցաւ ախոյ֊եանու֊թիւնը, 13 կարելիի վրայ վաստկելով 9 կէտեր: Ան արձանագրեց 7 յաթանակներ եւ 4 հաւասարութիւններ, 2 անգամ ալ պարտութիւն կրելով: Արոնեան իր ետին ձգեց մրցաշարքին ախոյեանութիւնը շա֊հելու գլխաւոր թեկնածու, Նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը (անոր եւ չեխ Տավիտ Նաւարային դիմաց պարտուելով հանդերձ): Քարլսըն 2րդ դիրքին տիրացաւ, իր 13 հանդիպումներէն 24 կէտ հաւաքելէ ետք:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































