- ԶԱՐԹՕՆՔ ՍՓՈՐ. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Անցեալ շաբաթավերջին կայացան Եւրոպական երկիրներու ֆութպոլի ազգային ախոյեանութեանց մրցաշարքերու հերթական հանգրուաններու մրցումները: Առաջատար խումբերը մեծամասնութեամբ յաղթանակներ տանելով կա՛մ ամրապնդեցին իրենց դիրքերը եւ կամ պահեցին մրցակիցներու միջեւ կէտերու տարբերութիւնները:
Մեր մարզասէր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ֆութպոլի մարզաձեւին մէջ կարեւորութիւն եւ հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկիրներուն ախոյեանութեանց մրցումներուն արդիւնքները եւ առաջատար խումբերուն դասաւորումները:
ԻՏԱԼԻԱ
Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն տեղի ունեցան Իտալիոյ ախոյեանութեան 2011-2012 մրցաշրջանի ընդհանուր 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին մրցումները, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան 31 կոլեր, ինչ որ կը նկատուի արդիւնաւէտ շաբաթ մը կոլերու իմաստով: Երկու խումբեր նշանակեցին հինգական կոլեր, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան երեքէն չորս կոլերու տարբերութեամբ երկու յաղթանակներ:
Կատարուած մրցումներուն արդիւնքները.-
- Ա.Էս.Ռոմա Զեզենա 5-1
- Աթալանթա Եուվենթուս 0-2
- Պոլոնիա Փարմա 0-0
- Քալիարի Ֆիորենթինա 0-0
- Իւտինեզէ Քթանիա 2-1
- Լեչէ Քիեւօ Վերոնա 2-2
- Սիենա Նափոլի 1-1
- Փալերմօ Ճենովա 5-3
- Նովարա Ա. Սէ .Միլան 0-3
- Ինթէր Միլան Լացիօ 2-1
Երթի շրջանի աւարտին, առաջատար խումբերուն դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.-
1) Եուվենթուս` 19 մրցում- 41 կէտ, կոլեր` 31-12
2) Ա. ՍԷ. Միլան` 19-40, 40-17
3) Իւտինեզէ` 19-38, 28-14
4) Ինթէր Միլան` 19-35, 30-20
ՍՊԱՆԻԱ

Սովորականին նման մրցակցութիւնը կը շարունակուի սպանական ֆութպոլի երկու հսկաներուն` Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ: Առաջինը 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Աթլեթիք Պիլպաուը, իսկ երկրորդը նոյն արդիւնքով առաւելութեան հասաւ զինք հիւրընկալած Մալակայի նկատմամբ:

Մրցակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ զոյգ խումբերու գլխաւոր կոլ-սքորըրներ Քրիսթիան Ռոնալտոյին (Ռէալ) եւ Լիոնէլ Մեսսիին (Պարչելոնա) միջեւ, որոնք յաջորդաբար 2 եւ 3 կոլեր նշանակեցին այս շաբաթ: Ռոնալտօ (Փորթուկալէն) այժմ ունի 23 կոլեր, իսկ Մեսսի (Արժանթինէն) մէկ կոլով ետ կը մնայ անկէ:
Ռէալ Մատրիտ 19-րդ հանգրուանէն (երթի շրջանին վերջինը) ետք շահած է 49 կէտ (կոլերը` 67-18), իսկ Պարչելոնա ունի 44 կէտ (59-12): Վալենսիա (35 կէտ, կոլերը` 29-20) եւ Լեւանթէ 31 կէտ (կոլերը` 25-22), հեռուէն կը հետեւին Ռէալի եւ Պարչելոնայի միջեւ պայքարին:
ԱՆԳԼԻԱ
Երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու համար սուր պայքար մը կÿընթանայ Մանչեսթըր քաղաքի զոյգ ներկայացուցիչներուն` Եունայթըտին եւ Սիթիին միջեւ, եւ առ այժմ կացութիւնը ի նպաստ երկրորդին է:
Կիրակի օր մրցաշարքի 22-րդ օրուան մրցումներու աւարտին, առաջատար Մանչեսթըր Սիթի 3-2 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ իր հիւրին` Թոթընհէմին (3րդ դիրքը կը գրաւէ) նկատմամբ: Երթի մրցումին, Լոնտոնի մէջ, Սիթի յաղթած էր 5-1 արդիւնքով: Իսկ Եունայթըտ Լոնտոնի մէջ խաղալով, 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արսենալը, որ երթին 8-2 անհաւատալի արդիւնքով տեղի տուած էր նոյն խումբին առջեւ Մանչեսթըրի մէջ:
Շաբաթ օր Չելսի առանց կոլերու հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նորիչ Սիթիի դաշտին վրայ, մինչ երկրին անուանի խումբերէն Լիվըրփուլ 3-1 արդիւնքով պարտուած վերադարձաւ Պոլթըն Ուոնտըրըրզի դաշտէն:
Երկու Մանչեսթըրները լաւ առաւելութեամբ հեռու են զիրենք հետապնդող խումբերէն: Սիթի ունի 54 կէտ (կոլերը` 60-18), իսկ Եունյթըտ 51 կէտ (կոլերը` 54-21:
Մայրաքաղաք Լոնտոնի երեք ներկայացուցիչներ` Թոթընհէմ, Չելսի եւ Արսենալ, յաջորդաբար 46,41 եւ 36 կէտերով կը գրաւեն 3-րդ, 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը ու ըստ երեւոյթին անոնք պիտի պայքարին երրորդ դիրքը գրաւելու համար:
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Նախորդ տարիներուն նման, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը արձակուրդ առած էր ձմեռնային օրերուն, եւ անոր ՙգնացքը՚ վերստին շարժեցաւ այս շաբաթավերջին, երբ կայացան դարձի շրջանի առաջին` ընդհանուր 18-րդ հանգրուանին մրցումները:
Ուրբաթ օր 18-րդ հանգրուանի առաջին մրցումին, ախոյեան եւ ընթացիկ մրցաշրջանի առաջատար Պայերն Միւնիխ նոր ՙապտակ՚ մը ստացաւ վաղեմի իր մրցակից Պորուսիա Մէօնշեն կլատպախէն, որ 3-1 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ իր հիւրին դէմ: Պորուսիա Տորթմունտ, որ 3 կէտով ետ կը մնար Պայերնէն անմիջապէս օգտուեցաւ իր մրցակիցի սայթաքումէն, Կիրակի օր 5-1 մեծ արդիւնքով յաղթանակ մը տանելով Համպուրկի դաշտին վրայ: Նոյնը ըրաւ նաեւ 3-րդ դիրքը գրաւող Շալքէն, որ Շաբաթ օր 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Շթութկարթը:
18-րդ օրուան մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, առաջատար խումբերուն դասաւորումը կը պարզէ հետեւեալ տեսքը.-
1) Պայերն Միւնիխ` 18 մրցում- 37 կէտ, կոլեր` 44-13
1) Պորուսիա Տորթմունտ` 18-37, 40-13
3) Էֆ. Սի. Շալքէ` 18-37, 41-23
4) Պորուսիա Մէօն` 18-36, 28-12
ՖՐԱՆՍԱ
Շաբաթավերջի երեք օրերուն կայացան Ֆրանսայի բաժակի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանին մրցումները, ուր Օլիմփիք Լիոն հանդիպման 74-րդ եւ 89-րդ վայրկեաններուն նշանակուած կոլերով, 2-0 արդիւնքով դժուարին յաղթանակ մը տարաւ չորրորդ դասակարգի խումբերէն Սթատ Լուսոնի դէմ եւ անցաւ մրցաշարքի երրորդ հանգրուան:
Ախոյեանութեան առաջատար Փարի Սէն Ժերման 4-0 արդիւնքով յստակ յաղթանակ մը տարաւ հինգերորդ դասակարգի խումբերէն Սապլիէ Սիւր Սարթի դէմ: Նիսի եւ Սթատ Ռէնի հանդիպումը աարտեցաւ առանց կոլերու, եւ յետ երկարաձգման կատարուած ՓԵՆԱԼԹԻԻ հարուածներով երկրոդ խումբը յաղթանակ տարաւ 5-4 արդիւնքով: Օլիմփիք Մարսէյ յետ երկարաձգման 3-1 արդիւնքով յաղթանակ տարաւ երկրորդ դասակարգի խումբերէն Հաւրի նկատմամբ:
Այս էջը պատրաստեց` ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































