- ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԻՏԱԼԻԱ
ԻՆԹԷՐ Մ.- ՓԱԼԵՐՄՕ 4-4
Շաբթուան ընթացքին կայացան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանու֊թեան 21րդ հանգրուանի 6 մրցումներ, մինչ մնացեալ 4 հանդիպում֊ները յետաձգուեցան աննպաստ օդին պատճառով:
Առաջատար Եուվենթիւսի մրցումը Փարմայի դաշտին վրայ, մէկն էր յետաձգուած հանդիպումներէն: Իսկ փոխ առաջատար Ա.Սէ.Մի֊լան, 4րդ դիրքի Լացիոյ դաշտին վրայ, չկարողացաւ առիթը օգտա֊գործել եւ գլխաւորել դասաւորման աղիւսակը, երբ 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ իր մրցակիցէն: 3րդ դիրքի Իւտինեզէն 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լեչէին: Քալիարի-Ռոմա մրցումը աւարտեցաւ 4-2 արդիւնքով: Նափոլի-Չեզենա հանդիպումը վերջ գտաւ առանց կոլե֊րու: Նովարա իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Քիեւոյի առջեւ, 2-1 ար֊դիւնքով:
Հակառակ Եւրոպայի եւ շրջանին մէջ տիրող ձիւնոտ եւ խիստ ցուրտ եղանակին, Միլանօ քաղաքի գլխաւոր մարզադաշտին` Սան Սիրօ կամ Ճիուզեփէ Միացայի վրայ կայացաւ ծայր աստիճան «տաք» հետաքրքրական եւ կոլերով հարուստ մրցումը: Արդարեւ, Ինթէր Միլան-Փալերմօ հանդիպման 17րդ վայրկեանին, Փալերմոցի Անտրաիա Մանթովանի անակնկալօրէն բացաւ մրցումին հաշիւը: 5 վայրկեան ետք, արժանթինցի Տիեկօ Միլիթօ վերականգնեց հա֊ւա֊սարութիւնը: 52-րդ վայրկեանին, Ֆապրիսիօ Միքքոլի նշանակեց Փալերմոյի 2-րդ կոլը, որուն 3 վայրկեան ետք պատասխանեց Միլի֊թոն, որ 61-րդ վայրկեանին 3րդ կոլով մը յառաջ տարաւ իր խումբը: Եւս 5 վայրկեան, նոյն Միքքոլին անգամ մը եւս հաւասարութիւն հաստատրեց: Միլիթօ-Միքքոլի «մենամարտ»ը շարունակուեցաւ, եւ առաջինը 69-րդ վայրկեանին նշանակեց իր եւ Ինթէրին 4րդ կոլը, մինչ երկրորդը 85-րդ վայրկեանին նշանակեց իր 3-րդ, իսկ Փալերմոյի 4-րդ կոլը, եզրափակելով կոլերու փառատօնը (8) այս հանդիպման: նշենք, որ երկու խումբերուն միջեւ երթի մրցումը նոյնպէս աւարտած էր մեծաթիւ կոլերով (7), երբ Փալերմօ յաղթած էր 4-3 արդիւնքով: Այսինքն, երկու խումբերուն այս տարուան զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին արձանագրուած եղան 15 կոլեր:
ԱՆԳԼԻԱ
Երկրին ֆութպոլի ախոյեանութեան 23րդ շաբթուան մրցումնե֊րուն, առաջին դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի կրեց նոր պարտու֊թիւն մը, 1-0 արդիւնքով, Էվըրթընի դաշտին վրայ: Անոր անհաշտ հակառակորդը` Եունայթըտ պարտութեան մատնելով (2-0) իր հիւրը` Սթոք Սիթին, կէտերով (54) հաւասարեցաւ Սիթիին հետ եւ միայն կոլերու տարբերութեամբ ետ կը մնայ անկէ: 3րդ դիրքի Թոթընհէմը իր դաշտին վրայ յաղթեց (3-1) Ուիկըն Աթլեթիքին, իսկ 4րդ դիրքը գրաւող Չելսին հաւասարութեամբ (1-1) վերադարձաւ Սուանսիի դաշտէն: Մնացեալ մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.-Ուուլվզ-Լիվըրփուլ 0-3, Ասթոն Վ. -Ք.Փ.Ռենճըրզ 2-2, Պլեքպըրն-Նիւքասըլ 0-2, Պոլթըն-Արսենալ 0-0, Ֆուլէմ-Ուեսթ Պրոմիչ 1-1, Սանտըրլենտ-Նորիչ 3-0:
ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԸ
Կէտ Կոլեր
1) Մանչեսթըր Սիթի 54 60-19
2) Մանչեսթըր Եունայթըտ 54 56-21
3) Թոթընհէմ 49 44-25
4) Չելսի 42 41-26
5) Նիւքասըլ Եուն. 39 34-30
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ 74 ԶՈՀ - 300 ՎԻՐԱՒՈՐ
Աշխարհի չորս ծագերուն բազմամիլիոն համակիրներու ուրախութիւն պատճառելու եւ խանդավառութիւն ստեղծելու կողքին, ֆութպոլը երբեմն դժբախտաբար պատճառ կը դառնայ նաեւ ցաւալի դէպքերու, որոնք կ՛ունենան ողբերգական արդիւնքներ: Նման մէկէ աւելի պարագաներ արձանագրուած են մէկէ աւելի երկիրներու մէջ աշխարհի տարածքին, իսկ շատեր տակաւին կը յիշեն Եւրոպայի մէջ պատահած նմանօրինակ դէպքեր, յատկապէս Լիվըրփուլ-Եուվենթիւս հանդիպումին, Եւրոպայի ախոյեան ակումբներու մրցաշարքի աւարտական մրցումին Պելճիքայի մէջ, անցեալ դարու ութսունականներու կէսերուն:
Այս գծով նորագոյն դէպքը արձանագրուեցաւ Չորեքշաբթի երեկոյեան, եգիպտական Պոր (Փոր) Սայիտ քաղաքի դաշտին վրայ, ուր կայացաւ մրցում մը տեղւոյն Մասրիին եւ երկրի Ափրիկէի զօրաւորագոյն ակումբներէն Գահիրէի Ահլիին միջեւ, եգիպտոսի ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի ծիրէն ներս: Մրցումը աւարտեցաւ Մասրիի յաղթանակով, 3-1 արդիւնքով, իսկ վերջին 7 տարիներու ախոյեան Ահլի կրեց ընթացիկ ախոյեանութեան գծով իր առաջին պարտութիւնը:
Սակայն անսպասելին պատահեցաւ մրցումին աւարտը ազդարարող իրաւարարի սուլիչին հետ, երբ Մասրիի մեծ թիւով համակիրներ դաշտ խուժելով սկսան հալածել Ահլիի խաղացողները եւ անոնց մարզական մարմինին անդամները
Տեղական խումբին քաջալերողները յարձակեցան նաեւ Ահլիի համակիրներուն վրայ, նետելով քար, ապակեայ շիշեր եւ պայթուցիկ նիւթեր, ապա նաեւ բախում ունենալով իրենց դէմ կեցած ոստիկանութեան տարրերուն հետ: Այս չսպասուած յարձակումին արդիւնքը ահաւոր էր` 74 զոհ եւ աւելի քան 1000 վիրաւոր, ըստ բժշկական աղբիւրներու որոնք նշեցին, թէ սուր գործիքներով եւ դանակի հարւածներով յարձակումներու հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ ինկան: Սակայն աւելի ուշ հաղորդուած հաշուեկշիռի մը համաձայն, վիրաւորներուն թիւը աւելի քան 300 է:
Եգիպտական կառավարութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը կազմեց այս ցաւալի դէպքին ծալքերը բացայայտելու համար, իսկ երկրին մէջ յայտարարուեցաւ եռօրեայ սուգ: Հաղորդուեցաւ, թէ Պոր Սայիտի ապահովութեան տնօրէնը պաշտօնանկ եղած է այս դէպքին հետեւանքով: Բանակը տարածուեցաւ Պոր Սայիտի տարբեր շրջաններուն մէջ: Որոշուեցաւ ախոյեանութեան մրցաշարքը առկախել անորոշ ժամանակով: Ահլիի գլխաւոր մարզիչ փորթուկալցի Մանուէլ Ժոզէ, դէպքերուն լոյսին տակ իր երկիրը վերադարձաւ:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































