- ՄարզականՆալպանտեան 8 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ:
21.01.2012Երէկ, 20 յունուար 2012-ին Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կազմակերպիչները իրենց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 8 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ՝ նկատի ունենալով, որ ան ամերիկացի Ճոն Այզնըրէն իր կրած պարտութենէն ետք, ջուր թափած էր մրցաշարքին կազմակերպիչներէն կարգ մը անձերու վրայ՝ չկարենալով զսպել իր զայրոյթը, մանաւանդ որ օրուան իրաւարարը կատարած էր սխալ մը՝ ի հեճուկս Նալպանտեանի:Արոնեան յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին՝ Հաշիմովին:
21.01.2012Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ, 20 յունուար 2012-ին հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ պարտութեան մատնեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցը՝ Վուկար Հաշիմովը, որ կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը: Արոնեան, որ իր այս յաղթանակը արձանագրեց 52-րդ շարժումին, այժմ ապահովելով մրցաշարքի իր 4,5 կէտը, կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:Էտկար Մանուջարեանը պէտք է կամ ամբողջ ուժով նուիրուի ֆութպոլին, եւ կամ՝ տեղ չունի հաւաքականին մէջ:
19.12.2011
« Նախորդը 1 2 3 Հաջորդ էջ »
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ







































