- ՊԱՅՔԱՐ ՅՈԳՆԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Երբ յոգնած էք կամ սպառած` գործադրեցէք հետեւեալ առաջարկներէն մէկը:

Գիտէք, որ Մարաթոնի չէք մասնակցած, ոչ ալ լեռ մագլցած եւ նոյնիսկ չափազանց սպառիչ գործ մը չէք կատարած, այնուամենայնիւ օրուան աւարտին կատարեալ սպառած կը զգաք: Այո՛, այդ մէկը գերլարուածութիւնն է: Այս վերջինը ձեզի ֆիզիքապէս եւ մտային իմաստով սպառած ու «վերջացած» կը յայտարարէ: Այս վիճակին մէջ ոչ կրնաք ընկերային ձեր պարտաւորութիւնները կատարել եւ ոչ ալ կիրառել ձեր նախասիրութիւնները, որոնք ձեզ երջանիկ կը պահեն: Զբօսանքի զանգը հնչած է: Ձեզի յարմարող յոգնածութեան դէմ պայքարող մեթոտը ընտրեցէ՛ք ու աշխատանքի լծուեցէ՛ք.
1- Մարզանք ըրէք: Կրնայ ըլլալ այս մէկը «փառատոքսային» (յարակարծական) թուի ձեզի: Այնքա՛ն յոգնած կը զգաք, որ հազիւ դուք ձեզի տուն կ՛առաջնորդէք : Այո՛, իրականութեան մէջ մարզանքը հիմնական ձեւերէն կը համարուի յոգնածութեան դէմ պայքարելու: Յաւելեալ շարժումը եւ ոչ թէ նուազը մարմինի ջերմեռանդը (energy) կը բազմացնէ անհաւատալի չափերով: Կարելի է նոյնիսկ տան հանգիստ պայմաններուն մէջ մարզանք ընել եւ նոյն օգուտը քաղել, ինչ որ պիտի ստանայիք մարզասրահ յաճախելով: 8-10 փաունտ կշիռք գնեցէք եւ ձեր բազուկները աշխատցուցէք հեռատեսիլին առջեւ նստած պահուն:
2- Քնացէք: Շատ պարզ կը թուի այս խրատը, բայց իրապաշտ մօտեցումով պատասխանեցէ՛ք: Ժամը քանիի՞ն կը քնանաք: Յաճախ գիշերային հանգիստ քունով կը կշտացնէ՞ք ձեր մարմինն ու ուղեղը: Եթէ ուշադրութեամբ հետեւիք ձեր քնանալու սովորութեան պիտի նկատէք, թէ յաճախ ուշ ժամերուն քնանալով ձեր մարմինը կը զրկէք շատ մեծ բարիքէ մը: Անհրաժեշտ է քունի ժամը ճշդել եւ ապա այդ ժամը միշտ յարգել:
3- Առողջապահական սննդականոն: Ճիշդ է, որ շաքարեղէն պարունակող ուտելիքները եւ կամ «քաֆէին» ունեցող թեթեւ զովացուցիչները աշխուժութիւն կը պարգեւեն, բայց այդ մէկը շատ ժամանակաւոր է: Ընդհակառակը, անոնց ազդեցութիւնը անցնելէն անմիջապէս ետք, դուք ձեզ այնքա՛ն սպառած պիտի զգաք, որքան որ պիտի զգայիք ամբողջ օրուան մը ծանր աշխատանքէն յետոյ: Ուրեմն ինչո՞վ փոխարինել այդ թեթեւ ժումերը: Փորձեցէ՛ք չոր ծիրանը եւ անոր հետ միասին մօտաւորապէս մէկ օզ. չոր նուշ: Այս երկուքին սպառումով կրնաք ստանալ ձեր առօրեայ A կենսանիւթի պահանջքին 50 տոկոսը, իսկ երկաթի պահանջքին 20 տոկոսը: Կարելի է նաեւ չամիչ եւ մածուն կամ թարմ դեղձ մը ուտել եւ կամ այլ սննդարար թեթեւ ուտելիքներ:
4- Աչքի զովացուցիչներ: Թերեւս այս մէկը քիչ մը տարօրինակ եւ խնդալիք թուի ձեզի: Կարեւորը սակայն դուք անոնց գործածութեամբ լաւ պիտի զգաք: Աչքի յատուկ զովացնող դիմակները, իրենց մէջ կը պարունակեն պաղ «ճել»եր: Սառնարանը պահեցէք քանի մը հատ եւ օրուան աւարտին յոգնած ու համակարգիչին շլացնող լոյսէն այրած ձեր աչքերուն վրայ զետեղեցէք զանոնք: Տեսքը տարօրինակ է, բայց զգացումը` հոյակապ:
5- Երաժշտութեան ապաւինեցէք: Ընտրեցէք այն երաժշտութիւնը, որ ձեզի ուժ ու եռանդ կը պարգեւէ: Յիշեցէք այն օրերը, երբ կրնայիք մինչեւ լոյս բարձր երաժշտութեան ընկերակցութեամբ անընդհատ ցատկելով պարել: Բնական է այդ օրերը անցած են, սակայն կան տակաւին երաժշտութիւններ, որոնք կրնան վերանորոգել ձեր էութիւնը:
6- Ձեր դէմքը մաքուր պահեցէք: Յատուկ դէմքի օճառներով, որոնք զանազան բոյսերու խտացուած հիւթեր կրնան պարունակել, մաքրեցէք ու լուացէք ձեր դէմքը եւ մաքուր զգացումը վայելեցէք:
7- Երբեմն ո՛չ ըսէք: Շատ ծանրաբեռնուած էք եւ ձեր կարողութիւններէն վեր կը զգաք ձեր պարտաւորութիւնները: Ո՛չ ըսելը դժուար է ձեզի համար: Ընտրեցէք «ոչ»ին դրական ձեւը: Ըսէք. «Շատ կը փափաքիմ ծնողաուսուցչական կազմին անդամակցիլ, սակայն չափազանց զբաղած ըլլալուս համար կը նախընտրեմ այդ մէկը իրագործել յաջորդ ամիս»: Այսպէս, կտրուկ «ոչ»էն անցաք նուրբին:
8- Լուացէ՛ք ձեր յոգնածութիւնը: Տաք լոգանքը կը թուլցնէ պրկուած մկանները եւ կը հեռացնէ գերլարուածութիւնը: Տաք լոգանքը նաեւ կ՛օգնէ օրուան տագնապալից պահերէն հեռանալու եւ գոնէ իրիկուան աւելի հանգիստ զգալու եւ անպայման` աւելի լաւ քնանալու:
9- Մասնագէտ բժիշկին դիմեցէք: Եթէ ձեր յոգնածութիւնը յարատեւ է եւ այլ ախտանշաններ ալ ունիք, ինչպէս չքնանալը կամ շատ քնանալը եւ կամ ձեր սիրած բաներու նկատմամբ հետաքրքրութեան պակասը, անհրաժեշտ է դիմել բժիշկի խորհուրդին: Այս նշանները կը պատկանին գերճնշուածութեան, որուն դարմանումը մասնագէտի միջոցաւ պէտք է կատարել:
10- Քալեցէք: Դադար մը առէ՛ք ձեր գործէն ու տասը վայրկեան քալեցէք: Թարմ օդը կը պայծառացնէ ձեր միտքը եւ մշուշոտ զգացումներէ հեռու կը պահէ ձեզ: Հաւատացէ՛ք քալելը նոյնիսկ կ՛օգնէ ձեզի մելամաղձոտ վիճակէն դուրս գալու: Տիուք համալսարանի բժշկական բաժինի նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, թէ օրական 10 վայրկեան քալելը կը նպաստէ գերճնշուած մարդոց դարմանումին: Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է ոչ գործօն, ճնշուած եւ 50էն վեր մարդոց վրայ: Ճիշդ 8 վայրկեան քալելէ ետք, այդ մարդոցմէ 82 տոկոսը հաստատած է, թէ աւելի նուազ լարուած, յոգնած եւ բարկացած կը զգայ:
Ուրեմն այս բոլորը` առողջ եւ ուրախ ապրելու համար:
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































