- ԱՐԵԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ԵՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդու արեան խումբը կը համարուի այն բանալին, զոր գիտնալով կրնանք կրահել անհատի մը առանձնայատկութիւնը, որպէսզի պահպանենք անոր առողջութիւնը, երկարակեցութիւնը, Ֆիզիքական աշխուժութիւնն ու մարմնի կշիռքի կարքաւորումը առանց որեւէ սննդականոնի հետեւելու: Ամէն անգամ երբ որոշ տեսակի եւ քանակի սնունդ ընկալենք մարմնին մէջ յատուկ քիմիական փոխազդեցութիւն կը յառաջանայ յատկապէս արեան բջիջներու եւ սնունդի բաղադրութիւններուն միջեւ: Այս իրադարձութիւնը տեղի կունենայ մեր նախնիներէն ստացած ժառանգական տուեալներու շնորհիւ, որոնցմէ սննդանիւթերը մարսելու ընդունելութիւնը կը փոխանցուի: Մարդիկ որոնք կեանքի ընթացքին իրենց արեան համապատասխան սնունդի հետեւած են, ոչ միայն յաջողած են իրենց կշիռքը առանց սննդականոնի կանունաւորել, այլ նաեւ կրցած են բազմաթիւ երկարատեւ հիւանդութիւներ կանխարգիլել: Ուտելիքները ընդհանրապէս զանազան խումբերու կը բաժնուին: Կան չէզոք սննդամթերքները, որոնք պէտք է օգտագործել քիչ քանակով եւ ոչ յաճախ: Արգիլուած սնունդը չի նշանակեր, թէ օգտագործման պարագային կը յառաջացնէ թունաւորում կամ որեւէ նկատելի փոփոխութիւն է` այլ ան կը նպաստէ աւելորդ կշիռքի յաւելման եւ որոշակի հիւանդութիւններու նախատրամադրուածութեան:Օ ԽՈՒՄԲ.

Այս արեան խումբը անենահինը կը նկատուի: Օ խումբին պատկանող անհատներուն համար փրոթէյինը հիմնական սնունդը կը նկատուի: Անոնց համար մսեղէնները հիմնական սննդական կենսանիւթ կը նկատուին: Առաւելաբար, անոնց համար Ֆիզիքական աշխատանքը հիմնական է, որովհետեւ երբ Ֆիզիքական աշխատանք կատարեն անոնք աւելի առողջ կը զգան: Անոնք ստամոքսի բարձր թթուայնութիւն կ?ունենան եւ զօրաւոր մարսողական համակարգ: Այս անհատները թայրոյտ հորմոնի անբաւարարութեան հետեւանքով գիրութենէ, հեղուկի կուտակումէ եւ յոգնութեն կը տառապին: Իրենց յարմարագոյն ուտելիքը ոչխարի եւ կովու միսն է, ինչպէս նաեւ հաւու լիարդն ու կենդանիներու երիկամը: Անհրաժեշտ է խուսափիլ խոզի միսէն, խոզի ապուխտէն, կաթնեղէնէն ու հաւկիթէն: Օգտակար է փրոթէյինով հարուստ կաթն ու պանիրը: Այս խումբին պատկանող կիները քալսիումի պէտք ունին: Պէտք է նարինջի, կաղամբի եւ խնձորի հիւթերէ, ելակ, խնձորի քացախ, սմբուկ, սունկ, ձիթապտուղ, գետնախնձոր, սեւ եւ սպիտակ պղպեղէ եւ քէչափէ խուսափիլ: Օգտակար են նաեւ այոտինով հարուստ ուտելիքները` ինչպէս սալմոնը, սարտինը, կարմիր ձուկը, մասուրը եւ կանաչ բանջարեղէններէն հազարը, կարմիր կաղամբը, պրոքոլին, շոմինը, պամեան, սոխը եւ ազատքեղը: Թոյլատրելի է ուտել ընկոյզ, նուշ, կաղին, սիսեռ, կանաչ լուբիայ, մեղր եւ տուրմ:
A ԽՈՒՄԲ. Այս խումբի պատկանողները եղած են առաջին հողագործութեամբ զբաղողները ապա առաջին բուսակերները: Անոնց ինքնապաշտպանութեան համակարգը զգայուն է եւ յաճախ շաքարախտի ու քաղցկեղի հիւանդութիւններէ տառապելու երթակայ են: Ճիշտ սննդականոնի հետեւելով անոնք կրնան այս հիւանդութիւններէ փրկուիլ: Անոնց համար բուսականութիւնը յարմարագոյն ուտելիքն է: Անոնք դիւրութեամբ միսն ու կաթը չեն կրնար մարսել: Նախընտրելի է ձուկ կամ հաւ ուտել: Այս խումբին պատկանողները քիչ իւղի պէտք ունին: Միսի փոխարէն կրնան ուտել նուշ, ընկոյզ եւ խուսափիլ սիսեռէն, կարմիր չոր լուբիայէն, կանաչ դարմ լուբիայէն, կանաչ պղպեղէն, լոլիկէն, նարինջէն եւ գետնախնձորէն: Անոնք հացահատիկը եւ ոսպի տեսակները մարսելու դիւրութիւն ունին:
B ԽՈՒՄԲ. Այս խումբին պատկանողները մարդկային ցեղախումբերու գաղթի հետեւանքով յառաջացած են: Անոնք ունին բարձր պաշտպանողական համակարգ եւ լաւ մարսողութիւն: Սակայն անոնք ջղային եւ մորթային հիւանդութիւններէ կը տառապին: Յաճախ այս անձերը ոսպի տեսակներ, կորեկ եւ հնդկացորեն ուտելով կը գիրնան որովհետեւ իրենց մարմնին մէջ ջուր կը կուտակեն, ապա մարմնին կշիռքը կաւելցնեն: Նիհարնալ փափաքողները ցորենի եւ ոսպի արտադրութիւններէ պէտք կը խուսափին: Կշիռքի նուազման կը նպաստեն կանաջ բանջարեղէնները, յատկապէս գառնուկի եւ հորթի միսը, ու հաւկիթը: Անոնք մշտական յոգնածութեան զգացումէ կը տառապին: Անոնց չի վնասեր կարագը, դեղին պանիրներն ու քրէմ Ֆրէշը:
AB ԽՈՒՄԲ.
Այս խումբի պատկանող անհատները խառն ամուսնութիւններէ յառաջացած են: Անոնց կշիռքի բարձրացման կը նպաստեն վատ մարսուող եւ ճարպի պէս կուտակուող կարմիր միսը, որ յետագային մարսողութեան հարցեր կրնայ ստեղծել: Անոնց սնունդին մէջ նախընտրելի է գործածել ոչխարի, գառնուկի եւ հնդկահաւի միսեր, Ֆեթա պանիր, ձիթապտուղի ձէթ, շագանակ, ընկոյզ, սմբուկ, կաղամբ, սալորի տեսակներ, սխտոր, անանաս, խաղող եւ կանաչ թէյ: Պէտք է նաեւ խուսափիլ գունաւոր պղպեղ, նարինջ, արմաւ, մանկօ, նուռ եւ պանան ուտելէ: Այս խումբի անձերու կշիռքի նուազման կը նպաստեն ծովային ուտելիքները, կաթնամթերքները եւ կանաչ բանջարեղէնները:Այս էջը պատրաստեց` ԴԱԼԱՐ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































