Zartonk

19 Մայիս

  • ՄԱԿ Կ’ԱՀԱԶԱՆԳԷ ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆԻ ԵՒ ՋՈՒՐԻ ՈՒ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՏԱԳՆԱՊ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՉՈՐՍ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒՆ


    Թէեւ մեր մոլորակին վրայ բնակող ժողովուրդները իրենց ուշադրու֊թիւնը կեդրոնացուցած են քաղաքական խնդիրներու վրայ, սակայն մէկէ աւելի վտանգաւոր տագնապներ պէտք է մտահոգեն աշխարհի ղե֊կավարները եւ ժողովուրդները: Այդ տագնապները կը վերաբերին հացի, ջուրի եւ ելեկտրականութեան կամ ուժանիւնթի պակասին, որ դա֊մոկլեան սուրի նման կախուած կը մնայ մեր եւ մեզի յաջորդող սե֊րունդներու գոյութեան, եթէ ոչ այս կամ յառաջկայ մի քանի տարինե֊րուն, սակայն նախատեսութիւնները յառաջիկայ տասնամեակներուն համար սարսափ կը պատճառեն:

     

    30 Յունուարին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան պատկան գրասենեակը յայտարարութեամբ մը զգուշացուցած է, թէ ժամանա֊կը կը սուրայ վստահեցնելու, որ աղքատութեան մէջ ապրող 3 միլիառ ժողովուրդներուն համար  անկարելի պիտի  ըլլայ հասցնել ուտես֊տեղէն, ջուր եւ վառելանիւթ:

     

    ՄԱԿ-ի մասնագէտներու տեղեկագրին մէջ կը կարդանք. ՙՄինչ աշխարհի բնակչութիւնը 7  միլիառէն 2040-ին պիտի բարձրանայ 9 միլիառի, յաջորդ 20 տարիներուն միջին դասկարգի պահաջները պիտի բարձրանան արագօրէն: 2030 թուականին աշխարհ ուտելիքի 50 առ հարիւր աւելի կարիք պիտի ունենայ, 45 առ հարիւր աւելի կարիք վառելանիւթի եւ 30 առ հարիւր աւելի ջուրի՚:

     

    Այն պարագային երբ աշխարհ ձախողի լուծել այս խնդիրները, 3 միլիառ մարդիկ աղքատանալու վտանգին առջեւ պիտի գտնուին: Ըստ երեւոյթին քաղաքական վճռականութեան պակասին հետեւան֊քով, ոչ շարունակական եւ ոչ ալ արմատական քայլեր կ’առնուին Միացեալ Ազգերու բարձրաստիճան յանձնաժողովներուն մէջ:

     

     

     ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ՏԱԳՆԱՊԸ ... ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

    ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ

     

    Արդարեւ կարկտանով կատարուած  ծրագիրներէն կարելի չէ ար֊դիւնք ստանալ: Աշխարհի ներկայ տնտեսական տագնապը... հնա֊րա֊ւորութիւն կը յառաջացնէ արդիւնաւէտ բարեկարգումներու: Թէեւ 1990-էն ետք աշխարհի վրայ բացարձակ աղքատ պայմաններու տակ ապրող մարդոց թիւը 27 առ հարիւր նուազած է, աշխարհի բնակչու֊թիւնը աճած է 46 առ հարիւրով  1992-էն ետք, սակայն միեւնոյն ժա֊մանակ մարդոց յառաջացեալ  ապրելակերպը եւ սպառումի սովորու֊թիւններու զարգացումը ճնշում յառաջացուցած են բնութեան ար֊տադ֊րած աղբիւրներուն վրայ, ցոյց կու տան ՄԱԿ-ի տեղեկագիրները:

     

    Առաւել կը յայտնուի, թէ մինչ 2000 թուականին 20 միլիոն անհատ֊ներ աւելի նուազ սնուցումի պայմաններու տակ կ’ապրէին: Ամէն տարի 5.2 միլիոն հեքթար անտառներ կը փճացուին, Գոսթա Ռիքայի տարածութեան չափով: Կը շահագործուին հարկ եղածէն 85 առ հարիւր աւելի մեծ քանակութեամբ ձկնեղէններ: Բնածխային կազի (carbon dioxide) արձակումը 1990 էն մինչեւ 2009 ը աւելցած է 38 առ հարիւր եւ որպէս հետեւանք բարձրացուցած է ծովերու մակերեսը` յառաջացնելով ծայրայեղ մթնոլորտ: Արդ Եւրոպական Կլիմայական հարցերու յանձնակատար Գոնի Հետեկաարտ, անդրադառնալով ՙՌիօ Առաւել Քսան՚ համաշխարհային գագաթի 21-րդ դարու զար֊գացումին յատկացուած`   Յունիսին Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք համագումարին, յաջողութիւն ցանկացած է ՄԱԿ-ի ծրագրին:

     

     ՈՒԹԵՐՐՈՐԴ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ 2015 Ի

    ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ... ԵՒ ԱՆԿԷ ԵՏՔ

     

     Յանձնաժողովը ներկայացուցած է թելադրութիւններ, ներառեալ տնտեսական քաղաքականութեան մը զարգացման` կարելի եղածին չափ արագօրէն: Միջազգային կազմակերպութիւններուն  առա֊ջարկուած է կեանքի կոչել ՙմշտական կանաչ յեղափոխութիւն՚, որպէսզի կրկնապատկուին արտադրութիւնները եւ առաջքը առնուի կանաչութիւններու կորուստին:

     

    Հարկ է մինչեւ 2030 տիեզերական եւ յարատեւ ուժանիւթ տրա֊մադ֊րել բոլոր երկիրներուն: Հարկ է մինչեւ 2020 բնածխային ուժա֊նիւթերու վրայ տուրք եւ այլ կանոններ  հաստատել: Հարկ է ֆինան֊սական եւ վարկային դրութիւնները բարեկարգել եւ ուժ տալ երկար ժամանակ առնող նախաձեռնութիւններու: Դադրեցնել ապարդիւն նախաձեռնութիւնները: Ուժ տալ զարգացման եւ արտածումներու ուժ տուող դրամատուներուն:

     

    ԵՒ ՎԵՐՋԱՊԷՍ...

     

    Հարկաւոր է, որ կառավարութիւնները եւ գիտնականները զար֊գացնեն յարաբերութիւնները քաղաքականութեան ու գիտութեան միջեւ: Քննութեան ենթարկել գիտութիւնը մթնոլորտային պայման֊ներուն ի տես, իսկ հարկ է, որ Միացեալ Ազգերը  նշանակեն գիտա֊կան հարցերու  խորհրդատու մը, կ’եզրակացնէ ՄԱԿ-ի հրապարակած ահազանգը:

     

    Թէ Հայաստան ո՞ւր կը գտնուի յառաջիկայ 40 տարիներուն համար ՄԱԿ-ի ներկայացուցած նախատեսութիւններուն մէջ, կրնանք ըսել, որ Հայաստան արդէն իսկ սկսած է հետեւիլ ներկայացուած առա֊ջարկ֊ներուն: Հայաստանի համար որպէս տնտեսական ուղիղ ճանա֊պարհ, արդէն կը գործադրուի հազարամեակի մարտահրաւէրի ծրագիրները: Ճանապարհներ բացուած են եւ կը բացուին դէպի հեռաւոր եւ մօտաւոր գիւղերը ու ցանքի յարմար տարածութիւնները: Նոյն եւ այլ ծրագիրներով ջրաբաշխական խողովակներ կը հասնին դէպի գիւղերը եւ երկրագործական տարածութիւնները: Հունձքը համեմատաբար առատ է երկրագործութեան մարզին մէջ: Հողագոր֊ծին համար տակաւին արտադրութիւններու վաճառքը եւ արտա֊ծումը կը մնան թերի:Հարկաւոր է փոխադարձ գործակցութիւն, հողագործներուն, դրամատէրերուն եւ կառավարութեան միջեւ:

     

    ԿԱՐՊԻՍ  Ն.  ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ 

     

    ՙԱ՛յ տղայ, զարմանալի զարմանք է Սայեաթ-Նովան, ամէն օր կրնաս անոր խաղերը կարդալ եւ ամէն օր նոր բան մը գտնել, կարծես երէկ չէիր կարդացած...: Սայեաթ-Նովան անտակ ծով է, ծով, ան հո՜ մեզի նման չէ նստած, թէ բանաստեղծութիւն կը գրեմ, անորը արդէն գրուած է...՚:

    Այսօր սայեաթնովագիտութիւնը դուրս եկած է մասնագէտներու նեղ շրջանակէն, թէեւ Սայեաթ-Նովան միշտ եղած էր ժողովրդական լայն զանգուածներու հետ: Ազգային գրադարանին մէջ կազմակերպուած Ա. Ասլանեանի ՙՍայեաթ-Նովա՚ աշխատութեան շնորհահանդէսը անցաւ արտակարգ ոգեւորութեան, նոյնիսկ խանդավառութեան պայմաններու մէջ:

     

    ԵՈՒՐԻ Ա. ՍԱՀԱԿԵԱՆ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը