Zartonk

18 Մայիս

  • ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ


    ՍԱՆԱԱ (Եմէն)

    Եմէնի նոր վարչապետ դարձաւ ընդդիմութեան առաջնորդ Մոհամմատ Պասինդուան: Համապատասխան հրամանագիրը ստորագրեց Եմէնի փոխ նախագահ Ապտ Ռապպօ Մանսուր ալ Հատին: Պասինդուանը Եմէնի ապստամբութեան առաջնորդներէն է, այժմ կը պատրաստուի ձեւաւորել անցումային կառավարութիւնը, որ պիտի ղեկավարէ երկիրը մինչեւ 2012-ի Փետրուար ամիսը, երբ տեղի պիտի ունենայ արտահերթ նախագահական ընտրութիւն: Ան Սալեհի կառավարութեան ժամանակ եղած էր երկրին արտաքին գործոց նախարարը, սակայն 2001-ին լքած էր իշխող իշխանութիւնը ու անցած ընդդիմութեան կողմը: Յիշեցնենք որ 23 Նոյեմբերին, շուրջ 9 ամիս շարունակուող յուզումներէն յետոյ, Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ ստորագրած էր Ծոցի արաբական երկիրներու խորհուրդի նախաձեռնած համաձայնագիրը, որով իշխանութիւնը կը փոխանցէր երկրի փոխ նախագահին, փոխարէնը ստանալով անկախութեան յստակ երաշխիքներ: Իշխանութեան փոխանցումը դրական արձագանք գտաւ Արեւմուտքէն:

    ՊԱՆՔՈԿ (Թայլենտ)

    Թայլենտի վարչապետ Եինկլակ Չխնավատին փոխադրուեցաւ Պանքոկի հիւանդանոցներէն մէկը` սննդային թունաւորումի ախտորոշմամբ: Կառավարութիւնը այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց այս ուղղութեամբ: Միայն յայտնի է, որ վարչապետին մասնակցութեամբ 29 Նոյեմբերին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստը վարեց անոր տեղակալը:

    ԳԵՐՄՈՒՇ (Պատմական Հայաստան)

    Թրքական կառավարութեան որոշումով Շանլըուրֆայի հայկական Գերմուշ (Կարմուճ) գիւղն ու այդ գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին յայտարարուեցաւ զբօսաշրջիկութեան գօտի: Այս լուրը նշուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջիկութեան նախարարութեան Շանլըուրֆայի նահանգային վարչութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ: Թրքական “Հապէր” լրատուամիջոցը կը նշէ, որ հայկական գիւղն ու եկեղեցին զբօսաշրջիկութեան գօտի վերածելու մասին նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է երկրին մշակոյթի եւ զբօսաշրջիկութեան նախարարութիւնը, իսկ նախարարներու խորհուրդը հաւանութիւն տուած է այդ նախաձեռնութեան:

    ՊՐԻՒՔՍԷԼ (Պելճիքա)

    Պելճիքայի Նոր Ֆլաման Միութիւն կուսակցութեան երկու անդամներ, երկրի խորհրդարանին յղած են դիմում մը, ուր կը պահանջուի ազատ արձակել Թուրիքոյ մէջ վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին ձերբակալուած քրտամէտ գործիչները, որոնց մէջ կան մեծ քաղաքապետներ եւ քիւրտ ղեկավար Ապտալլահ Օճալանի փաստաբանները: Երեսփոխանները նաեւ կը պահանջեն, որ հիմնուի “ճշմարտութեան ու համաձայնութեան յանձնախումբ” մը, ուր իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ Օճալանը եւ կը շեշտեն, թէ քրտական տագնապին լուծումը պէտք է նախապայման դառնայ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնելու գործընթացքի: Անոնք նաեւ կը շեշտեն, թէ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը ոչ թէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, այլ քիւրտերու իրաւունքները պաշտպանող քաղաքական կուսակցութիւն, եւ կը պնդեն, թէ Թուրքիա բնակող 14 միլիոն քիւրտ ժողովուրդին պէտք է տրուի փոքրամասնութեան կարգավիճակ:

    ԹԻՖԼԻՍ (ՎՐԱՍՏԱՆ)

    29 Նոյեմբերին նախագահ Սահակաշվիլին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Վրաստան այցելութեան առթիւ յայտարարած է, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները ոչ միայն բարեկամական են, այլեւ գործնական: “Մեր յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ խնդիր չկայ: Մեզի համար կենսականօրէն կարեւոր է, որ Հայսատանը դառնայ ինքնուրոյն, վստահ եւ ուժեղ երկիր, որ նաեւ Վրաստանի յուսալի գործընկերն է: Վրաստանի նախագահը նաեւ նշած է, որ հայ-վրացական յարաբերութիւններու բարելաւումը այս տարիներուն բացառիկ է, ոչ մէկ բախում ունեցած են հայեր եւ վրացիներ ցարական թէ խորհրդային տարիներուն իսկ: Միայն վերջին տարուան ընթացքին 600 հազար հայաստանցի քաղաքացիրներ կտրած են Վրաստանի սահմանը: Այդ կը նշանակէ, որ Հայաստանի բնակչութեան զգալի մասը կ՛օգտուի հայ-վրացական սահմանէն:

    ՓԷՅՃԻՆԿ (Չինաստան)

    Չինաստանի իշխանութիւնները գիւղական շրջաններու բնակիչներու համար աղքատութեան նոր վիճակ սահմանած են: Այսուհետեւ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ ապրողներ կը համարուին անոնք, որոնց եկամուտը օրական մէկ տոլարէն պակաս է կամ 6.5 Եուան: Անցեալ տարուայ տուեալներու համաձայն Չինաստանի նահանգներու մէջ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ կ՛ապրէին 27 միլիոն չինացիներ: Վերոնշեալ նորարարութիւնը միլիոնաւոր մարդոց թոյլ կու տայ պետական նպաստներ եւ արտօնեալ վարձկեր ստանալ անվճար եւ մասնագիտական դասընթացքներ յաճախել: Միջազգային հանրութիւնը Չինաստանին յաճախ կը քննադատէ աղքատութեան ցածորակ չափանիշ ունենալու համար: Այժմ արդէն Չինաստանը առաւելագոյն չափով կը մօտենայ համաշխարհային դրամատան սահմանած ցուցանիշին, որուն համաձայն օրական աշխատավարձքի նուազագոյն թոյլատրելի չափ կը համարուի 1.25 տոլարը:

    ԼՈՆՏՈՆ (Անգլիա)

    Հանրայայտ Հէրի Փոթըրի դերակատար Տէնիէլ Ռիտգլիֆ կրկին կը գլխաւորէ մինչեւ 30 տարեկան անգլիացիներու ամենահարուստ 30 աստղերու ցուցակը: Անոր դրամագլուխը կը գնահատուի 51.8 միլիոն սթերլինկ (80 միլիոն տոլար): Անոր եկամուտները նախորդ տարուան համեմատ աւելցած են մէկ միլիոն սթերլինկով: “Հէրի Փոթըր” ֆիլմի 21 եւ 23 ամեայ դերասաններ Էմմա Ուսթսոնը եւ Ռոպերթ Կրետը նոյնպէս յայտնուած են առաջին հնգեակի մէջ: Անոնք կը գրաւեն աղիւսակի 4-րդ եւ 5-րդ տեղերը, համապատասխանբար 23.9 եւ 21.7 միլիոն սթերլինկ հարստութեամբ: Երկրորդ տեղն է 26 ամեայ դերասանուհի Կերա Նայթլին 30.9 միլիոն սթերլինկ հարստութեամբ: Երրորդ հորիզոնականը “Մթնշաղ” ֆիլմի 25-ամեայ դերասան Ռոպերթ Փաթինսընը` 24.9 միլիոնով: Այս օրերուն Անգլիոյ մէջ հարստանալու միակ երաշխաւորումը դերասանութեան մէջ է... դժբախտաբար:

    ԳԱՌՆԻ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը