- ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՏԻ ՍԻ (Միացեալ Նահանգներ)
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՏԻ ՍԻ (Միացեալ Նահանգներ)

Գոնկրեսական Կէպրիէլ Կի֊ֆըրտ լքեց իր պաշտօնը` շարու֊նակելու համար իր բուժումը:Ան ենթարկուած էր յարձակումի անցած տարի: 29 Յունուարին Գոնկրեսի մէջ երբ նախագահ Օպաման կու տար 2011-ի տա֊րեկան իր զեկուցումը, յոտնկայս ընդունելութեան արժանացաւ: Արիզոնայի Դեմոկրատ գոնկր֊ե֊սական տիկինը վիրաւորուէր էր անցեալ տարի 8 Յունուարին Տուսոնի մէջ` հրապարակային միջոցառման ժամանակ: Անյայտ ան֊ձը մօտեցեր էր եւ կրակեր անոր վրայ: 22-ամեայ Ճերըտ Լի Լոֆնըր, նոյն տեղը սպաններ էր 6 մարդ եւ վիրաւորած` 10: Արիզոնայի դա֊տարանը Լոֆնըրը անմեղունակ ճանչցած էր: Նշենք, որ Կիֆըրտը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին կողմնակիցներէն էր:
ԹԵՀՐԱՆ (Պարսկաստան)
Ամերիկեան տոլարին նկատմամբ Իրանի ազգային դրամանիշը վերջին մէկ ամսուան ընթացքին զգալիօրէն արժեզրկուած է, 24 Յունուարի տուեալներով մէկ տոլարը կը փոխանակուէր 20,500 իրանեան ռիալով, մինչ ամիս մը առաջ մէկ տոլար կարելի էր ստա֊նալ 11,500 ռիալով: Հակառակ այս իրողութեան պաշտօնական փո֊խարժէքը (մէկ տոլարի դիմաց 14 հազար ռիալ) չէ փոխուած, սակայն այդ փոխարժէքով դրամ ձեռք բերելը անհնար է: Անցեալ շաբաթ հաղորդուած էր, թէ ոստիկանութեան կողմէ փողոցային փոխանա֊կողներու զանգուածային ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած են: Իշխանութիւնները անոնց գործունէութիւնը անօրինական յայտարա֊րած են:
ՕՏԵՍԱ (Ուքրանիա)

Ֆրանսայի նախագահ Նի֊քոլա Սարքոզիի որդին` Փիեռ Սարքոզի հիւանդութեան պատճառով տեղափոխուած է Ուքրանիոյ Օտեսա քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկը: Նա֊խօրէին Փիեռ ներկայ գտնուած է Օտեսայի ՙՉայքովսքի՚ ճա֊շարանին մէջ կազմակերպը֊ւած խնճոյքին, որմէ յետոյ վատ զգացած եւ հիւանդանոց տեղափոխուած է: Ուքրանա֊կան լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ 25 Յունուարին նախագահին որդին մասնաւոր օդանաւով տեղափոխեցին Ֆրանսա: Միաժամա֊նակ Ուքրանիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնա֊կան ներկայացուցիչ Օլէկ Վոլոշին յայտարարեր է, թէ առաջին անգամ կը լսէ, որ Ֆրանսայի նախագահին որդին Օտեսա կը գտնուի:
ԼԱՀՈՐ (Փաքիստան)
Այս քաղաքի մէջ առնուազն 70 մարդ զոհուած է վարակուած դեղերու պատճառով: Բոլոր մահացողները տառապած են սրտի մկանային հիւանդութիւններով, կը գրէ ՙՊի.Պի.Սի.՚ն: Իշխանութիւն֊ներու տուեալներով` մահուան պատճառը անվճար դեղերու խմբա֊քանակն է, որ պետական հիւանդանոցէն ստացուած է: Բժիշկ֊ները մտավախութիւն ունին, որ մի քանի տասնեակ հիւանդներու կեանքը նոյնպէս վտանգուած է: Ձերբակալուած են քաղաքի երեք դեղագորածական ընկերութիւններու սեփականատէրերը:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՏԻ ՍԻ (Միացեալ Նահանգներ)
24 Յունուարի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Գոնկրեսին առջեւ իր տարեկան ճառին ընթացքին անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ երկրին հարուստ քաղաքացիները պէտք է տուրքերու իրենց բաժինը վճարեն` լուսարձակի տակ պահե֊լով Հանրապետական նախագահական թեկնածու Միթ Ռամնիի կող֊մէ իր անձնական տուրքերուն մասին հրապարակուած տուեալները, ըստ որոնց ան միայն 13.2 տոկոս դաշնակցային տուրք վճարած է 2010-ին 21.6 միլիոն եկամուտ ապահովելէ ետք: Օպամա խօսեցաւ արդի արհեստագիտութեամբ ճարտարարուեստին զարկ տալու կարեւորութեան մասին եւ դրական համարեց այն իրողութիւնը , որ ուժանիւթի տեղական արտադրութեան աճին շնորհիւ` զգալիօրէն նուազած է երկրին կախուածութիւնը ուժանիւթի արտաքին աղբիւր֊ներէն: Արդարեւ մինչ 2006-ին երկիրը կը ներածէր իր ուժանիւթին 60 տոկոսը, այդ համեմատութիւնը 49 տոկոսի իջած է, իսկ յառաջիկայ երկու տասնամեակներուն կրնայ 35 տոկոսի իջնել: Օպամա նաեւ շեշտեց, թէ տնտեսութիւնը սկսած է աշխատանքի նոր կարելիութիւն֊ներ ստեղծելու` սգալիօրէն նուազեցնելով անգործութեան համեմա֊տութիւնը, սակայն ընդունելով, թէ ժամանակին երկարատեւ աշխա֊տանք պէտք է տարուի կացութիւնը բարելաւելու համար:
ՊԱՔՈՒ (Ազրպէյճան)
Թուրքիոյ փոքր եղբայրը կը միանայ Ֆրանսայի դէմ պոյքոթին: Ազրպէյճանական ՙMeda FM՚ ռատիոկայանը արգիլեր է իր եթերէն ֆրանսերէն լեզուով, կամ ֆրանսացի երգիչ-երգչուհիներու կատար֊մամբ որեւէ երգ հնչեցնել: Ինչպէս յայտներ է ռատիօընկերութեան գործադիր տնօրէն Թուրալ Ալինը` քանի տակաւին Ֆրանսայի Ծերա֊կոյտը չեղեալ չէ համարած Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը, այդ արգելքը պիտի մնայ ոյժի մէջ: Յիշեցնենք, որ այս նոյն ռատիոկայանը 2009-ին, երբ կը խօսուէր հայ-թուրքական սահմանի հնարաւոր բացման մասին, արգելք դրած էր նաեւ թուրքական եւ թուրք կատարողներու երգերուն վրայ:
ԹԵՀՐԱՆ (Պարսկաստան)
Իրանի տեղեկատուութեան նախարար Հէյտար Մոսլեհին յայտա֊րարեց, որ ընտրութիւններու նախաշէմին Իրանի թշնամիները պիտի փորձեն ապակայունացնել երկիրը: Իրանցի նախարարը մանրամաս֊նած է, որ յառաջիկային Իրանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին արտաքին ուժերը երկրէն ներս ան֊կարգութիւն յառաջացնելու եւ ընտրութիւններու արդիւնքները կաս֊կածի տակ առնելու նպատակով շարք մը ծրագիրներ մշակած են: Հէյտար Մոսլեհիին խօսքով անոնք նպատակ ունին անհանգստու֊թիւններ յառաջացնելու հասարակական կեանքէն ներս, բորբոքել քաղաքական մթնոլորտը, հրահրել յարանուանական բախումներ, իրականացնել տեղեկատուական պատերազմ, յաւելեալ պատժամի֊ջոցներ սահմանել, եւայլն...: Նկատենք, որ Իրանի Մէճլիսի (խորհրդա֊րան) ընտրութիւնները պիտի կայանան 2 Մարտին:
ԹԵԼ ԱՒԻՒ (Իսրայէլ)

24 Յունուարին Քնեսէթի (խորհրդարանի) խօսնակ Ռէուվին Ռի֊վլինը յայտարարեց, որ Իսրայէլը իրաւունք չունի անտեսելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս եւ ժողովուրդի այլ զանգուա֊ծա֊յին սպա֊նու֊թիւն֊նե֊րը: Ան մեկ֊նաբանելով Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ ցե֊ղասպանու֊թիւններու ժխտումը քրէակա֊նացնող օրինագիծի ընդունու֊մէն յետոյ ծա֊գած ի֊րա֊րանցումը, ՙմենք Մաքիավելիի միայն ուժի քաղաքականութիւնը իրականացնելու իրաւունք չունինք: Մենք պէտք է մարդ դառնանք, մենք իրաւունք չունինք ժխտել միւս ժողովուրդներու ողբերգու֊թիւնները` անոնք ըլլան հայեր թէ ուրիշներ, եթէ նոյնիսկ ժխտումը մեզի համար ելք թուի՚, ըսած է խօսնակը:
ԳԱՌՆԻ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































