Zartonk

18 Մայիս

  • ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ


    ԱՆՔԱՐԱ (Թուրքիա)

     

    Թուրքիոյ Իմրալը կղզիին մէջ ցմահ բանտարկուած Փէ.Քէ.Քէ.-ի առաջնորդ Ապտալլա Օճալանին կրկին թոյլ չտուին հանդիպիլ իր փաստաբաններուն հետ: Օճալանի փաստաբանները կը յայտարարեն, որ իրենց կրկին  մերժած են պատճառաբանելով, թէ կղզի տանող նաւը չէ վերանորոգուած: Բանտարկեալի եւ փաստաբաններուն միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 27 Յուլիս 2011-ին, որմէ յետոյ փաստաբաններու բոլոր դիմումները մերժուած են եղած: Եղանակային պայմաններու, նաւու աւերուածութեան կամ անձնակազմնի բացակայութեան պատճառով: Նշենք, որ Փէ.Քէ.Քէ.-ի (Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւն) առաջնորդը բազմաթիւ սպաննութիւններու եւ պայթիւններու կազմակերպման մեղադրանքով ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է եւ իր պատիժը կը կրէ Իմրալը կղզիի բանտին մէջ:

     

    ԹՈՔԻՕ (ՃԱՓՈՆ)

     

    Ճափոնական կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուց վարչապետ Եսիխիկօ Նոտայի պահանջով: Ճափոնի վարչապետը կը պատրաստուի ձեւաւորել նախարարաց նոր խորհուրդ  մը նոր նախարարներու միջոցով, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան աջակցութեան ակնկալիքով: Նոտա որոշեր է ընդունիլ հարկերը խստացնելու օրէնքը: Հրաժարականի գործընթացը հիմնականին մէջ հանդիսաւոր բնոյթ  կը կրէ, քանի որ պարզուեր է, թէ վարչապետը մտադիր է 17 նախարարներէն փոխել միայն 5ը: Պիտի չվերականգնուին պաշտպանութեան եւ պահանջակային շուկայի նախարարները, քանի որ անոնք ենթարկուած են ընդդիմութեան խիստ քննադատութեան` հրապարակային անհարկի արտայայտութիւններ ունենալու համար:

     

    ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ (Փաքիստան)

     

    Փաքիստանի նախագահ Ասիֆ Ալի Զարդարին 13 Յունուարին Տուպայէն վերադարձած է հայրենիք: Նախագահական պաշտօնական յայտարարութեամբ  Զարդարին Տուպայ այցելած է հարսանեկան արարողութեան  ներկայ գտնուելու միայն: Յիշեցնենք, որ այս ամիս Զարդարին մէկ շաբաթով մեկնած է Տուպայ, ուր գացած է բուժման նպատակներով, սակայն կասկածներ յառաջացած էին, թէ ան փախեր էր երկրէն հնարաւոր յեղաշրջումի մը նախօրեակին:

     

    ԱԼ ԱՎԱՄԻԱ (Սուէտական Արաբիա)

     

    Սէուտական Արաբիոյ ոստիկանութիւնը այս գիւղաքաղաքին մէջ կրակ բացած է քաղաքական բանտարկեալներու ազատութիւնը պահանջող շիի ցուցարարներու վրայ: Ալ Ավամիա կը գտնուի երկրին արեւելեան մարզին մէջ: Լրատուութեանց տուեալներով մարդիկ դուրս եկած են բողոքի ցոյցով` պահանջելով ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալներրը, բարեփոխումներ կատարել եւ դադրեցնել  շիիներու նկատմամբ խտրական վերաբերմունքը: Ցոյցը վերածուեր է ոստիկանութեան հետ բախումներու, որու հետեւանքով ստացած  բազմաթիւ վնասներու պատճառով  մէկ մարդ զոհուած եւ մի քանիներ վիրաւորուած են: Անշուշտ Սէուտական իշխանութիւնները ոչ մէկ մեկնաբանութիւն ունեցած են այս առընչութեամբ:

     

    ԱՆՔԱՐԱ (Թուրքիա)

     

     

    Խրխըզիստանի նախագահ Ալմազբեկ Աթամպաեւը Թուրքիա կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին, առաջարկած է վերափոխել այն որոշումը ըստ որու` 2014-էն յետոյ  Մանաս օդանաւակայանը տեղադրուած ամերիկեան ռազմական տարանցիկ կեդրոնը պիտի փակուէր, այլ ան ամբողջութեամբ պիտի վերածուի տարանցիկ փոխադրամիջոցներու քաղաքացիական կեդրոնի: Ան առաջարկեր է Ռուսաստանին եւ Թուրքիոյ եւս մասնակցիլ այդ նախագիծին, ինչպէս նաեւ ատոր կրնան միանալ այլ երկիրներ: Փաստօրէն այդ կը ժխտէ Աթամպաեւի նախընտրական խոստումները, երբ ան կը պնդէր, որ 2014-ին ամերիկեան կեդրոնը պիտի հեռացուի Խրխըզիստանի տարածքէն: Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի 29 Դեկտեմբերին  երկրի նոր նախագահը` Աթամպաեւը իր առաջին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեր էր, որ Խրխըզիստանի միջազգային օդանաւակայանը տեղադրուած ամերիկեան  ՙՄանաս՚ օդային խարիսխը պէտք է փակուի, քանի որ վտանգ կը ներկայացնէ երկրին ապահովութեան:

     

    ՄՈՍԿՈՒԱ (Ռուսաստան)

     

    12 Յունուարի երեկոյեան Մոսկուայի մէջ սրտին հասցուցած դանակի հարուածներով հիւանդանոց կը տեղափոխուի Տաճիկիստանի ընդդիմութեան յայտնի գործիչ, լրագրող Տոտոջոն Աթուվուլոեւը: Այժմ բժիշկները կը պայքարին անոր կեանքին համար: Արդէն կատարուած է վիրահատութիւն: Ըստ ՙինթերֆաքս՚ գործակալութեան լրագրողին, անոր դանակահարեր են ՙՎիաջիօ՚ ճաշարանին մէջ: Հանգամանքները առ այժմ յայտնի չեն: Ան կը սպասէր հանդիպման մը ճաշարանին մէջ, երբ ասիական արտաքինով անյայտ մարդ մը դանակով երկու անգամ հարուածեր էր զոհն: Ան Տաճիկիստանի ՙՎաթանտոր՚ շարժումին առաջնորդն է ու ՙՉարաշիռուզ՚ թերթի գլխաւոր խմբագիրը: Մի քանի տարի առաջ փոխադրուած էր Ռուսաստան: Ընդդիմադիրը կը պնդէր, որ զինք կը հետապնդեն իր քաղաքական հայեացքներուն համար:

     

    ՀԵԼՍԻՆՔԻ (Ֆինլանտա)     

     

     

    Աշխատանքային այցելութեամբ 11 Յունուարին Պաքու գտնուող ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի Ֆինլանտիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Իլքա Քաներկա, ազրպէյճանական ՙԷյ.Փի.Էյ.՚ լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. ՙՖինլանտա կը գիտակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լրջութեան եւ այդ հարցին, թէ այդ տագնապին չլուծուած ըլլալը բացասաբար կÿազդէ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ՚: Ան աւելցուցած է, որ միջազգային հանրութիւնը չի գիտակցիր այդ հակամարտութեան լրջութեան, ուստի պէտք է հիմնախնդիրը դնել միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը: Միջազգային հանրութիւնը կրնայ աշխուժացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ իր մասնակցութիւնը, որովհետեւ Մինսկի խմբակի ջանքերը տակաւին  սպասուած արդիւնքները չեն տար: Պէտք չէ հակամարտութեան կարգաւորումը սահմանափակել միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի  ձեւաչափով, միջազգային հանրութիւնը պէտք է աւելի ներգրաւուած ըլլայ հակամարտութեան կարգաւորման  գործին մէջ, աւելի լաւ պատկերացում ունենայ այդ հիմնախնդրին վերաբերեալ՚, նշած է Քաներկան:

     

    ԳԱՌՆԻ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը