Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլին իր ծննդեան օրը կախաղան նուէր ստացած է:
Այս շարժումը կազմակերպողները նախագահի նստավայրին դիմաց կանգնեցուցած են կախաղանը՝ «Փճացնենք Միխայէլ Սահակաշվիլիի ծննդեան օրը կարգախօսով»:
Ամերիկեան «Apple» ընկերութեան հիմնադիր Սթիվ Ճոպսը յետ մահու արժանացած է ԱՄՆ ձայնագրութեան ազգային ակադեմիայի հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուաւոր «Կրէմի» մրցանակին:
Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութեան Ստամպուլի ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնաժողովի կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցանք համարուող Ցեղասպանութեան ժխտումը չի կրնար համարուիլ խօսքի եւ մտքի ազատութիւն: