- ՍԸԼԷՅՄԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՀՈԼԱՆՏԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման հանդիպեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ:
Ֆրանսայի նախագահը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին« յատկապէս նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Իր կարգին նախագահ Սըլէյման շեշտեց« որ անոր համար կարեւորը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն է եւ երկրին ապահովութիւնն ու ազգային գերիշխանութիւնը պահպանելը:
Նախագահ Սըլէյման շեշտեց նաեւ« որ իրենք լիբանանեան բանակին համար օժանդակութիւններ խնդրած են:
Միւս կողմէ կառավարութիւնը վարչապետարանին մէջ գումարած իր ընթացիկ նիստին ընթացքին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ողջունեց հարաւային Լիբանանի մէջ զոհուած լիբանանցի քաղաքացիներուն եւ մարտիկներուն յիշատակը շեշտելով« որ Լիբանան իրաւունք ունի իր կարելի բոլոր միջոցներով ազատագրելու իր բռնագրաւուած հողերը« որոնք կը գտնուին Շեպաայի« Քֆարշուպայի եւ հիւսիսային Ղաժարի մէջ:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց« որ վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարներուն 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը վաւերացնելու առիթով« յատկապէս գնահատելով այն առաւելութիւնը« որ այդ ծրագիրը լիբանանցի քաղաքացիին յաւելեալ տուրքեր չէ պարտադրած:
Միքաթի մաղթած է« որ խորհրդարանը իր սահմանադրական իրաւունքը գործադրէ` քննարկելով 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը` աւելցնելով« որ կառավարութիւնը պէտք է վաւերացնէ նաեւ ընտրական օրէնքը:
Վարչապետը աւելցուցած է նաեւ« որ կառավարութիւնը մեծ յոյսեր ունի հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ բանակին դիրքաւորումին ունենալիք արդիւնքներէն` ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































