- ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵՑ
Կառավարութեան գումարած նիստին ընթացքին նախագահ Սըլէյ֊ման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանցի քաղաքացիներուն առօրեային վերաբերող հարցերը չքաղաքականացնել, այլ անոնց յարմար լուծումներ գտնել:
Կառավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց բջիջային հեռաձայ֊նի ընկերութիւններուն` ՙԱլֆա՚-ի եւ ՙԷմ. Թի. Սի. Թաչ՚-ի աշխա֊տանքը նկատել տալով, որ տուեալ ընկերութիւնները ընդունած էին հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պայմանները:
Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ ելեկտրական հոսանքի տագ֊նապին հարցը, ապա նախագահ Սըլէյման ընդգծեց, որ Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան նախագահը պէտք է նշանակուի ըստ կարգի ու կանոնի եւ ոչ թէ քմահաճոյքի:
* Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտո֊սի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձու֊թիւններ:
* Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններ:
* Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 400 լ. ոսկիի, իսկ 95 օքթան պենզինի սակը 500 լ. ոսկիի յաւելում:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































