- ԼիբանանեանՍԸԼԷՅՄԱՆ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՇԵՇՏԸ ԿԸ ԴՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
07.02.2012Նախագահ Սլէյման քննարկեց հաղորդակցութեան մարզին վերաբերող զարգացումները:
03.02.2012Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման երէկ, 2 փետրուար 2012-ին ընդունեց Հաղորդակցութեան միջոցներու միջազգային համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը՝ ընկերակցութեամբ՝ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի: Հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հաղորդակցութեան ցանցին մէջ իսրայէլեան գաղտնի լսումներուն վերաբերող հարցեր:Միքաթի. «Պիտի չհրաժարիմ երկրին ծառայելէ»:
03.02.2012Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ, 2 փետրուար 2012-ին նախագահեց Թրիփոլիի նաւահանգիստը ընդարձակելու ծրագիրին գործադրութեան յատուկ ձեռնարկին: Իր խօսքին մէջ Միքաթի ըսաւ, « Եթէ ոմանք համոզուած են, որ մենք պիտի հրաժարինք, ապա անոնք պէտք է իմանան, որ մենք երկրին ծառայելէ պիտի չհրաժարինք: Սակայն արդէն ժամանկն է, որ կառավարութիւնը ըլլայ ներդաշնակ, պատասխանատու, ազդու եւ արդիւնաւէտ իր գործունէութեան մէջ»:Էխհորեսթ. «Լիբանանը պէտք է զերծ պահել շրջանային իրարանցումներէն»:
02.02.2012Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է էական կարեւորութիւն ներկայացնող նիւթերը միացեալ ձեւով քննարկել եւ Լիբանանը շրջանային իրարանցումներէն զերծ պահել՝ ընդգծելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները զգաստ են եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կանխարգիլելու եւ հակակշռի տակ առնելու համար որեւէ «ժայթքում»:Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց կիներուն «ներխուժելու» քաղաքական մարզ:
02.02.2012Արաբ կնոջ օրուան առիթով, նախագահ Սլէյման երէկ, 2 փետրուար 2012-ին յայտնեց, որ ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն երթին մէջ անհրաժեշտութիւն է կնոջ աշխուժ մասնակցութիւնը՝ բոլոր մարզերուն մէջ: Ան նշեց, որ Լիբանան եղած է առաջին պետութիւններէն, որ յարգած է կիներուն իրաւունքը, մինչդեռ արաբական կարգ մը այլ երկիրներ տակաւին այս իմաստով թերացումներ կ՛արձանագրեն: Նախագահը կոչ ուղղեց կիներուն ներխուժելու քաղաքական մարզ, առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը եւ փաստելու իրենք զիրենք՝ ազգային կեանքին եւ պատասխանատուութեան մէջ եւս:
1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 Հաջորդ էջ »
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,504.001 
0.761 
389.261 քլկ. արծաթ
1,176.531 օնց. ոսկի
1,778.45ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ








































































